Papa, dolore per attacchi in Ucraina, serve pace giusta

Չարին նախայարձակումը չի կրնար կործանել յոյսն անոր` որ կը վստահի Յիսուսին. Լեւոն ԺԴ

«Քրիստոնեաներու հալածանքները, ըստ էութեան, տեղի կ՛ ունենան ոչ միայն զէնքով և վատ վերաբերմունքով, այլեւ խօսքերով, այսինքն՝ սուտի և գաղափարախօսական խաբէութեան միջոցաւ։ Յիսուսին խօսքերը կը հաստատեն` որ «պատմութեան աղէտներն ու վշտերը աւարտ ունին, մինչդեռ Տէրը որպէս Փրկիչ ճանչցողներուն ուրախութիւնը նախատեսուած է տեւելու առ յաւերժ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մինչ ծիսական տարին կը մօտենայ աւարտին, այսօրուայ Աւետարանը (Ղուկաս 21։5-19) մեզ կը մղէ խորհրդածելու պատմութեան հոգեվարքի և իրերու աւարտի մասին։ Քանի որ Յիսուս մեր սրտերը կը ճանչնայ, Ան այս իրադարձութիւններուն նայելով, մեզ կը հրաւիրէ թոյլ չտալու` որ վախը մեզ յաղթահարէ. «Երբ լսէք պատերազմներու և յեղափոխուիւններու մասին, մի՛ սարսափիք» կ՛ըսէ Ան»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ 16 նոյեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին, զոր ըստ աւանդութեան գլխաւորեց Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, ի ներկայութեան աւելի քան քառասուն հազար հաւատացեալներու։ 

Այժմէական կոչ

«Յիսուսին կոչը կը մնայ այժմէական» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, «դժբախտաբար այսօր եւս կը ստանանք հակամարտութիւններու, աղէտներու եւ հալածանքներու լուրեր, որոնք չարչարանքի պատճառ են միլիոնաւոր մարդոց եւ կիներուն համար։ Ըլլայ այս ողբերգութիւններուն դիմաց, ըլլայ այն անտարբերութեան դիմաց` անոնց որոնք կ՛ուզեն անտեսել զանոնք, Յիսուսի խօսքերը կը յայտնեն` որ չարին նախայարձակումը չի կրնար կործանել յոյսն անոր որ կը վստահի Իրեն։

Յիսուսի անունին համար հալածանքներ

«Որքան աւելիվ պահը մութ է գիշխրուան նման, այնքան աւելի հաւատքը կը փայլի նման արեւին» յարեց ապա Սրբազան Պապը խրախուսելով հետեւելու Վարդապետի օրինակին ու յիշեցնելով Անոր խօսքերը` թէ «իր անունին համար շատեր պիտի հալածուին»։

«Քրիստոնեաներու հալածանքները, ըստ էութեան, տեղի կ՛ ունենան ոչ միայն զէնքով և վատ վերաբերմունքով, այլեւ խօսքերով, այսինքն՝ սուտի և գաղափարախօսական խաբէութեան միջոցաւ։ Յատկապէս, երբ մենք ճնշուած ենք այս չարիքներով՝ ֆիզիկական և բարոյական, կոչուած ենք վկայելու աշխարհը փրկող ճշմարտութեան, ժողովուրդները բռնութիւնէն ազատող արդարութեան, բոլորի համար խաղաղութեան ճանապարհ ցոյց տուող յոյսի մասին», ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ Յիսուսին խօսքերը կը հաստատեն` որ «պատմութեան աղէտներն ու վշտերը աւարտ ունին, մինչդեռ   Տէրը որպէս Փրկիչ ճանչցողներուն ուրախութիւնը նախատեսուած է տեւելու առ յաւերժ»։

Աստուծոյ շնորհքը կարող է նոյնիսկ բռնութիւնը վերածել փրկագնման նշանի

«Սիրելի՛ բարեկամներ, Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին, ամենէն առաջ նահատակները եղած են անոնք` որոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ Աստուծոյ շնորհքը կարող է նոյնիսկ բռնութիւնը վերածել փրկագնման նշանի։ Հետևաբար, միանալով Յիսուսի անունին համար տառապող մեր եղբայրներուն և քոյրերուն, վստահօրէն դիմենք Մարիամի՝ Քրիստոնեաներու Օգնութեան միջնորդութեան։ Իւրաքանչիւր փորձութեան և դժուարութեան մէջ թող Սուրբ Կոյսը մխիթարէ և պահպանէ մեզ» եղան Լեւոն ԺԴ.-ի խորհրդածութիւնը եզրափակող խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2025, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >