Pope Leo XIV holds his first general audience in St. Peter's Square, at the Vatican

Լեւոն ԺԴ.ը յիշեց մէկ ամիս առաջ «Հօր Տունը» վերադարձած Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կոչ ուղղեց Կազայի համար

Լեւոն ԺԴ.ը ապա մտահոգութիւն արտայայտեց Կազայի մէջ տիրող ցաւալի կացութեան համար սրտաբուխ կոչ ուղղելով որպէսզի «արտօնուի որ արժանավայել մարդասիրական օգնութիւններ մուտք գործեն այնտեղ ու վերջ դրուի ռազմական գործողութիւններուն, որոնց գինը կը վճարեն մանուկները, տարեցները եւ հիւանդները» ըսաւ Ան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 21 Մայիսին Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց իր անդրանիկ հրապարակային ունկնդրութիւնը, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած 40 հազարէ աւելի իտալացի եւ օտարազգի պատկան տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Արդարեւ Ան նախ քան ունկնդրութիւնը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով «փափամոպիլէ»ով շրջանը կատարեց հրապարակին ողջունելով եւ օրհնելով ներկաները, որոնք ծափողջոյններով ու խանդավառութեամբ ընկալեցին անցեալ 8 Մայիսին Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ ընտրուած` Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, որ ինչպէս նշեցինք վերեւ, իր ընտրութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը նախագահէր հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին սկսած խորհրդածութիւններու շարքը կեդրոնացած «Յիսուս Քրիստոս, մեր Յոյսը» նիւթին վրայ, որ ընտրուած է այս տարուայ` Յոյսի Յոբելեանին Սուրբ Տարուան համար։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (@Vatican Media)

Սրբազան Պապը ունկնդրութիւնը սկսաւ «Յանուն հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ» խօսքերով, որուն հետեւեցաւ «խաղաղութիւնը ամենեցուն» խօսքը, որմէ ետքը տարբեր լեզուներով ընթերցումը կատարուեցաւ Աւետարանական հատուածին, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 13,1-9) որուն մէջ Յիսուս կը պատմէ սերմնացանին առակը։

Աւետարանական հատուածներէն ետքը Լեւոն ԺԴ. ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որուն աւարտին Ան, օգնութեամբն նաեւ տարբեր լեզուներու խօսնակներու, ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներու խումբերը, յիշելով թէ մայիս ամիսը նուիրուած է Աստուածամօր ու հրաւիրելով աղօթելու Սուրբ Վարդարանը` որպէս «արդիւնաւէտ միջոց մեր սրտերուն համար ընդունելու իսկական խաղաղութիւնը», ինչպէս ըսաւ Ան արաբ լեզուի ուխտաւորներուն ու նաեւ Փորթուկալական լեզուի հաւատացեալներուն, հրաւիրելով զանոնք նաեւ «Մարիամի հետ միասին հայցելու, որ մարդիկ չփակուին իրենց իրենց մէջ, Աստուծոյ խաղաղութեան պարգեւին դիմաց ու զինաթափ ընեն իրենց սրտերը»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Մինչ Գերմանիայէն ժամած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը նշեց, որ «բաժնուած ու ատելութենէ ու պատերազմէ վիրաւոր աշխարհի մը մէջ մենք կանչուած ենք սերմանելու յոյսը ու կառուցելու խաղաղութիւնը», ապա հայցեց «Ամենասուրբ Մարիամի, Մայր Բարի Խորհրդոյ օգնութիւնը, որպէսզի մեզի ընկերանայ մեր ուղեւորութեան մէջ»

Իսկ Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքի աւարտին Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, իւրաքանչիւրին մաղթելով` «միշտ ուրախութեամբ ծառայելու Աստուծոյ ու մերձաւորը սիրելու աւետարանական հոգիով»։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ.ը ապա մտահոգութիւն արտայայտեց Կազայի մէջ տիրող ցաւալի կացութեան համար սրտաբուխ կոչ ուղղելով, որպէսզի «արտօնուի որ արժանավայել մարդասիրական օգնութիւններ մուտք գործեն այնտեղ ու վերջ դրուի ռազմական գործողութիւններուն, որոնց գինը կը վճարեն մանուկները, տարեցները եւ հիւանդները» ըսաւ Ան

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

«Չենք կարող աւարտել մեր այս հանդիպումը՝ առանց մեծ երախտագիտութեամբ յիշելու մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ճիշտ մէկ ամիս առաջ վերադարձաւ Հօր տունը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ.ը նախ քան առաքելական իր օրհնութիւնը տալու բոլոր ներկաներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2025, 10:57