Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի  (ANSA)

Հեռախօսազրոյց Լեւոն ԺԴ-ի եւ նախագահ Զելենսքիի միջեւ։ Ես քահանայապետը հրաւիրեցի Ուքրանիա այցելելու

Ուքրանիոյ նախագահը ԻՔՍ-ի միջոցաւ յայտարարեց, որ իր առաջին հեռախօսազրոյցը ունեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր երկրին ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ես խօսեցայ Լեւոն ԺԴ-ի հետ։ Սա մեր առաջին զրոյցն է, բայց ան արդեն ջերմ եւ խոր էր։ Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի Նորին Սրբութեան Ուքրանիոյ եւ մեր ողջ ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար»։ Ուքրանիոյ նախագահ, Վլատիմիր Զելենքսի իր Իքս ընկերային ցանցի վրայ յայտարարեց որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Նորընտիր Պապին հետ։ Հեռախօսազրոյցի Լուրը հաստատեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Երկար գրառումի մէջ Նախագահ Զելենսքի գնահատանք յայտնեց Քահանայապետի խօսքերուն համար արտասանուած երեկ առաւօտեան Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, «մեր երկրին համար արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւն մը ձեռքբերելու եւ բանտարկեալները ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան»։

Նախագահ Զելենսքի աւելցուց նաեւ որ, Քահանայապետը իր հետ խօսած է «Ռուսաստան տեղահանուած հազարաւոր Ուքրանացի երեխաներու» մասին։ «Ուքրանիան կ՛ապաւինի Վատիկանի օգնութեան՝ զանոնք իրենց ընտանիքներուն մօտ վերադարձնելու համար։ Ես Քահանայապետին տեղեկացուցի Ուքրանիայի եւ մեր գործընկերներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան մասին, որուն համաձայն այսօրուընէ սկսեալ պէտք է սկսի լիակատար եւ անվերապահ հրադադար՝ առնուազն 30 օրուայ տեւողութեամբ», գրեց Ուքրանիոյ նախագահը։ «Ես նաեւ վերահաստատեցի Ուքրանիոյ պատրաստակամութիւնը՝ ցանկացած ձեւաչափով յետագայ բանակցութիւններուն, որոնց շարքին՝ ուղիղ բանակցութիւնները, դիրքորոշում մը, որ մենք բազմիցս ընդգծած ենք»։

Գրառումի աւարտին Նախագահ Զելենսքի կը բացատրէ, որ Ինք Լեւոն ԺԴ Պապը հրաւիրած է առաքելական այց կատարելու Ուքրանիա. «Նման այցելութիւն մը իրական յոյս կը բերէ բոլոր հաւատացեալներուն եւ մեր ողջ ժողովուրդին։ Մենք պայմանաւորուեցանք կապի մէջ մնալ եւ մօտիկ ապագայի անձնական հանդիպում մը կազմակերպել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2025, 13:27