Լեւոն ԺԴ. Յիսուսին առաքեալները դառնալու համար կարճ ճամբայ չկայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ամառնային արձակուրդներու առթիւ կարճ դադարէ ետք կը վերսկսին Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնները։ Չորեքշաբթի, 30 յուլիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներուն ներկայութեամբ, Լեւոն ԺԴ Պապը եզրափակեց Յիսուսի հանրային կեանքի, հանդիպումներուն, բժշկութիւններուն, առակներուն նիւթերուն նուիրուած հրապարակային ունկնդրութիւններու շարքը, զրուցելով Յիսուսի խուլ համրի կատարած հրաշքին մասին։
Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն սկսաւ ըսելով. «Այս ժամանակահատուածը, որուն մէջ կ՝ապրինք, նոյնպէս բուժումի կարիքը ունի։ Մեր աշխարհը կ՝ապրի բռնութեան եւ ատելութեան մթնոլորտի մէջ, որ կը նուաստացնէ մարդկային արժանապատուութիւնը։ Կ՝ապրինք հասարակութեան մը մէջ, որ կը հիւանդանայ ընկերային ցանցերու կապերուն մշտաքաղցի պատճառաւ. Մենք կաշկանդուած, ռմբակոծուած ենք պատկերներով՝ երբեմն նոյնիսկ կեղծ կամ աղաւաղուած։ Մենք ճնշուած ենք բազմաթիւ հաղորդակցութիւններէն, որոնք կ՝առաջացնեն հակասական զգացումներուն փոթորիկ։
Այս տեսարանին մէջ կարելի է, որ մէջ ծնի ամէն ինչ մարելու փափաքը։ Կրնանք հասնիլ մինչեւ նոյնիսկ ոչինչ նախընտրել։ Նոյնիսկ մեր խօսքերը կրնան սխալ հասկցուին, ինչպէս նաեւ փորձուած կը զգանք ընկղմելու լռութեան մէջ, հաղորդակցութեան պակասը զգալ, անկախ անկէ, թէ որքան մօտիկ ենք ու այլեւս չենք կրնար յայտնել ամենապարզ, ամենախորի բաները», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այս առնչութեամբ, անդրադարձաւ Աւետարանի մէկ հատուածին, «որուն մէջ Մարկոս Աւետարանիչը մեզի կը ներկայացնէ մարդ մը որ ո՛չ կը խօսի, ո՛չ ալ կը լսէ։ (Մարկոս 7։31-37)։ Այսօր մեր օրերուն պատահածի նման, այդ մարդը որոշեց դադրեցնել իր խօսքը՝ քանի, որ զգաց թէ հասկցուած չէ, որոշեց լռեցնել իր ձայնը, քանի որ հիասթափուած եւ վիրաւորուած է լսածներէն։ Արդարեւ քրիստոնէական համայնքը այդ մարդոց մէջ տեսաւ նաեւ եկեղեցւոյ պատկերը, որ իւրաքանչիւր մարդու կ՝ուղեկցի Յիսուսի մօտ, որպէսզի լսեն Անոր խօսքը։
Նորին Սրբութիւնը ապա յարեց, որ Աւետարանին մէջ նշուած դրուագը տեղի ունեցաւ հեթանոսական տարածքին մէջ, «հետեւաբար կը գտնուինք այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր ձայները կը փորձեն ծածկել Աստուծոյ խօսքը։«Յիսուսի վարմունքը, սկիզբը կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ Իր հետ մէկ կողմ կը տանի այդ մարդը։ Սա կարծես կ՝ընդգծէ, անոր մեկուսացումը, բայց աւելի ուշադրութեամբ նայելով, այս մէկ կ՝օգնէ մեզի հասկնալու, թէ ինչ թաքնուած է այդ մարդուն լռութեան ետին ինչպէս նաեւ մեկուսացումի ետին, կարծես թէ Յիսուս հասկցած է անոր մտերմութեան եւ մօտիկութեան կարիքը», ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ «Յիսուս սկիզբը այդ խուլ եւ համր մարդուն կ՝առաջարկէ լուռ մտերմութիւն, ժեսթերու միջոցաւ, որոնք կը խօսին խոր հանդիպումի մասին։ Յիսուս կը դպչի այդ մարդու ականջներուն, լեզուին վրայ։ Յիսուս շատ բառեր չ՝օգտագործեր, Ան կ՝ըսէ միայն մէկ բառ մը, որ իրեն այս պահուն անհրաժեշտ է։ «Բացուիր», ըսաւ Քաճանայապետը աւելցնելով, որ Մարկոս Աւետարանիչը Արամայերէն լեզուով մեզի կը փոխանցէ ,« effatà», բառը՝ գրեթէ մեզի ուղիղ կերպով զգալ տալու համար ձայնն ու շունչը։ Այս բառը, պարզ եւ գեղեցիկ, կը պարունակէ Յիսուսի հրաւէրը այդ մարդուն, որ դադրած է լսելէ եւ խօսելէ։ Կարծես թէ Յիսուս Անոր կ՝ըսէ, «Բացուիր այս աշխարհին առջեւ որ քեզ վախցուցած է։ Բացուի՛ր այն յարաբերութիւններուն առջեւ, որոնք քեզ հիասթափեցուցած են։ Բացուի՛ր այս կեանքին առջեւ որմէ դուն հրաժարած ես դիմակայելէ։ «Իրականութեան մէջ փակուիլը, երբեք լուծում չէ» հաստատեց Սրբազան Հայրը
Շարունակելով իր ունկնդրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց, որ «Յիսուսի հետ հանդիպումէն ետք, այդ անձը ոչ միայն կրկին կը խօսի, այլ այդ կը կատարէ ճիշդ կերպով։ Աւետարանի կողմէ աւելցուած այս մակբայը, կարծես մեզի աւելի կ՝ըսէ անոր լռութեան պատճառներու մասին։ Կարելի է որ այդ մարդը դադրեցաւ խօսելէ, որովհետեւ իրեն կը թուէր որ սխալ կերպով կ՝ըսէր բաները, թերեւս ատակ չէր զգար։ Մենք բոլորս սխալ կը կատարենք եւ ոչ հասկցուած փորձարարութիւնը։ Բոլորս կարիքը ունինք Տիրոջմէ խնդրելէ, որ բուժէ մեր հաղորդութեան ձեւը, ոչ միայն արդիւնաւէտ ըլլալու համար, նաեւ մեր խօսքերով ուրիշները վիրաւորելէ խուսափելու համար։ Ճիշդ խօսելու վերադառնալը ուղեւորութեան սկիզբն է, բայց դեռ վերջ չէ։ Յիսուս կ՝արգիլէ այդ մարդուն պատմել իր պատահածին մասին։ Իսկապէս Յիսուսը հասկնալու համար մենք պէտք ենք կատարել ուղեւորութիւն մը, պէտք է իր հետը ըլլանք եւ զգանք անոր չարչարանքները։ Երբ տեսնենք Անոր նուաստացումը եւ տառապանքը, երբ կը զգանք անոր փրկարար զօրութիւնը, այն ժամանակ պիտի կարենանք, ըսել թէ իսկապէս ճանչցանք զինք։
Քահանայապետը ունկնդրութիւն եզրափակեց շեշտելով, որ Յիսուսին առաքեալները դառնալու համար կարճ ճամբայ չկայ։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզի սորվեցնէ անկեղծօրէն եւ խոհեմօրէն հաղորդել։ Աղօթենք բոլոր անոնց համար որոնք վիրաւորուեցան ուրիշներուն խօսքերէն։ Աղօթենք եկեղեցւոյ համար, որպէսզի երբեք չ՝անտեսէ այն պարտականութիւնը՝ մարդիկը Յիսուսի մօտ բերելէ, որպէսզի Անոնք լսեն Տիրոջ խօսքը, բուժուին Անորմով ու իրենց հերթին դառնան Անոր փրկութեան աւետիսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
