Եկեղեցին կը դառնայ մարդկայնութեան մասնագէտ, եթէ քալէ մարդկութեան հետ. Լեւոն ԺԴ.

«Յոբելեանը մեզ դարձուց յոյսի ուխտաւորներ եւ ասոր համար պէտք է, որ ամէն բան դիտենք Խաչեալի Յարութեան լոյսին տակ։ Այդ յոյսին մէջ է, որ մենք փրկուեցանք», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «յարութենէն ետքը հարկաւոր են նոր աչքեր», որովհետեւ «իրողութիւնները թուացածի համաձայն չեն, փոխուած են», «սէրը յաղթեց, թէեւ մենք մեր աչքերուն առջեւ ունինք բազմաթիւ հակադրութիւններ և կը տեսնենք բազմաթիւ հակադրութիւններու բախումը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։  Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութեամբ պիտի սպասենք անոր». Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ. Պապին յոբելենական հերթական ունկնդրութեան զոր Ան գլխաւորեց Շաբաթ` 25 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու։

Այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նշեց, թէ անոնք հասան իրենց ուխտագնացութեան նպատակակէտ, բայց որպէս Յիսուսի աշակերտներ հարկ է սորվիլ ինչպէս բնակիլ նոր աշխարհի մը մէջ։

Յարութենէն ետք նոր հայեացք

«Յոբելեանը մեզ դարձուց յոյսի ուխտաւորներ եւ ասոր համար պէտք է, որ ամէն բան դիտենք Խաչեալի Յարութեան լոյսին տակ։ Այդ յոյսին մէջ է, որ մենք փրկուեցանք», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «յարութենէն ետքը հարկաւոր են նոր աչքեր», որովհետեւ «իրողութիւնները թուացածի համաձայն չեն, այլ փոխուած են», «սէրը յաղթեց, թէեւ մենք մեր աչքերուն առջեւ ունինք բազմաթիւ հակադրութիւններ և կը տեսնենք բազմաթիւ հակադրութիւններու բախումը»։

Յոյս ունենալը նաև «չիմանալ» է

Ան ապա ակնարկեց 15.րդ դարուն, «Նոյնքան անհանգիստ դարաշրջան», Եկեղեցին ունէր Կարդինալ մը, որ մինչ օրս քիչ յայտնի է։ Ան մեծ մտածող էր և միութեան ծառայ։ Անոր անունը Նիքոլա էր` ծագումով Գերմանիայի Կուես քաղաքէն ու ճանչցուած էր որպէս Քուզանցի Նիքոլա։ Ան կարող է մեզի սորեցնել, որ յոյս ունենալը նաև «չիմանալ» է։ Ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը. «Ինչպէ՞ս կարելի է յոյս դնել բանի մը վրայ, որ արդեն կը տեսնենք» (Հռոմէացիներ 8։24)։

Քուզանցի Նոքոլա

Նիքոլա Քուզանցին չէր կարող տեսնել Եկեղեցւոյ միութիւնը, որ ցնցուած էր հակադիր հոսանքներէ և բաժնուած  Արևելքի և Արևմուտքի միջև։ Ան չէր կարող տեսնել խաղաղութիւնը, դարաշրջանի մը  մէջ, երբ քրիստոնէութիւնը կը զգար արտաքին սպառնալիք։ Սակայն, երբ Ան կը ճամբորդէր որպէս Քահանայապետի դիւանագէտ, կ՛ աղօթէր եւ կը մտածէր։ Ահա թէ ինչու Անոր գրութիւնները լի են լոյսով։

Անոր ժամանակակիցներէն շատերը կ՛ ապրէին վախի մէջ. Այլ անձինք կը զինուէին նախապատրաստուելով նոր խաչակրաց արշաւանքներու: Սակայն Նիքոլան փոքր տարիքէն ընտրած էր շփուիլ անոնց հետ, որոնք յոյս ունէին, անոնց հետ, որոնք կը խորանային նոր նիւթերու մէջ, անոնց հետ, որոնք կը վերընթերցէին դասականները և կը վերադառնային աղբիւրներուն: Ան կը հաւատայ մարդկութեան: Կը հասկանայ, որ հակադրութիւնները պէտք է միասին պահուին, թէ Աստուած խորհուրդ մըն է, որուն մէջ լարուածութեան մէջ գտնուողը կը գտնէ միութիւն։

Միասին պահել հակադրութիւնները

Նիքոլան գիտէր, որ ինք չգիտէր, և այդպիսով առ աւելի լաւ կը հասկանար իրականութիւնը: Ի՜նչ մեծ պարգև Եկեղեցւոյ համար: Ի՜նչ կոչ սրտի նորոգումին։ Ահա այս է այն ինչ, որ ան կ՛ուսուցանէր. . տարածք բանալ, միասին պահել հակադրութիւնները, յոյս ունենալ այն բաներուն վրայ որոնք տակաւին տեսանելի չեն։

Գիտակ անգիտութեան

Քուզանցին կը խօսէր «գիտակ անգիտութեան» մասին, որ խելացութեան նշան է։ Անոր որոշ աշխատութիւններու գլխաւոր հերոսը հետաքրքրաշարժ կերպար մըն է՝ ապուշը։ Ան պարզ, անուս մարդ է, որ գիտակներուն կու տայ տարրական հարցեր՝ կասկածի տակ դնելով անոնց վստահութիւնները։

Եկեղեցին մարդկութեան մասնագէտ

Նոյնն է նաև այսօրեայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Քանի՞ հարցեր տագնապի կը մատնեն ուսուցածը։ Հարցեր երիտասարդներէն, հարցեր աղքատներէն, հարցեր կանանց կողմէ, հարցեր անոնցմէ, որոնք լռութեան մատնուած են կամ դատապարտուած մեծամասնութիւնէն տարբերուելու համար։ Այս բոլորի դիմաց ըստ Լեւոն ԺԴ-ին, «Եկեղեցին կը դառնայ մարդկայնութեան մասնագէտ, եթէ կը քալէ մարդկութեան հետ և իր սրտին մէջ ունենայ մարդկութեան հարցերուն արձագանքը»։

Յոյսի ճանապարհորդութիւն

Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, յոյս ունենալը չի նշանակէր իմանալ։ Մենք տակաւին չունինք բոլոր հարցերու պատասխանները։ Բայց մենք ունինք Յիսուսը։ Հետևինք Յիսուսին։ Եւ այսպէս, մենք յոյս կ՜ունենաք այն բանի վրայ, որ տակաւին չենք տեսներ։ Եկէք դառնանք ժողովուրդ մը, որուն մէջ հակադրութիւնները կը միաձուլուին։ Եկէք` որպէս հետազօտողներ, մտնենք Յարուցեալի նոր աշխարհ։ Յիսուս մեզ կը կանխէ։ Մենք կը սորվինք քալելով քայլ առ քայլ։ Այս մէկը ոչ միայն Եկեղեցւոյ այլ համայն մարդկութեան ճանապարհորդութիւնն է։ Յոյսի ճանապարհորդութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2025, 11:11

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >