«Nostra aetate»էն վաթսուն տարի ետք՝ հռչակագիրը կոչ է միութեան եւ յոյսի. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 29 Հոկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առիթով, ըստ աւանդութեան, ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն սկիզբը նշեց թէ հրապարակային այսօրուայ ունկնդրութիւնը նուիրուած է միջ կրօնական երկխօսութեան, եւ ակնարկեց Յիսուսին Սամարացի կնոջ ուղղած խօսքերուն. «Աստուած հոգի է եւ երկրպագուները պէտք է զայն պաշտեն Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ» (Յովհ. 4,24), եւ ասկէ մեկնելով նշեց` որ Յիսուսի եւ Սամարացիի միջեւ այդ հանդիպումը կը բացայայտէ միջրկրօնական երկխօսութեան իսկական էութիւնը` որ է փոխանակում, որ կը հաստատուի, երբ մարդիկ իրար կը բացուին անկեղծութեամբ, ուշադիր ունկնդրութեամբ և փոխադարձ հարստացումով։
Ծարաւէն ծնած երկխօսութիւն
«Ծարաւէն ծնած երկխօսութիւն մըն է» նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ինչպէս «Սիւքարի աղբիւրին մօտ Յիսուս կը շրջանցէ մշակութային, սեռի եւ կրօնի պատնէշները» ու «Սամարացի կինը կը հրաւիրէ պաշտամունքի նոր հասկացողութեան մը` որ չի սահմանուիր յատուկ վայրի մը մէջ, այլ կ՛իրականանայ Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ»։
«Nostra aetate»ն բացաւ հանդիպումի, յարգանքի եւ հոգեւոր հիւրընկալութեան նոր հորիզոն մը
«Այս պահը կ՛ արտացոլայ միջկրօնական երկխօսութեան էութիւնը՝ Աստուծոյ ներկայութեան բացայայտումը բոլոր սահմաններէն անդին, հրաւէրը՝ միասին փնտռելու զայն ՝ երկիւղածութեամբ ու խոնարհութեամբ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու խօսքը կեդրոնացուց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին ճիշտ վաթսուն տարիներ առաջ` 28 հոկտեմբեր 1965-ին ստորագրուած, «Nostra aetate» հռչակագիրին, որ ըսաւ Ան «բացաւ հանդիպումի, յարգանքի եւ հոգեւոր հիւրընկալութեան նոր հորիզոն մը»։
«Այս լուսաւոր փաստաթուղթը մեզի կը սորվեցնէ հանդիպելու միւս կրօններու հետեւողներուն հետ, ոչ որպէս օտարականներ այլ որպէս ճշմարտութեան ուղիին վրայ ճանապարհորդակիցներ» յարեց Քահանայապետը յատուկէն անդրադառնալով հռչակագիրի առաջին կողմնորոշումին որ «եղած էր դէպի հրէական աշխարհը, որով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. փափաքած էր վերակազմել սկզբնական կապը»։
Քրիստոնէութեան հրէական արմատներու դաւանաբանական պայմանագիր
«Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով պիտի ձեւաւորուէր քրիստոնէութեան հրէական արմատներու վերաբերեալ դաւանաբանական պայմանագիր մը, որ աստուածաշնչական և աստուածաբանական մակարդակով կը ներկայացնէր անդարձելիութեան կէտ մը» հաստատեց Լեւոն Քահանայապետը ընդգծելով թէ ինչպէս «նոր Կտակարանի ժողովուրդը հոգեպէս կապուած է Աբրահամի տոհմի հետ» եւ այս ի յայտ կու գայ նաեւ Հռչակագիրին մէջ «որով Քրիստոսի Եկեղեցին կը ճանչնայ իր հրեաներուն հետ միատեղ ժառանգութիւնը ու աւետարանական հոգիէն մղուած կը դատապարտէ բոլոր ատելութիւնները, հալածանքները ու հակասեմական բոլոր դրսեւորումները, որոնք ուղղուած են հրեաներուն դէմ»։
Եկեղեցին կը դատապարտէ հակասեմականութիւնը
«Այդ օրէն ի վեր բոլոր իմ նախորդներս յստակ բառերով դատապարտեցին հակասեմականութիւնը եւ նոյնպէս ես այսօր կը հաստատեմ, որ Եկեղեցին չի հանդուրժէր հակասեմականութիւնը ու անոր դէմ կը պայքարի» եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին շեշտումը, որմէ մեկնելով հրաւիրեց «երախտագիտութեամբ» նայիլ այն բոլոր քայլերուն որոնք իրականացան կաթողիկէ – հրեայ երկխօսութեան մէջ, «որ վերագրուած չէ միայն մարդուս ջանքերուն այլեւ մեր Աստուծոյ թիկունքին, որ ըստ քրիստոնէական համոզումին նոյնինքն երկխօսութիւն է»։
«Nostra aetate»-ի ոգին կը շարունակէ լուսաւորել Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա տեղի ունեցած տարբեր անհասկացողութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ հակառակութիւններուն, «որոնք սակայն երբեք չի խոչընդոտեցին երկխօսութեան շարունակութիւնը» ըսաւ Ան խրախուսելով այսօր եւս «թոյլ չտալ որ քաղաքական որոշ անձանց անարդարութիւնները մեզ շեղէն բարեկամութենէն»։
«Nostra aetate»-ի ոգին կը շարունակէ լուսաւորել Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը, որ կը ճանչնայ` թէ բոլոր կրօնները կարող են արտացոլալ «ճշմարտութեան այն ճառագայթը, որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը» (համար 2) և կ՛որոնեն պատասխաններ մարդկութեան գոյութեան մեծ խորհուրդներուն համար» յարեց Սրբազան Պապը նշելով` որ «այս երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն մտաւոր, այլեւ հոգևոր, հիմնուած սիրոյ վրայ, որ խաղաղութեան, արդարութեան և հաշտեցման հիմքն է»:
Տարբեր կրօններու միջեւ համագործակցութեան նորոգուած հրաւէր
«Հռչակագիրը մեզի կոչ կ՜ընէ ճանչնալ և գնահատել այն, ինչ որ բարի, ճշմարիտ և սուրբ է իւրաքանչիւր աւանդութեան մէջ՝ մերժելով խտրականութեան բոլոր ձևերը և հաստատելով բոլոր մարդոց հաւասար արժանապատուութիւնը» եղաւ Քահանայապետին այլ մէկ շեշտադրումներէն մին որմէ մեկնելով նշեց` թէ Վատիկանեան Տիեզերական փաստաթուղթի հրապարակումէն վաթսուն տարիներ ետքը, որով սկիզբ առաւ երկխօսութեան նոր եղանակ մը, «այսօր եւս կը հնչէ համագործակցութեան նորոգուած հրաւէր մը` տարբեր կրօններու միջեւ,» եւ բաժանումներով, տագնապներով ու համաշխարհային մարտահրաւէրներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ պատգամը կը մնայ յստակ. «գործել միասին»։
Մարդկութեան ի սպաս մշտական ծառայութիւն
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդգծեց` որ «իւրաքանչիւր կրօն իր մէջ ունի միասնական արժէքներու ժառանգութիւն մը` ինչպիսիք են ճշմարտութիւնը, կարեկցութիւնը, արդարութիւնը, հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը ու թէ անոնք իրենց ուժերը միացնելով կարող են սատարել թեթեւցնելու համար մարդկային տառապանքները եւ պաշտպանել հասարակաց տունը` որ է Երկիր մոլորակը»։
Այս համատեղ յանձնառումը, ըստ Քահանայապետին, պէտք է վերածուի մարդկութեան ի սպաս մշտականծառայութեան և համատեղ հսկումի մը՝ Աստուծոյ անունի, կրօնի եւ նոյնինքն երկխօսութեան որեւէ չարաշահման դէմ։
Արհեստական բանականութեան պատասխանատու զարգացում
«Մենք պէտք է վերահաստատենք մեր ծառայութիւնը մարդկութեան ի սպաս» յարեց Քահանայապետը, զգուշացնելով կրօնական ծայրայեղականութեան ու հիմնապաշտութեան կողմէ յառաջացած վտանգներէն, ինչպէս նաեւ հրաւիրելով ուշադրութիւնը կեդրոնացնել արհեստականբանականութեան ու անոր պատասխանատու զարգացման վրայ, քանի որ, «եթէ ան ընկալուի որպէս մարդկութեան այլընտրանք, կարող է լրջօրէն խախտել մարդուս անսահման արժանապատուութիւնը և չէզոքացնել անոր հիմնարար բարոյական պարտականութիւնները»։
«Մեր աւանդոյթները հսկայական ներդրումի դեր մը ունին արհեստագիութեան մարդկայնացման գործին մէջ, հետևաբար, ոգեշնչելու անոր կարգաւորումը, ի պաշտպանութիւն մարդու հիմնարար իրաւունքներուն։
Խաղաղութիւնը կը սկսի մարդու սրտէն
«Մեր կրօնները կը սորվեցնեն որ խաղաղութիւնը կը սկսի մարդու սրտէն, եւ այս իմաստով կրօնը կարող է խաղալ հիմնական դեր մը։ Պէտք է մեր անձնական կեանքերուն մէջ, ընտանիքներուն, թաղամասերուն, դպրոցներուն, քաղաքներուն ու մեր Երկիներուն ու աշխարհին մէջ, վերադարձնենք յոյսը, որ հիմնուած է այն համոզումին վրայ, թէ նոր աշխարհ մը կարելի է» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով, որ վաթսուն տարիներ առաջ «Nostra aetate» յոյս բերաւ աշխարհին, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետքը, ապա ընդգծեց որ «այսօր կոչուած ենք վերահիմնելու այդ յոյսը, պատերազմէ յօշոտուած մեր աշխարհին մէջ... ուստի միասին համագործակցինք, որովհետեւ եթէ միացած ըլլանք, այս բոլորը կարելի պիտի ըլլայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կրօններու բոլոր պատասխանատուներուն, անոնց ներկայութեան եւ բարեկամութեան համար, խրախուելով զանոնք բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հոգին փոխանցելու ապագայ սերունդներուն։
Աղօթքին ուժը
«Իսկ այժմ կանգ առնենք աղօթքի լռելեան պահ մը ապրելով, աղօթքը ուժն ունի վերափոխելու մեր վարուելակերպերը, մեր մտածումները, մեր խօսքերն ու մեր գործերը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. աւարտելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց «Nostra aetate» Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի հռչակագիրին վրայ որ կը վերաբերի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու ոչ քրիստոնէական կրօններու միջև փոխյարաբերութիւններուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
