Պատերազմէ տառապող աշխարհին մէջ դառնանք եղբայրութեան կառուցողներ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ մէկ նոյեմբերին` Կրթութեան Աշխարհի Յոբելեանին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, որուն ընթացքին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեց Սուրբ Ժոն Հանրի Նիումանը, Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ քան նոյն վայրէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը ուզեց ողջոյնի խօսք մը ուղղել արարողութեան մասնակցողներուն, յատուկէն ողջունելով Կարդինալները, եպիսկոպոսները ու պատկան իշխանութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Անգլիոյ Եկեղեցիէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Եորքի Արքեպիսկոպոս Արհ. Սթեֆըն Քոթթրելը։
«Սիքստինեան մատրան մէջ մի քանի օրեր առաջ Նորին Գերազանցութիւն Չարլզ Գ. Թագաւորի հետ պատմական աղօթքի հանդիպումէն յետոյ, ձեր այսօրեայ ներկայութիւնը կ՛ արտայայտէ մեր համատեղ ուրախութիւնը Սուրբ Ժոն Հանրի Նիումանի՝ Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակման առիթով» ըսաւ Քահանայապետը հայցելով որ «Ան երկնքէն ուղեկցի քրիստոնեաներուն լիակատար միութեան ճանապարհին»։
Ողջունելէ ետք ապա պատարագին մասնակցող այլ ուխտաւորներու խումբերը Սրբազան Պապը նշեց. «սուրբերու հաղորդութեան խորհուրդը, զոր մենք այսօր խոր կերպով կը շնչենք, մեզի կը յիշեցնէ թէ ո՞րն է մարդկութեան վերջնական ճակատագիրը. մեծ տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին մենք միասին կ՛ուրախանանք Աստուծոյ սիրով, որ ներկայ է բոլորիս մէջ, ճանչնալով և հիանալով դէմքերու բազմակողմանի գեղեցկութեամբ, որոնք բոլորը տարբեր են և բոլորը նման են Քրիստոսի Դէմքին» ըսաւ Ան եւ աւելցուց. «Մինչ կը սպասենք այս ապագայ իրականութեան, մենք աւելի ուժեղ և ցաւոտ կերպով կը զգանք հակադրութիւնը մարդկային ընտանիքի դիմագրաւած ողբերգութիւններուն հետ, որոնք կը տառապին անարդարութեան և պատերազմի պատճառով։ Եւ մենք առ աւելի հրատապ կերպով կը զգանք եղբայրութեան կառուցողներ ըլլալու պարտականութիւնը»։
«Մեր աղօթքն ու մեր յանձնառումը յանձնենք Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ բոլոր Սուրբերու բարեխօսութեան», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ հրապարակ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ