Սրբազան Պապը ժամանեց Անգարա

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ փրոթոքլոային բարձրաստիճան արարողականով մը, որմէ ետքը Ան փոխադրուեցաւ Թուրքիոյ փրոթոքոլային արարողակարգի համաձայն նախատեսուած Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի համալիր, ուր այցելեց համալիրը ու ստորագրեց «ոսկեմատեանը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրեթէ երկու ժամ յիսուն վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք, կտրելէ ետք 1930 քմ հեռաւորութիւն, Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Անգարայի միջազգային օդակայան` ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ փրոթոքլոային բարձրաստիճան արարողականով մը, որմէ ետքը Ան փոխադրուեցաւ Թուրքիոյ փրոթոքոլային արարողակարգի համաձայն նախատեսուած Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի համալիր, ուր այցելեց համալիրը ու ստորագրեց «ոսկեմատեանը»։

Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ ապա Անգարայի նախագահական Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ իրեն ի պատիւ Բարի Գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի կողմէ ու նախագահական Պալատի մուտքին կայացած արարողութենէն եւ պատուիրակութիւններու ներկայացումներէն ետքը, Նախագահն ու Պապը մուտք գործեցին Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ անոնց միջեւ հանդիպումը, որ կը նախատեսէր նաեւ խմբային պաշտօնական նկար, առանձնական հանդիպում, ընտանիքի անդամներու ներկայացում։

Սոյն հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ «Nation՛s Library» դահլիճ, ուր նախատեսուած էր տեղական քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ հանդիպումը։

Սրբազան Քահանայապետին Նախագահին կողմէ ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետքը Լեւոն ԺԴ. ներկաներուն ուղղեց իր այս առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանդիսացող ճառը, որուն մէջ ընդգծեց եղբայրութեան եւ տարբերութիւններուն յարգանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ վեր առաւ ընտանիքի եւ մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան արժէքը, մաղթելով որ Թուրքիան կարողանայ դառնալ կայունութեան եւ խաղաղութեան գործօն եւ հաստատելով Սուրբ Աթոռին կամքը` համագործակցելու բոլոր Ազգերուն հետ կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2025, 10:30