Արդարութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մատակարարենք այն ամէն բաները զոր Տէրը մեզի յանձնեց, Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ուրախ կիրակի։ Այսօր Աւետարանէն մեր լսած առակը (Ղուկաս 16։1-13) մեզի խորհրդածել կու տայ նիւթական բարիքներու օգտագործման և, աւելի ընդհանուր առմամբ, այն մասին, թէ ինչպէս մենք կը կառավարենք ամենաթանկ բարիքը՝ մեր կեանքը». Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկսաւ 21 սեպտեմբեր 2025-ի Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը զոր Ան գլխաւորեց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։
Անիրաւ տնտեսին առակը
Առակը կը հայէր այն անիրաւ տնտեսը, որուն տէրը հաշիւ կը պահանջէ անորմէ։ «Պատկեր մը` որ մեզի կը հաղորդէ որ մենք մեր կեանքին ու մեր վայելած բարիքներուն տէրերը չենք։ Ամէն ինչ մեզի տրուեցաւ որպէս պարգեւ Տիրոջմէ որպէսզի հոգ տանինք անոր ազատութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «օր մը մենք պիտի կանչուինք հաշիւ տալու համար թէ ինչպէս մատակարարեցինք այս բարիքները»
Առակին մէջ տնտեսը փնտռեց իր շահը ու մտածեց իր ապագային...«դժուար այդ իրավիճակին մէջ ան հասկցաւ, որ կարեւորը նիւթական բարիքներ դիզելը չէ, որովհետեւ անոնք անցողակի են, առ այդ իր մօտ կոչեց պարտապանները ու անոնց «կրճատելով» պարտքը, ու այդ ձեւով սիրաշահեցաւ բարեկամներ, որոնք պատրաստ էին իրեն օգնելու եւ թիկունք կանգնելու», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին» (Ղուկաս 16,9)։
Աշխարհին բարիքները օգտագործենք մտածելով իսկական հարստութեան, որ բարեկամութիւնն է Տիրոջ ու մեր եղբայրներուն հետ
Մենք ալ ըսաւ Սրբազան Պապը պէտք է այս աշխարհին բարիքները ու մեր իսկ սեփական կեանքը օգտագործենք մտածելով իսկական հարստութեան, որ բարեկամութիւնն է Տիրոջ ու մեր եղբայրներուն հետ.
Առակը մեզ կը հրաւիրէ մենք մեզի հարց տալու թէ ինչպէս կը մատակարարենք նիւթական բարիքները, երկիրն կենսամիջոցները ու նաեւ մեր կեանքը զոր Աստուած մեզի յանձնեց։ Կարող ենք հետեւիլ եսասիրութեան չափանիշին, հարստութիւնը զետեղելով առաջին տեղ ու մտածելով միայն մենք մեզի, բայց այս մէկը մեզ կը կղզիացնէ միւսներէն, ու կը տարածէ մրցակցութեան մը թոյնը որ ընդհանրապէս հակամարտութիւնները կը հրահրէ։ Կամ ալ կարող ենք մեր ունեցածը ճանչնալ որպէս Աստուծմէ պարգեւ ու զայն օգտագործել որպէս բաժնեկցութեան գործիք ստեղծելու համար բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ցանցեր, կերտելու համար բարին, կառուցելու համար աւելի արդար, հաւասար եւ եղբայրական աշխարհ մը» եղան Նորին Սրբութեան խորհրդածութեան ներկայացուցած յորդորները որուն աւարտին Ան հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Կողս Մարիամին որպէսզի բարեխօսէ մեզի համար ու մեզ օգնէ լաւապէս մատակարարելու այն ամէն բաները զոր Տէրը մեզի յանձնեց, արդարութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ