Լեւոն ԺԴ.ի ողջոյնն ու օրհնութիւնը Հռոմի Թեմին

Սրբազան Պապը նախ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն ողջունեց իր Եպիսկոպոսի աթոռի ստանձնման արարողութեան առիթով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ապա փոխադրուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուր աղօթեց Տիրամօր սրբապատկերին ու Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին մօտ ապա տաճարի պատշգամէն ողջունեց հաւատացեալները
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 Մայիս 2025-ի երեկոյեան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ մատուցած Հռոմի Եպիսկոպոսի իր անդրանիկ պատարագէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Հռոմի Աթոռանիստ Եկեղեցիի կեդրոնական պատշգամէն դուրս գալով ողջունեց այս առիթով հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները ու ողջոյնի խօսքը սկսաւ ըսելով. «Խաղաղութիւնը ձեր հետ»

Լեւոն ԺԴ։
Լեւոն ԺԴ։   (@Vatican Media)

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Հռոմի հասարակութիւն, ինծի համար շատ հաճելի է այստեղ ձեր հետ գտնուիլ այս երեկոյ, այս ծիսական արարողութեան առիթով, որով կատարեցինք աթոռի ստանձնումի արարողութիւնը` որպէս Հռոմի ձեր նոր եպիսկոպոսը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց «ապրիլ հաւատքը յատկապէս Յոբելենական այս տարուան առիթով, որոնելով յոյսը» ու միեւնոյն ժամանակ «մենք ալ դառնալով վկաներ` որ յոյսը կը նուիրեն աշխարհին. Աշխարհ մը, որ շատ կը տառապի, շատ են ցաւերը պատերազմի, բռնութեան ու աղքատութեան պատճառաւ» ըսաւ Ան աւելցնելով, որ Տէրը մեզմէ քրիստոնեաներէն կը խնդրէ ըլլալ միշտ այդ կենդանի վկայութիւնը։ Ապրիլ մեր հաւատքը. Զգալ որ մեր սրտին մէջ Յիսուս Քրիստոս ներկայ է ու գիտակցինք որ Ան մշտապէս կ՜ընկերանայ մեր ուղեւորութեան»։ 

«Շնորհակալութիւն ձեզի միասին քալելու համար։ Միասին քալենք բոլորս, ես ձեզի հետ քրիստոնեայ եմ եւ ձեզի համար Եպիսկոպոս։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Լեւոն ԺԴ։
Լեւոն ԺԴ։   (@Vatican Media)

Ան ապա Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան մէջ գլխաւորեց յատուկ ծիսակատարութիւն մը, որուն աւարտին ծաղկեփունջ մը զետեղեց սրբապատկերի ոտքին, եւ այցելեց մատրան մօտակայքը գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմը, պահ մը լռելեան աղօթելով այնտեղ, հուսկ ուղղուեցաւ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամ ուղտերէն ողջունեց մայր տաճարի կեդրոնական դռան առջեւ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները անոնց եւս ըսելով. «Խաղաղութիւնը ձեր հետ» ապա շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար։

Աղօթք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերն առջեւ
Աղօթք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերն առջեւ   (@VATICAN MEDIA)

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք կ՛աշխատին այս պազիլիքային մէջ, երկու կարդինալները որոնք ինծի կ՛ընկերանան այս երեկոյ ու բոլոր անձերը որոնք նուիրուած են մեր օգնութեան ապրելու համար մեր աղօթքի եւ բարեպաշտութեան կեանքը, եւ որ ամէնէ առաջ մեզի կ՛օգնեն մօտենալու Յիսուսին Մօր, Աստուածամօր, Ամեանաուրբ Կոյս Մարիամին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. գեղեցիկ առիթ նկատելով այս համախմբումը, «նորոգելու համար Մարիամին, Սալուս Փոփուլի Ռոմանիի նկատմամբ բարեպաշտութիւնը` որ բազմաթիւ անգամներ ընկերացաւ Հռոմի Ժողովուրդին ու անոր պէտքերուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց` Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Աստուծմէ հայցելու որ օրհնէ բոլորը ու «մեզի օգնէ քալելու միասին Եկեղեցւոյ մէջ, միացած Աստուծոյ միակ ընտանիքին մէջ»։

Ան ապա հրաւիրեց միասին աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» Տիրամօր նուիրուած աղօթքը հուսկ բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին առջեւ
Աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին առջեւ   (@Vatican Media)

 

Լուրը թարմացուած է ժամը 19,45-ին

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2025, 19:07