Ապաքինումը արագացնելու համար բուժանձնակազմը Ֆրանչիսկոս Պապին հրահանգած է լիակատար հանգիստ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ֆրանչիսկոս Պապը հանգիստ ըրաւ բոլոր գիշերը։ Ան տաքութիւն չունի։ Օրուան ընթացքին կատարուած քննութիւնները հաստատեցին շնչուղիներու վարակը։ Բժշկական խնամքը քիչ մը փոխուած է վերջին մանրէաբանական արդիւնքներու հիման վրայ:Այսօրեայ ախտորոշիչ հետաքննութիւններ ցոյց տուին որոշ արժէքներու բարելաւում». Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ, շաբաթ երեկոյեան ժամը վեցի ժամանակները հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր կը տեղեկացուի նաեւ թէ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ընդունած է Սուրբ Հաղորդութիւնը, ապա օրը անցուցած է աղօթելով, կարդալով եւ հանգիստ ընելով։
«Ապաքինումը արագացնելու համար բուժանձնակազմը Ֆրանչիսկոս Պապին հրահանգած է լիակատար հանգիստ, ուստի վաղը, Կիրակի 16 Փետրուարին, Սրբազան Պապը պիտի չգլխաւորէ Մարեմեան Աղօթքը բայց եւ այնպէս ան ուզած է հրատարակել աղօթքի խորհրդածութիւնը» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր կը կարդանք նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեակ է այն մօտիկութեան ու սիրոյ բազմաթիւ պատգամներու մասին, զոր իրեն ուղղուած են, եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ անոնց համար միեւնոյն ժամանակ խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
