Կաթողիկէները եւ Ուղղափառները պէտք են ըլլալ խաղաղութեան կառուցողներ արիւնալի հակամարտութիւններու այս դարաշրջանին․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի՝ 30 Նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի այցէն եւ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին ու հայ հաւատացեալներուն հետ հանդիպումէն ետք, իր ուխտագնացութիւնը Նիկիա աւարտեց Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին մասնակցութեամբ, որ նախագահեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա․՝ Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
Անդրեաս առաքեալի տօնախմբութիւնը
Պատարագի ընթացքին «յիշատակուեցաւ Անդրեաս Առաքեալը, որ, ըստ հին աւանդոյթի, Աւետարանը բերած է այս քաղաք»: Ճիշտ այս աւանդոյթին յղում կատարեց Նորին Սրբութիւնը արարողութեան աւարտին ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը՝ ընդգծելով որ «անոր հաւատքը Տիեզերական ժողովներէն սահմանած նոյն մեր հաւատքն է եւ կը դաւանուի Եկեղեցւոյ կողմէ այսօր»:
Չնահանջել միասնութեան յանձնառութեան մէջ՝ չնայած խոչընդոտներուն
«Անցեալին տարբեր եկեղեցիներու քրիստոնեաներու միջեւ բազմաթիւ թիւրըմբռնումները» եւ «տակաւին առկայ խոչընդոտները», «կը խանգարեն լիարժէք հաղորդութիւնը», շարունակեց Պապը, որ սակայն խրախուսեց «չնահանջել միասնութեան յանձնառութեան մէջ ու շարունակել մէկը միւսին եղբայրներ համարել եւ սիրել այնպէս ինչպէս որ են»։
1965ին ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը
Այս շրջագիծէն ներս Նորին Սրբութիւնը յիշատակեց 60 տարի առաջ Պօղոս Զ. Պապի եւ Աթէնագորաս Պատրիարքի կողմէ ստորագրած «համատեղ հռչակագիրը», որուն նպատակն էր Եկեղեցւոյ պատմութեան յիշողութենէն ջնջել «1054 թուականի փոխադարձ նզովքներուն յանգեցուցած ապերջանիկ որոշումներն ու տխուր իրադարձութիւնները» եւ, այդպիսով, հարթել կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու միջեւ հաշտեցման եւ միաբանութեան ճանապարհը։
Շարունակական եղբայրական շփումներ
Լեւոն ԺԴ․ նաեւ նկատել տուաւ, որ այդ ճամբուն վրայ յաճախակի շփումները, եղբայրական հանդիպումները ու աստուածաբանական արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը, եկեղեցական եւ կանոնական մակարդակներուն վրայ ձեռնարկուած քայլերը ՝ այսօր յանձնառու կը դարձնեն վերականգնելու լիարժէք հաղորդութիւնը։
Այս առումով, Ան արտայայտեց ամբողջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ իր անձնական երախտագիտութիւնը Տիեզերական Պատրիարքի եւ Պատրիարքութեան կողմէ երկու Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան Համատեղ Միջազգային Յանձնաժողովի աշխատանքին աջակցելու համար։
Մարդկութեան եւ արարչագործութեան մարտահրաւէրները
Լիակատար հաղորդութիւնը նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի իր՝ որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս, ծառայութեան առաջնահերթութիւններէն մին նկատելով, Սրբազան Պապը թուարկեց նաեւ այն մարտահրաւէրները, որոնք երկու Եկեղեցիները կանչուած են դիմագրաւելու՝ «ամբողջ մարդկութեան եւ ողջ արարչագործութեան հոգ տանելու համար»։
Զատորոշել խօսքերը եւ գործողութիւնները՝ իսկապէս ի սպաս խաղաղութեան
Արիւնալի հակամարտութիւններու դարաշրջանին, կաթողիկէները եւ ուղղափառները նախ՝ պէտք են ըլլալ խաղաղութեան կառուցողներ՝ զատորոշելով խօսքերը, վարմունքները եւ գործողութիւնները՝ իսկապէս ի սպաս խաղաղութեան։
Բնապահպանական ճգնաժամը, անհրաժեշտ է իսկական հոգեւոր դարձ
Բնապահպանական ճգնաժամը Լեւոն ԺԴ. դիտեց որպէս այլ մէկ մարտահրաւէր, որ երկու Եկեղեցիները պէտք են դիմագրաւել․ Ուղղութիւնը փոխելու եւ արարչագործութիւնը պաշտպանելու համար կը պահանջուի իսկական հոգեւոր դարձ եւ, նոր մտածելակերպի խթանում, որպէսզի բոլորը իրենց արարչագործութեան պահապաններ զգան, յարեց Ան՝ ընդգծելով, որ Բարթողոմէոս Ա․ յաճախակի յիշեցուցած է այդ մասին։
Նոր արհեստագիտութիւններու պատասխանատու օգտագործում
Սրբազան Հօր կողմէ նշած երրորդ մարտահրաւէրը վերաբերեցաւ նոր արհեստագիտութիւններու օգտագործման, «մասնաւորապէս՝ հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս», ուր ան կարեւորեց այդ արհեստագիտութիւններու պատասխանատու օգտագործման խթանումը համատեղ աշխատանքի միջոցաւ ՝ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացման։
«Այս մարտահրաւէրներուն արձագանքելով՝ վստահ եմ, որ բոլոր քրիստոնեաները, այլ կրօնական աւանդոյթներու անդամները եւ բարի կամքի տէր բազմաթիւ կանայք ու տղամարդիկ կարող են ներդաշնակօրէն համագործակցիլ ու աշխատիլ յանուն ընդհանուր բարօրութեան», ընդգծեց հուսկ Լեւոն ԺԴ.։
Ան, ի վերջոյ, ամենաջերմ մաղթանքներով ու երախտագիտական խօսքերով հրաժեշտ տալով «Քրիստոսի մէջ իր եղբայր» Բարթողոմէոսին, հայցեց, որպէսզի՝ Անդրէաս Առաքեալի, անոր եղբօր Պետրոս Առաքեալի, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ Առաջին ժողովի բոլոր Սուրբ հայրերու բարեխօսութեամբ, Աստուծոյ օրհնութիւնը առատօրէն իջնէ ներկաներուն վրայ։
Համամիութենական օրհնութիւն
Աւարտին՝ երկու Եկեղեցապետերը Պատրիարքարանի պատշգամէն համամիութենական օրհնութիւն շնորհեցին։ Բարթողոմէոս Ա.ի հետ ճաշելէն ետք Լեւոն ԺԴ․ փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի միջազգային օդակայան՝ մեկնելու Պէյրութ, ուր ժամանումը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը ժամը 15։45ին։
Նշենք նաեւ, որ Պօղոս Զ. Պապի եւ Աթէնագորաս Պատրիարքի 6 Յունուար 1964ին՝ Երուսաղեմի մէջ հանդիպումով, սկիզբ դրուած է մինչ օրս շարունակուող աւանդոյթի մը, որուն համաձայն , Հռոմի Պաշտպան Սուրբեր Պետրոսի և Պօղոսի յիշատակի օրը՝ 29 Յունիսին, եւ Կ․Պոլսոյ Պատրիարքութեան Պաշտպան Սուրբ Անդրէասի յիշատակի օրը՝ 30 Նոյեմբերին, Կաթողիկէ և Ուղղափառ Եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները փոխադարձաբար կը մասնակցին համապատասխան տօնախմբութիւններուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
