Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 

«Exelentia» ընկերութիւնը երկու ելեկտրական փոխադրակառքեր նուիրեց Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւններուն համար։

Լեւոն ԺԴ.-ի ճամբորդութիւններուն համար նախատեսուած նուէրը յանձնուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցէն ներս կայացած հանդիպումի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Exelentia»ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած եւ ղեկավարուած է ձեռնարկատէրեր Տոմենիքօ եւ Ճովաննի Զափիայի կողմէ, համագործակցելով «Club Car Group»-ի հետ, ստեղծած է երկու եզակի ելեկտրական փոխադրակառքեր, որոնք նախատեսուած են Քահանայապետին անձնական եւ քահանայապետական ուղեւորութիւններուն համար։ Այս մեքենաները մանրակրկիտ ճարտարագիտական ծրագիրի արդիւնք են ու իրականացուած են բարձր մասնագիտացած ձեռային աշխատանքով։ Երկու ելեկտրական մեքենաները յանձնուած են Լեւոմ ԺԴ. Պապին Քասթել Կանտոլֆայի Պապական ամառնային պալատին մէջ կայայած առանձնական հանդիպումի ժամանակ, ներկայութեամբ վերոյիշեալ ընկերութիւններուն պատուիրակութիւններուն եւ մասնագէտներուն։

Ելեկտրական փոխադրակառք
Ելեկտրական փոխադրակառք

Garia-ի (Club Car Group ընկերութիւնը) նմոյշներուն վրայ հիմնուած ելեկտրական ինքնաշարժները յարմարցուած են՝ առաւելագոյն կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովուելու համար ու իտէալական են Քահանայապետի ճամբորդութիւններուն ժամանակ օգտագործելու համար։

Եկրու մեքենաները ծրագրուած ու իրականացուած են նաեւ ինքնաթիռներով առանց քակելու տեղափոխելու համար, ինչ որ կը դիւրացնէ ճամբորդութիւնները պատրաստելու աշխատանքները։

Ելեկտրական փոխադրակառքեր
Ելեկտրական փոխադրակառքեր

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2025, 10:58