Կարդինալ Ռէ . Աղօթենք որպէսզի Աստուած մեզի պարգեւէ Աստուծոյ սիրտին համաձայն նոր քահանայապետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 7 մայիսին, Պապընտիր կարդինալներուն ժողովին առաջին օրը, Կարդինալներուն դասին աւագերէց, կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց «Pro Eligendo Romani Pontifice» Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ պապընտիր ժողովի ծիրանաւորներուն եւ ներկայութեամբ աւելի քան 5000 հաւատացեալներուն։
Կարդինալական դասի աւագ երէց ծիրանաւորը քարոզը սկսաւ մեկնաբանելով Գործ Առաքելոց գիրքէն քաղուած հետեւեալ հատուածը.
«Ամէնքը միասին կը յարատեւէին աղօթքի մէջ, մի քանի կիներուն եւ Մարիամի՝ Յիսուսի մօր եւ անոր եղբայրներուն հետ։ (Գոր- Առաք 1,14)
«Սա այն է, որ մենք նաեւ կը կատարենք Քոնքլաւէն մի քանի ժամ առաջ՝ խորանին վրայ տեղադրուած Տիրամօր հայեացքին ներքոյ, այն պազիլիքային մէջ, որ կը բարձրանայ Պետրոս առաքեալին գերեզմանին վերեւ։
Մեզի միացած կը զգանք, ողջ Աստուծոյ ժողովուրդը իրենց հաւատքի զգացումով, Հռոմի Պապին հանդէպ սիրով եւ վստահ սպասումով։
Մենք այստեղ ենք՝ Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը, Անոր լոյսն ու զօրութիւնը խնդրելու համար, որպէսզի ընտրուի Հռոմի Պապը, որուն կարիքը ունի եկեղեցին եւ մարդկութիւնը՝ պատմութեան այս դժուար եւ բարդ շրջադարձային պահուն։
Աղօթել՝ Սուրբ Հոգին աղերսելով, միակ ճիշդ եւ պատշաճ կեցուածքն է, մինչ ընտրող կարդինալները կը պատրաստուին մարդկային եւ եկեղեցական առաւելագոյն պատասխանատուութեան գործին եւ բացառիկ կարեւորագոյն ընտրութեան. Մարդկային արարք, որուն համար պէտք է հրաժարիլ որեւէ անձնական նկատառումներէն ու սիրտին մէջ ունենալ միայն Յիսուս Քրիստոսի Աստուածն ու եկեղեցւոյ եւ մարդութեան բարօրութիւնը» ըսաւ կարդինալական դասի աւագ երէց ծիրանաւորը, ան ապա շարունակեց քարոզը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը՝ քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն, «Այս՛ է իմ պատուէրս՝ որ զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ (Յովհ 15,12)։
«Աւետարանին մէջ կը հնչուին խօսքեր, որոնք մեզ կը տանին Յիսուսի գերագոյն պատգամ - կտակարանի սիրտին, որ տրուեցաւ իր առաքեալներուն վերնատան մէջ վերջին ընթրիքի երեկորեան. «Այս է իմ պատուէրս՝ որ զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի», (Յովհ 15,13)։ « Գրեթէ ճշդելու համար այն «ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ ցոյց տալու, թէ որքան հեռու պէտք է հասնի մեր սէրը, Յիսուս կը շարունակէ ըսելով «Ոչ ոք ասկէ աւելի մեծ սէր ունի՝ երբ իր կեանքը կու տայ բարեկամներուն» (Յովհ 15,12)։ «Յիսուսի բացայայտած սէրը սահմաններ չի ճանչնար եւ պէտք է յատկանշուի Անոր բոլոր աշակերտներուն միտքերուն եւ գործերուն մէջ, որոնք իրենց վարուելակերպով պէտք են որ միշտ ցուցաբերեն սէր ու նուիրուին նոր քաղաքակրթութեան կառուցման, որ Պօղոս Զ անուանեց «սիրոյ քաղաքակրթութիւնը»։ «Սէրը միակ ուժն է, որ կարող է փոխել աշխարհը»։
Կարդինալական դասի աւագերեց ծիրանաւորը շարունակեց քարոզը ըսելով. «Սուրբ Հաղորդութեան ծիսական արարողութեան ընթերցումներէն հրաւէր կը ստանանք եղբայրասիրական սիրոյ, փոխ օգնութեան եւ եկեղեցական հաղորդութեան ու համընդհանուր մարդկային եղբայրութեան նկատմամբ նուիրուածութեան։ Սուրբ Պետրոսի իւրաքանչիւր յաջորդին պարտականութիւններուն շարքին կայ աճեցնել հաղորդութիւնը. Բոլոր քրիստոնեաներուն հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ, Եպիսկոպոսներուն հաղորդութիւնը Հռոմի Պապին հետ. Եպիսկոպոսներու միջեւ հաղորդութիւնը։ Կայ նաեւ ուժեղ կոչ՝ պահպանել եկեղեցւոյ՛ միութիւնը Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն ցոյց տուած ճանապարհով։ Եկեղեցւոյ միութիւնը Քրիստոսի ցանկացած միասնութիւն է , միասնութիւն, որ չի նշանակեր համաձեւութիւն՝ այլ բազմազանութեան մէջ ամուր եւ խոր հաղորդակցութիւն, պայմանով որ լիովին հաւատարիմ մնանք Աւետարանին։ Իւրաքանչիւր Հռոմի Պապ կը շարունակէ մարմնաւորել Պետրոսն ու անոր Առաքելութիւնը եւ այդպէսով կը ներկայացնէ Քրիստոսը երկրի վրայ. Ան ժայռն է, որուն վրայ կառուցուած է եկեղեցին» (Մատթ16,18)։ Նոր Քահանայապետը ընտելը, պարզապէս անձերուն յաջորդականութիւն չէ, այլ միշտ Պետրոս կը վերադառնայ։ Ընտրող կարդինալները իրենց քուէարկութիւնը կը կատարեն Սիքստինեան մատրան մէջ՝ ուր ինչպէս նշուած է «Universi dominici gregis» առաքելական սահմանադրութեան մէջ, «Ամէն ինչ կը նպաստէ Աստուծոյ ներկայութեան գիտակցութեան սնուցման, որուն առջեւ իւրաքանչիւր մարդ օր մը պիտի ներկայանայ՝ դատուելու համար«։
Կարինալ Ճովաննի Ռէ հրաւիրեց աղօթելու նոր քահանայապետի ընտրութեան համար. «Աղօթենք, որպէսզի Սուրբ Հոգին, որ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին մեզի շնորհեց շարք մը՝ իսկապէս Սուրբ Եւ մեծ Պապեր, մեզի շնորհէ նոր Պապ՝ Աստուծոյ սիրտին համաձայն՝ եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան բարօրութեան համար։ Աղօթենք որ Աստուած եկեղեցւոյ շնորհէ այն Պապը, որ լաւագոյնը գիտէ թէ ինչպէս արթնցնել բոլորին խիղճը ու բարոյական եւ հոգեւոր ուժերը առօրեայ հասարակութեան մէջ, որ յատկանշուած է մեծ արհեստագիտական առաջընթացով, սակայն հակուած Աստուած մոռնալու։
Այսօրուան աշխարհը շատ բան կ՝ակնկալէ եկեղեցիէն՝ պաշտպանելու համար այն հիմնարար արժէքները, թէ՛ մարդկային, թէ՛ հոգեւոր, առանց որոնց մարդկային համակեցութիւնը չկրնար դառնալ աւելի լաւ, կամ ալ բարիք չի բերեր ապագայ սերունդներուն։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ եկեղեցւոյ Մայրը, միջամտէ իր մայրական միջամտութեամբ, որպէսզի Սուրբ Հոգին Լուսաւորէ ընտրող կարդինալներու միտքերը ու զիրենք համաձայնութեան բերէ Հռոմի պապին ընտրութեան մէջ, որուն անհրաժեշտութիւնը ունի մեր ժամանակները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
