Լեւոն ԺԴ. Աստուած երբեք չ՛ուշանար. Անոր ժամանակը կատարեալ է, սորվինք վստահիլ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Փոմփէի Վարդարանի Աստուածամօր տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապ ժամանեց Հռոմի «Տումուս Աւստրալիա» Փոփմէի Վարդարանի Սրբուհի Տիրամօր եկեղեցի ու գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին օրհնեց Տիրամօր վերանորոգուած պատկերը, զոր նուիրուած է մօտիկ ապագային սուրբ Հռչակուելիք Երանելի Պարթոլոյի կողմէ։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ Իր ուրախութիւնը յայտնեց այս տօնակատարութիւնը Աւստրիական համայնքի հետ կիսելու համար՝ ընդգծելով, որ Աստուածամայրը յատուկ տեղ ունի իր սիրտին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ վերականգնուած սրբապատկերը «աւելի ու աւելի մեծ նուիրուածութիւն» ներշնչէ «Տոմուս Աւստրիա»ի բնակիչներուն, ուխտաւորներուն ու տեղւոյն համայնքին։
Քահանայապետը ապա քարոզը կեդրոնացուց յոյսի աստուածաբանական առաքինութեան վրայ, որ ընթացիկ յոբելինական տարուան նիւթն է, Սուրբ Կոյս Մարիամը ներկայացնելով որպէս այս առաքինութեան մարմնացումը։ «Մարիամը, որոշակի ձեւով մարմնաւորեց այդ առաքինութիւնը՝ իր վստահութեամբ, որ Աստուած կը պահէ իր խոստումները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ այս վստահութիւնը կամ յոյսը «ուժ եւ քաջութեան» աղբիւրն էր, որ թոյլ տուաւ Տիրամօր որ իր կեանքը Աւետարանին ու ամբողջութեամբ յանձնէ Աստուածային կամքին։
Մարիամի հաւատքի խորութիւնը բացատրելու համար Քահանայապետը յիշեց Աստուածաբանական հետեւեալ խորհրդածութիւնը. «Յաճախ կ՝ըսուի, որ մարմնացումը տեղի ունեցած է նախ եւ առաջ Մարիամի սիրտին մէջ նախքան Անոր արգանդին մէջ», այս արտայայտութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը կ՝ընդգծէ Աստուածածնի «ամենօրեայ հաւատարմութիւնը»։ Տիրամայրը վստահ չէր, թէ «ինչպէս կամ երբ Աստուած պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» սակայն Ան իր կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեց վստահելով Աստուծոյ ծրագիրին։ «Աստուած երբեք չ՝ուշանար, մենք պէտք ենք սորվիլ վստահիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ եթէ համբերութիւն եւ տոկունութիւնը կը պահանջէ» յորդորեց Լեւոն ԺԴ Պապը ընդցծելով որ «Աստուծոյ ժամանակը միշտ կատարեալ է»։
Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց յիշեցնելով, որ մկրտութեան միջոցաւ «Ծնած ենք շնորհքի օրէնքի ներքոյ՝ որպէս Աստուծոյ զաւակներ» ու Անոր նպատակն է մեզ առաջնորդել դէպի յաւիտենական կեանք»։ Այս առումով Քահանայապետը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի այն խօսքը, որ «Աստուած մեծ ստեղծեց առանց մեզի, բայց առանց մեզի, պիտի փրկէ »։
Վերջապէս քահանայապետը հաւատացեալները հրաւիրելով երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին երգելու «Մեծացուսցէ»՝ խորհդածելով այն մասին թէ ինչպէս Մարիամը հրճուեցաւ Աստուծոյ՝ Իր Փրկչին մէջ, քանի որ տեսաւ իրեն տրուած շնորհները եւ թէ ինչպէս Աստուած միշտ հաւատարիմ եղաւ Աբրահամին եւ Սերունդներուն։ Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց, որ բոլոր անոնք կ՝երգրպագեն Փոփմէի Տիրամօր, կարողանան «զօրացած զգալ Սուրբ Հոգիէն, Տիրոջ ու անոր եկեղեցւոյ ծառայելու մէջ,ու կարողանան շատ պտուղ բերել, պտուղ որ կը տեւէ ժամանակներու հոլովոյթին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
