Սրբազան Պապը լատինամերիկացի կրօնուսոյցներուն. Ցանկութիւն ունեցէք հռչակելու Քրիստոսը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
«Քրիստոսի սիրառատ ճանաչումէն» մեկնելով խրախուսանք նորոգելու ցանկութիւնը՝ «հռչակելու զԱյն, «աւետարանելու» և ուրիշները առաջնորդելու դէպի Անոր հանդէպ հաւատքի «այո»-ին՝»։ Լևոն ԺԴ.-ը այս պատգամը փոխանցեց՝ օգտագործելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականի խօսքերը, Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած հեռագիրի մը միջոցաւ՝ ուղղուած` Փարակուէյի մայրաքաղաք Ասունսիոնի մէջ 7-էն 11 Յուլիսին տեղի ունեցած Sociedad de Catequetas Latinoamericanos (Scala) ԺԳ ընդհանուր սովորական ժողովի եւ Ժ ուսումնական օրուան կազմակերպիչներուն և մասնակիցներուն։
Քահանայապետին ցանկութիւնն է` որ այս հանդիպւմի օրերը որպէս «Գլխաւոր նպատակ ունենան խորհրդածել Նազովրեցի Յիսուսի անձի մասին որ՝ քրիստոնէականի կենտրոն ու նպատակն է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
