Լեւոն ԺԴ. Աշխարհը կ՝այրի տաք կլիմայի եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 9 յուլիսին, Լեւոն ԺԴ Պապը գլխաւորեց Արարչագործութեան խնամքի նուիրուած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Քասթել Կանտոլֆոյի «Laudato si» միջոցառումին նուիրուած աւանէն ներս
Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Քահանայապետը սկսաւ նշելով, «Այսօր կը կիսենք ընտանեկան խաղաղ պահ մը, նոյնիսկ աշխարհի մը մէջ, որ կ՛այրի՝ ըլլայ աշխարհի չափազանց տաքութեան, ըլլայ՝ հակամարտութիւններուն պատճառաւ, ինչ որ Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudato si» e «Fratelli tutti» շրջաբերականները կը դարձնեն այնքան արդիական», ըսաւ Սրբազան հայրը մատնանշելով որ «Փոթորիկի ժամանակ առաքեալներուն վախը, մարդկութեան մեծ մասի վախն է։ Սակայն Յոբելեանին սիրտին մէջ մենք կը խոստովանինք թէ «Յոյս կայ»։ Այդ յոյսի հանդիպեցանք Յիսուսի մէջ, աշխարհի Փրկիչը։ Ան Կը հանդարտեցնէ փոթորիկը։ Առաքեալներու վախը փոթորիկին մէջ, կ՝արտացոլայ մարդկութեան վախը, բայց Յոբելեանին սիրտին մէջ կը հաստատենք, որ կայ յոյս՝ Հանդիպելով Անոր՝ Յիսուսին մեր Փրկիչին, որ կը հանդարտեցնէ փոթորիկը եւ նոր կեանք կու տայ։
Հարցումը՝ «Ո՞վ է սա...», կ՝արտայայտէ զարմանք, վախը յաղթահարելու առաջին քայլը՝ Յիսուսին, որ կ՝ապրի եւ կ՝աղօթէ Գալիլեա ծովու կողմը ու մեզի կը սորվեցնէ սիրտի այնպիսի վերաբերմունք, որ իւրաքանչիւր պահ կ՝ապրի խաղաղութեամբ եւ ներկայութեամբ, ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Փոթորիկը` որ Մատթէոս Աւետարանիչը կը նկարագրէ որպէս «երկրի ցնցում» կապուած է այն երկրաշարժներուն եւ ճգնաժամերու հետ, որ Յիսուս դիմագրաւեց որպէս Յարութիւն առած՝ յաղթահարելով այն ուժերը, որոնք մեզի կորսուած զգալ կու տան։
Հարցումին, թէ ո՞վ է Յիսուսը պատասխան կը տրուի Կողոսացիներուն ուղղուած նամակին մէջ, որ Յիսուս կը ներկայացնէ որպէս անտեսանելի Աստուծոյ պատկեր, բոլոր արարչագործութիւններուն առաջինը եւ որպէս Եկեղեցւոյ գլուխը, որ կոչուած է պաշտպանելու արարչագործութիւնը եւ բերելու խաղաղութիւն ու հաշտութիւն։
Մեր առաքելութիւնը ներդաշնակ է Քրիստոսի առաքելութեան հետ, լսելով երկրի եւ աղքատներուն աղաղակը, միանալով չարիքի եւ անարդարութեան դէմ պայքարին մէջ, Աստուծոյ ձայնին օգնութեամբ, որ կը բարձրանայ ջուրերէն վեր եւ կը դրսեւորէ ուժ ու զօրութիւն։
Սուրբ Ֆրանչիսկոս մեզի կը սորվեցնէ արարածները համարել որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, խթանելով հայեցողական հայեացք, որ կարող է վերափոխել բնութեան հետ յարաբերութիւնները եւ յաղթահարել Աստուծոյ, մերձաւորներուն եւ արարչագործութեան հետ յարաբերութիւններուն խզումի հետեւանքով առաջացած բնապահպանական ճգնաժամերը։
«Laudato si» միջոցառումի աւանը նպատակ ունի ըլլալ բնութեան հետ ներդաշնակութեան եւ հաշտութեան գիտաշխանոց՝ փորձարկելով երկրի խնամքի նոր ձեւեր։ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որ կը բարձրացնէ արարչագործութիւնը, մեզ կը միաւորէ Աստուծոյ հետ նիւթի միջոցաւ՝ Աշխարհ բերելով Աստուածայինը։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց յիշելով Սուրբ Օգոստինոսի Խոստովանութիւններուն գիրքին մէջ նշած խօսքերը, որոնք արարածներն ու մարդիկը կը միացնեն Տիեզերական գովասանքին մէջ։ «Տէր գործերդ Քեզ կը գովաբանեն, որպէսզի մենք Քեզ սիրենք ու մենք Քեզ կը սիրենք, որպէսզի գործերդ Քեզ գովաբանեն։ (ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ, Խոստովանութիւններ, XIII, 33, 48): Թող սա ըլլայ այն ներդաշնակութիւնը, որ կը տարածենք աշխարհի մէջ, ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ արարչագործութեան խնամքի նուիրուած Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
