2025.11.19 L'incontro in Segreteria di Stato per comunicare la nomina del nuovo assessore

Պետական Քարտուղարութեան մէջ Քահանայապետական նոր անուանումներ

Լեւոն ԺԴ. 44-ամեայ նիճերիացի աստուածաբան և կանոնական գործիչ Գերապ. Anthony Onyemuche Ekpo-ն նշանակեց Պետական Քարտուղպարութեան Խորհրական հուկ Պետութիւններու և Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնի ենթաքարտուղար

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը չորեքշաբթի` 19 նոյեմբերին Պետական Քարտուղարութեան ծիրէն ներս կատարեց երկու կարեւոր անուանումներ։

Առաջինը` Պետական Քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու Խորհրդականի անուանումը, յանձինս Գերապ. Anthony Onyemuche Ekpo-ն, որ մինչեւ օրս կը վարէր Մարդկային Համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան ենթաքարտուղարի պաշտօնը։

Ան ծնած էր Նիճերիա` 24 սեպտեմբեր 1981-ին, Քահանայ ձեռնադրուած է 30 Յուլիս 2011-ին, Աստուածաբանական եւ Եկեղեցական կանոնական մասնագիտութիւնը աւարտելէն ետքը, 2016-ին սկսած է Սուրբ Աթոռին մօտ դիւանագիտական ծառայութիւնը եւ 2023-ին նշանակուեցաւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան Վերատսեչութեան ենթաքարտուղար։ Կը խօսի Իկպօ, Անգլերէն, Իտալերէն եւ Ֆրանսերէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա Գերապ. Mihăiţă Blajը նշանակեց Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար։ Ծագումով Ռումանացի, ծնած է

7 հոկտեմբեր 1978, Քահանայ ձեռնադրուած է 29 Յունիս 2004-ին։ Աւարտած է Աստուածաբանութեան մասնաճիւղը։ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական​​ծառայութեան մէջ ընդունուած է 2012 մէկ Յուլիսին, ապա ծառայած է Էքուատորի, Վրաստանի եւ Չատի Առաքելական Նուիրակութիւններուն մէջ, հուսկ Պետական​​Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու բաժնին մէջ սկսեալ 2022 թուականէն։ Կը խօսի՝ իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, գերմաներէն:

Անուանումներու յայտարարութիւնը տեղի ունեցան Պետական Քարտուղարութեան մէջ, Կարդինալ Փարոլինի ներկայութեամբ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 12:00