2025.11.29 Viaggio Apostolico in Turkiye - Doxologia nella Chiesa Patriarcale di San Giorgio

Լեւոն ԺԴ․ այցելեց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի

Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700ամեակին առթիւ Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը այսօր յատկանշուեցաւ Ֆանարի Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ «Տոքսոլոճիա»՝ առ Աստուած փառաբանական եւ գոհաբանական աղօթքին մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապի ու Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքի միջեւ «համատեղ հռչակագիրի» ստորագրութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 29 Նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Մոր Էֆրեմ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ համայնքներու ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք, ուղղուեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցի։

Նշենք, թէ Կոստանդնուպոլիսը Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ 1453 թուականին գրաւելէն եւ Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթ վերածելէն ետք, Պատրիարքարանը տարբեր անգամներ տեղափոխուած է եւ 1600 թուականին հաստատուած Ֆանար թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի մինչ օրս։ Անոր հարեւանութեամբ 1720 թուականին կառուցուած է Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին, որ  զուրկ է գմբեթէն, քանի որ, համաձայն օսմաններու կողմէ սահմանուած կանոնի, գմբեթները կը համարուէին իսլամական աւանդոյթի շէնքերու բացառիկ իրաւասութիւնը:

Ֆանար ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա. Կողմէ։ Միասին մոմ վառելէն ետք, երկու Եկեղեցապետերը մուտք գործեցին Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի՝ մասնակցելու  «Տոքսոլոճիա»՝ առ Աստուած փառաբանական եւ գոհաբանական աղօթքին։

Անկեղծ եւ եղբայրական բարեկամութիւն, որ կը շարունակէ խորանալ

Արարողութեան ընթացքին իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Բարթողոմէոսին խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։

«Յուզուեցայ՝ գիտակցելով, որ կ՚երթամ Պօղոս Զ., Յովհաննէս Պօղոս Բ., Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերուն հետքերով», նշեց Պապը եւ յատուկէն ընդգծեց, որ Բարթողոմէոս անոնց բոլորին հետ զարգացուցած է «անկեղծ եւ եղբայրական բարեկամութիւն՝ հիմնուած միասնական հաւատքի եւ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի առջեւ ծառացած բազմաթիւ հիմնական մարտահրաւէրներու ընդհանուր տեսլականի վրայ»: 

Լեւոն ԺԴ., առ այդ, վստահութիւն յայտնեց, որ նաեւ այս հանդիպումը կնպաստէ «բարեկամութեան կապերու ամրապնդման, որոնք», շեշտեց Ան, «արդեն սկսած էին խորանալ, երբ առաջին անգամ հանդիպեցինք որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս իմ ծառայութեան սկիզբը, յատկապէս Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութեան ատեն, որուն Ձերդ Սրբութիւնը սիրալիր կերպով ներկայ գտնուեցաւ», յարեց հուսկ Քահանայապետը։

Քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար միասնութեան ձգտելու համատեղ յանձնառութիւն

Անդրադառնալով ապա Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակի «նշանակալի իրադարձութեան», Լեւոն ԺԴ., ի մասնաւորի, ըսաւ. «ոգեշնչուած Յիսուսի աղօթքով, որպէսզի իր բոլոր աշակերտները մէկ ըլլան» (հմմտ. Յովհաննէս 17։21), կը քաջալերուինք բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար միասնութեան վերականգնման ձգտելու մեր յանձնառութեան մէջ»։ 

Սրբազան Հայրը, ի վերջոյ, Տիեզերական Պատրիարքութեան Պաշտպան Սուրբ Անդրեաս Առաքեալի տօնին ընդառաջ, որ երկու եկեղեցական առաջնորդները պիտի տօնախմբեն միասին վաղը՝ 30 Նոյեմբերին, բոլորին յղեց իր ջերմագին բարեմաղթանքները։ 

Համատեղ հռչակագիր

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը եւ Տիեզերական Պատրիարքը, Պատրիարքական Պալատին մէջ, ստորագրեցին «համատեղ հռչակագիրը» եւ մասնաւոր հանդիպում ունեցան, որմէ՝ ծիրէն ներս ներկայացուցին համապատասխան պատուիրակութիւններու անդամները։

Անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ «Volkswagen Arena» համալիր, որուն մէջ տեղական ժամով ժամը 17:00ին պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ՝ մասնակցութեամբ տեղական հաւատացեալներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 14:57