2019.02.011 tutela del minore, abuso su minori, tratta di persone

«Կառուցել համայնքներ, որոնք կը պաշտպանեն իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը» Լեւոն ԺԴ.

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց որ մարդկային արժանապատուութիւնը պարգեւ մըն է զոր Աստուած տուաւ ի սկզբանէ ու թէ անիկայ կախեալ չէ անհատական պայմաններէն կամ արժանիքներէն։ Իւրաքանչիւր դիմագիծին մէջ կը ցոլայ Արարիչին բարութիւնը նոյնիսկ տառապանքի իրավիճակներուն մէջ, շեշտեց ի միջի այլոց Քահանայապետը, նկատել տալով նաեւ թէ պաշտպանութիւնը կը ծնի ունկնդրութիւն, յարգանք ու քնքշութիւն ունեցող հայեացքէ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2025 թուականի նոյեմբերի 17-էն 19-ը Հռոմի մէջ կայացած «Համայնքներու կառուցում, որոնք կը պաշտպանեն արժանապատուութիւնը» նիւթով հանդիպման առիթով, որ կազմակերպուած է Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի կողմէ, Լևոն ԺԴ Պապը հզօր աջակցութեան և խրախուսանքի պատգամ մը յղեց մասնակիցներուն, որոնք եկած են աշխարհի տարբեր երկրներէ Նուիրեալ կեանքի միաբանութիւններէն և կրօնական հասարակութիւններէն։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց որ մարդկային արժանապատուութիւնը պարգեւ մըն է զոր Աստուած տուաւ ի սկզբանէ ու թէ անիկայ կախեալ չէ անհատական պայմաններէն կամ արժանիքներէն։ Իւրաքանչիւր դիմագիծին մէջ կը ցոլայ Արարիչին բարութիւնը նոյնիսկ տառապանքի իրավիճակներուն մէջ, շեշտեց ի միջի այլոց Քահանայապետը, նկատել տալով նաեւ թէ պաշտպանութիւնը կը ծնի ունկնդրութիւն, յարգանք ու քնքշութիւն ունեցող հայեացքէ մը։

Ընդգծելով Նուիրեալ Կեանքին դերը որպէս հիւրընկալութեան և պաշտպանութեան վայր, որ կոչուած է վկայելու յարգանքի և զգայունութեան ունակ սէրը, Սրբազան Պապը քաջալերեց չարաշահումներու դէմ պայքարի փորձառութիւններու կիսումը, ու խրախուսեց կրօնական հաստատութիւնները շարունակելու կանխել բռնութիւնը և կառուցել վստահութեան, երկխօսութեան և համատեղ պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած համայնքներ:

Նորոգելով հուսկ իր գնահատանքը Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովի աշխատանքին համար, հրաւիրեց բոլորը շարունակելու միասնական ուղին` դէպի պաշտպանութեան մշակոյթ մը, որ միշտ աւելիով արմատացած ըլլայ Եկեղեցւոյ մէջ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին ու զանոնք յանձնելով Քրիստոսի եւ Ամենասուրբ Մարիամի հովանիին։

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 11:19