ԱՓՍԱ ԱՓՍԱ 

Սուրբ Աթոռի ֆինանսական ներդրումները. APSA-ի և IOR-ի միջև համատեղ պատասխանատուութիւն

Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին «Coniuncta cura», վերնագիրով առաքելական նամակը, որ կը վերաբերի Ֆինանսական ներդրումային գործունէութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին «Coniuncta cura», վերնագիրով առաքելական նամակը, որ կը վերաբերի Ֆինանսական ներդրումային գործունէութեան

հիմնարար սկզբունքներ

Փաստաթուղթը հիմնուած է Հռոմի Քուրիայի ծառայութեան համար համատեղ պատասխանատուութեան «in communio» սկզբունքի վրայ, ինչպէս սահմանուած է
Praedicate Evangelium-ի առաքելական կանոնադրութեան մէջ։ Սա կը կը պահանջէ գործող կանոնագիրերուն համախմբում եւ ներդումներուն կառավարման ոլորտէն ներս փոխադարձ դերերուն յստակ սահմանում։

Հիմնական դրոյթներ

Նախկին հրահանգի չեղեալ յայտարարութիւն. Չեղեալ յայտարարուեցաւ 2022 թուականի օգոստոս 23-ի Rescriptum ex Audientia SS.mi-, որ կը վերաբերի Սուրբ Աթոռի ֆինանսական գործունէութեան և իրացուելիութեան կառավարման՝

Ներդրումային կոմիտէի հետ համապատասխանատուութիւնը։ Սուրբ Աթոռի ֆինանսական ներդրումային գործունէութիւնը պէտք է համապատասխանէ ներդրումային կոմիտէի կողմէ սահմանուած դրոյթներուն եւհամապատասխանէ հաստատուած ներդրումային քաղաքականութեան։

APSA-ի և IOR-ի դերը. Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչութիւնը, ներդրումային գործունէութիւնը որոշելու մէջ ընդհանրապէս կ՝օգտագործէ Կրօնի գործերու հաստատութիւնը՝ ներքին կազմակերպչական կառուցուածքը, եթէ իրաւասու մարմինները չեն համարեր աւելի արդիւնաւէտ՝ օգտագործել արտաքին ֆինանսական միջնորդները։

Առաքելական նամակը հրապարակուած է 2025 թուականին սեպտեմբեր 29ին եւ ուժի մէջ կը մտնէ L’Osservatore Romano օրաթերթին մէջ հրապարակուելէ ետք։
Վերոյիշեալ քահանայապետին առաքելական նամակին նպատակն է արդիականացնել եւ կեդրոնացնել Վատիկանի Ֆինանսական ներդրումներուն կառավարումը՝ հիմնական դեր վերապահելով ներդումային կոմիտէին եւ հաստատել IOR-ը օգտագործելու օրէնքը, ի բացի բացառութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2025, 13:10