Յուսալ կը նշանակէ ընտրել. Աշխարհը կը փոխուի եթէ մենք փոխուինք. Յոբելենական ունկնկդրութեան խորհրդածութիւն

Երիտասարդները կը սիրեն այն մարդիկը, որոնք ընտրած են և կը կրեն իրենց ընտրութեան հետևանքները։ Աղօթենք` որպէսզի դառնանք Եկեղեցի մը որ չի ծառայեր դրամին այլ Աստուծոյ Թագաւորութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ոչ մէկ ծառայ կարող է ծառայել երկու տէրերու, որովհետեւ ան կամ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը եւ կամ պիտի կապուի մէկուն եւ արհամարհէ միւսը։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ դրամին»։ Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած (16,13-14),Յիսուսին խօսքերը ներկայացնող այս հատուածը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին հոկտեմբեր ամսուայ Յոբելենական ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, որուն ի միջի այլոց իրենց մասնակցութիւնը բերին  այս օրերուն իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը կատարող Միսիոներական եւ Գաղթականութեան աշխարհի ուխտաւորները։

Յուսալ կը նշանակէ ընտրել

«Սիրելի՛ բարեկամներ, դուք եկած էք` որպէս յոյսի ուխտաւորներ, և Յոբելեանը յոյսի շօշափելի ժամանակ է, որուն ընթացքին մեր սրտերը կարող են գտնել ներում և ողորմութիւն, որպէսզի ամէն ինչ նորէն սկսի։ Յոբելեանը նաև բացուածք է` հարստութիւնը տարբեր ձեւով բաշխելու յոյսին, այն հնարաւորութեան` որ երկիրը կը պատկանի բոլորին, քանի որ իրականութեան մէջ անիկայ այդպէս չէ։ Այս տարի մենք պէտք է ընտրենք, թէ որուն պիտի ծառայենք` արդարութեա՞ն կամ անարդարութեան, Աստուծ՞ոյ, կամ դրամին» ըսաւ Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը հաստատելով, որ «Յուսալ կը նշանակէ ընտրել»։

Աշխարհը կը փոխուի եթէ մենք փոխուինք

«Այս կը նշանակէ երկու բան։ Նախ եւ առաջ` թէ աշխարհը կը փոխուի եթէ մենք փոխուինք։ Եւ ուխտագնացութիւնը այս առումով ընտրանք մըն է։ Սուրբ Դուռէն կ՜անցնինք մտնելու համար նոր ժամանակի մէջ» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով երկրորդ իմաստին` «Յուսալը ընտրել է, որովհետեւ ան որ չընտրեր կը յուսահատի» եւ ասկէ մեկնելով նշեց` որ «Հոգևոր տխրութեան, այսինքն՝ ծուլութեան ամենատարածուած հետևանքներէն մէկը ոչ մէկ բան ընտրելն է»

Սրբուհի Քիարային տիպարն ու ընտրութիւնը

«Այսօր պիտի ուզէի յիշել կին մը, որ Աստուծոյ շնորհքով գիտեր ընտրութիւն կատարել» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Ասսիզիի Սրբուհի Պայծառին (Քիարային)։

«Ես ուրախ եմ անոր մասին խօսելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը» ըսաւ Ան եւ շարունակեց. «Մենք գիտենք, որ Ֆրանչիսկոսը, ընտրելով աւետարանական աղքատութիւնը, ստիպուած էր խզել կապերը իր ընտանիքէն։ Բայց անիկայ այր մարդ էր. Գայթակղութիւն էր, բայց աննշան։ Բայց Պայծառի ընտրութիւնը աւելի տպաւորիչ էր. Աղջիկ մը` որ կ՛ ուզէր ըլլալ Ֆրանչիսկոսի նման, որ կ՛ ուզէր որպէս կին, ապրիլ ազատ, ինչպէս այդ եղբայրները», բացատրեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Քիարան – Պայծառը, հասկցած էր` թէ ինչ կը պահանջէ Աւետարանը...եւ Ան ընտրեց ու այս մէկը մեզի կը պարգեւէ յոյս», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով այդ ընտրութեան հետեւանքներուն. «Բազմաթիւ այլ երիտասարդ աղջիկներ նոյն քաջութիւնը ունեցան ու իրենք եւս ընտրեցին Յիսուսին աղքատութիւնը` Երանութիւններու կեանքը», ապա «դարերու հոլովոյթին Պայծառին ընտրանքը ներշնչում հանդիսացաւ համայն աշխարհի մէջ այլ կոչումներու ծաղկումին», որոնք կը հասնին մինչեւ մեր ժամանակները»

Երիտասարդները կը սիրեն այն մարդիկը, որոնք ընտրած են և կը կրեն իրենց ընտրութեան հետևանքները

Յիսուս կ՛ըսէ. դուք չէք կրնար ծառայել երկու տիրոջ։ Այսպիսով, Եկեղեցին երիտասարդ է և կը ներգրաւէ երիտասարդներ։ Ասսիզացիի Պայծառը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աւետարանը կը գրաւէ երիտասարդները։ Եւ այս մէկը մինչեւ օրս այսպէս է. Երիտասարդները կը սիրեն այն մարդիկը, որոնք ընտրած են և կը կրեն իրենց ընտրութեան հետևանքները։ Եւ այս մէկը կը ստիպէ ուրիշները ցանկանալ ընտրել»։

Աղօթենք որպէսզի դառնանք Եկեղեցի մը որ չի ծառայեր դրամին այլ Աստուծոյ Թագաւորութեան

«Պայծառը` ընդօրինակելի Սրբուհի մըն է, եւ իւրաքանչիւր անձ երբ ընտրէ Աւետարանը կ՜ընտրէ ինքզինք», «պատճէն» չի դառնար եւ «Ան` որ ինքզինք կը կորսնցնէ կը գնտէ ինքզինք, այս մէկը ցոյց տրուած է փորձառութեամբ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթելու երիտասարդներուն համար ու նաեւ աղօթելու` որպէսզի դառնանք Եկեղեցի մը, որ չի ծառայեր ոչ դրամին ոչ ալ ինքնիրեն, այլ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան։

«Եկեղեցի մը` որ Սրբուհի Պայծառի նման, քաջութիւնը ունի տարբեր ձեւով ապրելու քաղաքին մէջ. Եւ այս մէկը յոյս կը ներշնչէ» եղան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին յոբելենական ունկնդրութեան խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2025, 10:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >