Վստահիլ Տիրոջ եւ ըլլալ յոյսի ուխտաւորներ այնտեղ, որտեղ կը պակսի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ 17 Նոյեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 15:30ին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակութիւններու շուրջ 220 դիւանագիտական համագործակիցներուն հետ, որոնք Հռոմ ժամանած են Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս։
Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութիւնը
«Նաեւ դուք, ինչպէս շատ ուխտաւորներ, եկած էք Հռոմ՝ Պետրոս Առաքեալի գերեզմանի մօտ, հաստատելու ձեր հաւատքը եւ նորոգելու ձեր ծառայութիւնը ոգեշնչող դիտաւորութիւնները։ (․․․) Դուք ընտրուած էք՝ Քահանայապետական Նուիրակութիւններէն ներս կատարելու քահանայական ծառայութիւնը, որ պարգեւ եւ յանձնառութիւն է՝ ամէնուրեք ապահովելու համար ողջ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Քահանայապետի հովուական հոգատարութիւնը»։ Այս արտայայտութիւններով Սրբազան Պապը դիմեց ներկաներուն իր ճառին սկիզբը։
«Դժուարին ծառայութիւն», նկատել տուաւ, ապա, Ան, որ կը պահանջէ Աստուծոյ հանդէպ բոցավառ սիրտ եւ մարդկութեան համար բաց սիրտ։ Կը պահանջէ ջանք ու փորձառութիւն, անձնուրացութիւն ու քաջութիւն»։
Գնահատել տեղական աւանդոյթները՝ պահպանելով կապը Եկեղեցւոյ հետ
Նորին Սրբութիւնը յատուկէն շեշտեց, նաեւ, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ անհրաժեշտ է, «ամենօրեայ խօսքերով եւ գործողութիւններով կառուցել յարաբերութիւններ բոլորի հետ՝ դիմադրելով մեկուսանալու գայթակղութեան» եւ «պատուաստուած մնալով եկեղեցական մարմնի եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ», «աւետարանական ոճով ընկղմուելով բոլոր այն իրականութիւններուն մէջ», ուր կ’ապրին ու կ’աշխատին։
Պապը, սակայն, զգուշացուց, որ «ներմշակութային ընդելուզումը «ֆոլքլորային» վերաբերմունք մը չէ, այլ պէտք է բխի հողին եւ մարդոց նուիրուածութենէն» եւ միաժամանակ յիշեցուց, որ այդ «նոր պատկանելութեան» ծիրէն ներս պէտք է շարունակել պահպանել եւ ամրապնդել կապը Եկեղեցւոյ հետ՝ չկորսնցնելու համար համոզումը, չնմանելու համար արմատներէն զուրկ ծառի մը նման, յարեց Ան։ Հետեւեցաւ Սրբազան Քահանայապետին խորհուրդը՝ հայող ծանր պահերու ատեն վերաբերմունքին, որ է՝ առաջնորդուիլ Սուրբ Օգոստինոսի «Pondus meum, amor meus - Իմ կշիռը իմ սէրն է» բառերով եւ վստահիլ Տիրոջ, քանզի, նոյնիսկ երբ կատարած գործը ապարդիւն կը թուայ, Տէրը ցոյց կու տայ յստակ նպատակակէտը եւ ապահով ճամբան, որով պէտք է քալել (հմմտ. Ա Թագաւորաց 19։1-18)։
Ըլլալ յոյսի ուխտաւորներ այնտեղ, որտեղ կը պակսի խաղաղութիւն
«Դուք էք երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը» (հմմտ. Մատթէոս 5, 13-14)։ Յղում կատարելով Մատթէոս Աւետարանիչի այս խօսքերուն, Լեւոն ԺԴ․ յորդորեց ըլլալ «յոյսի ուխտաւորներ, յատկապէս այնտեղ, որտեղ մարդկանց կը պակսի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն»։
Ան, ի վերջոյ, յոյս յայտնեց, որ «եղբայրութեան եւ աղօթքի մէջ անցուցած այս օրերը» «կ’օգնեն եռանդուն կերպով շարունակելու Եկեղեցւոյ կողմէ վստահուած առաքելութիւնը» եւ խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել իրենց Նուիրակութիւններու ղեկավարներուն, որոնց հետ հանդիպած էր անցեալ Յունիսին։
Քահանայապետը պատգամը աւարտեց բոլոր ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ հայցելով Տիրամօր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
