Լեւոն ԺԴ. յիշեց Տորոթի Տէյ. «Մի փոքր մեծ ամերիկացի կին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Մի փոքր մեծ ամերիկացի կին» մը, որ «կրակ ունէր իր մէջ». այսպէս յիշեց Լեւոն ԺԴ. Պապը Տորոթի Տէյը, Աստուծոյ աղախինը, որ մահացած էր 45 տարի առաջ (29 Նոյեմբեր 1980), եւ որ իր կեանքը նուիրեց վերջիններուն: Փիթըր Մորինի հետ եղած է հիմնադիրը The Catholic Worker շարժումի եւ նոյնանուն թերթին, որոնք այսօր ալ կը գործեն աշխարհի զանազան մասերուն մէջ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Տէյը եղած է լրագրող եւ կաթողիկէ խաղաղասէր, որ ամէն օր կը ջանար Աւետարանը դարձնել շօշափելի գործելակերպ: Տասնամեակներ շարունակ, մինչեւ իր մահը, անիկա ապրած էր Catholic Worker-ի հիւրընկալութեան տուներուն մէջ՝ աղքատներուն եւ զրկուածներուն հետ միասին:
Ժառանգութեանը Նուիրուած Համագումար
Արժանի է յիշել որ կազմակերպուած է Տորոթի Տէյի ժառանգութեան նուիրուած «Յոյսի Ուխտաւոր մը» (A Pilgrim of Hope) խորագրով համագումար մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26-ին, Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանին մէջ:
Այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Քահանայապետական Համալսարանին, Նոթըր Տամի Համալսարանին եւ Նիւ Եորքի Մանհաթըն Համալսարանին կողմէ, սկզբնական շրջանին պիտի կենդրոնանայ Տորոթի Տէյի հոգեւորութեան իմաստին, ինքնատիպութեան եւ սահմանափակումներուն վրայ, ունենալով Ռոպըրթ Էլսպերկի եւ Մարգարէթ Ռ. Փֆայլի ելոյթները:
Աշխատանքներու երրորդ եւ վերջին բաժինը պիտի ներկայացնէ Աստուծոյ աղախինին երկու թոռներուն՝ Մարթա Հեննեսիի եւ Քէյթ Հեննեսիի վկայութիւնները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
