Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի Վարչապետին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր` 14 Փետրուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի հանրապետութեան Վարչապետ Ռոպերթօ Ֆիքոյին, որ ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ նշուած է նաեւ, թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, վերահաստատուեցան երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններու փոխադարձ գնահատանքը և նորոգուած միասնական յանձնառումը` ի սպաս ընկերային համախմբութեան։
«Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձան մարդաբանութեան և ընտանիքի և կրթութեան հետ կապուած հարցեր», գրուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա նշուած է թէ զրոյցները խորացան նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու մասին, յատուկ կերպով անդրադառնալով Ուքրանիայի անկայուն վիճակի մասին ու խաղաղութեան հեռանկարներու մասին ինչպէս նաեւ Իսրայէլի ու Պաղեստինի միջեւ դիւրաբեկ զինադադարի ու Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր տագնապի մասին։
Նշենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Վարչապետ Ֆիքոյի միջեւ հանդիպումը տեւեց 30 Վայրկեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
