2025.11.20 Visita ad Assisi

Լեւոն ԺԴ. այցելեց Ասսիզին ու հանդիպեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն հետ. Աշխարհը կը փնտռէ յոյսի նշաններ

Ցուցումներ, գաղափարներ, առաջարկներ, կենդանի Եկեղեցւոյ տեսլական մը, որ կ՛ ապրի ժողովուրդի մէջ՝ զարգացնելու «հանդիպման մշակոյթ»ը՝ մաքուր սիւնհոդոսական ոճով, հակառակ այս «կոտրուածքներով նշանաւորուած ժամանակ»ը ուր պէտք դառնալ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան արհեստաւորներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` 20 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծննդավայր եւ սրբավայր Ասսիզի քաղաք, ուր այս օրերուն Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը գումարած է իր 81-րդ ընդհանուր ժողովը, ի յիշատակութիւն Սուրբին մահուան 800 ամեակին։

Նորին Սրբութիւնը Ասսիզի ժամանեց կէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք ու հազիւ ժամանած այցելեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին դամբանը այնտեղ պահ մը ամփոփուելով աղօթքի մէջ, ուր արտասանեց նաեւ առաջին բառերը ըսելով. «Օրհնութիւն է այսօր այստեղ՝ այս սրբազան վայր գալը։ Մենք կը մօտենանք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800-ամեակին, և սա մեզի հնարաւորութիւն կու տայ պատրաստուիլ տօնելու այս մեծ, համեստ և խոնարհ Սուրբը, մինչ աշխարհը կը փնտռէ յոյսի նշաններ»։

Հանդիպում Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն հետ

Նորին Սրբութիւնը ապա «Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի» Պազիլիքային մէջ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը, որուն մէջ շեշտը դրաւ սիւնհոդոսական ընթացքի վրայ հրաւիրելով զանոնք դառնալու «ժողովական Եկեղեցի մը» խթանելով «համապարփակ մարդաբանութիւն մը»

Վերամեկնիլ հաւատքէն

«Ես ուրախ եմ, այս առաջին կանգառին համար, թէև շատ կարճ, Ասսիզիի մէջ, վայր, որ խորապէս նշանակալից է հաւատքի, եղբայրութեան և խաղաղութեան իր տարածած պատգամին համար, որուն աշխարհը հրատապ կարիքն ունի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ողջունելով ներկաները ու նկատել տալով թէ «խաղաղութիւնը որ կը ծնի Յիսուսի սիրով սուրբ սրտէն պէտք է միշտ նկատուի կիզակէտը, վերադառնալու համար «քերիկմային», այսինքն քրիստոնէական հիմնական պատգամին` որ Յիսուս Քրիստոսի մահն ու յարութիւնն է եւ անորմէ բխած փրկութիւնը. «Վերամեկնիլ հաւատքի այն գործողութիւնէն, որ մեզ ճանչնալ կու տայ Քրիստոսը որպէս Փրկիչ և որ կ՛արտայայտուի առօրեայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ»։

Խաղաղութեան մարգարէներ

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա այսօրուայ ժամանակներուն, որոնք յատկանշուած են «խզումներով» ըլլայ ազգային ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, ուր ի յայտ կու գայ միշտ «հակառակութեամբ ու բռնութեամբ» յատկանշուած ոճ մը, ուր ետ կը մնան աւելիով դիւրաբեկները եւ ուր ազատութիւնը վտանգի մատնուած է «արհեստականութեան ամենակարողութենէն» եւ ուր կը գերիշխէ առանձնութիւնը։

Աստուծոյ Խօսքը եւ Հոգին մեզ կը խրախուսեն դառնալու եղբայրութեան, բարեկամութեան ու մեր հասարակութիւններուն մէջ իրական յարաբերութիւններու արհեստաւորներ, ուր անվախ եւ անվարան պէտք է ներդաշնակենք լարուածութիւնները, զարգացնելով հանդիպումի մշակոյթը ու դառնալով խաղաղութեան մարգարէներ. Եղան Սրբազան Պապին եպիսկոպոսներուն փոխանցած թելադրանքները։

Ան ապա ակնարկեց անցեալ Յունիս ամսուայ մէջ անոնց հետ ունեցած հանդիպումին որուն ընթացքին շեշտը դրած էր հռչակումի, խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան խթանման, երկխօսութեան մշակոյթի, քրիստոնէական մարդաբանական տեսլականի վրայ եւ այժմ, ըսաւ Ան, հարկ է որ եպիսկոպոսները գծեն հովուական նոր գիծեր, «սիւնհոդսական հոգիով» զարկ տալով «ժողովական Եկեղեցւոյ մը» բաց դարձնելով մեր եկեղեցական ու կրօնական ինքնութիւնը, կառուցելու համար «բաց եւ հիւրընկալ քրիստոնէական հանքամայր, ուր յարաբերութիւնները կը դառնան փոխադարձ պատասխանատուութիւն ի սպաս Աւետարանի հռչակումին։

Ժողովրդական Խորհրդակցութիւն

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց աւելիով զօրացնել «Ժողովրդական Խորհրդակցութիւնը» յատկապէս հայող Եպիսկոպոսներու անուանումին ամրապնդելով Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան ու Առաքելական Նուիրակութիւններու միջեւ համադրութիւնը։ Յիշելով ապա իրեն նախոր Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը Լեւոն ԺԴ. իր կարգին հաստատեց թէ եպիսկոպոսներուն համար լաւ պիտի ըլլայ յարգել կանոնադրութիւնը ու 75 տարեկանին ներկայացնել հրաժարականը «սորվելով հրաժեշտ առնել», ու միայն Կարդինալի մը պարագային կարելի ըլլայ գնահատել ծառայութեան շարունակութիւնը, երկու այլ տարուայ համար։

Համապարփակ մարդաբանութիւն

Սրբազան Պապը Եկեղեցիէն խնդրեց որ յիշէ Վատիկանեան Տիեզերականն Բ Ժողովին կտրած ճանապարհը հրաւիրելով շարունակել խթանել Համապարփակ մարդաբանութիւն որ բարձրացնէ կեանքի արժէքը և իւրաքանչիւր արարածի խնամքը, որ մարգարէաբար միջամտէ հանրային քննարկումներուն՝ օրինականութեան և զօրակցութեան մշակոյթ մը տարածելու համար։

Բնակիլ թուային աշխարհին մէջ

Քահանայապետին արծարծած այլ նիւթերէն մէկը եղաւ նոր հաղորդամիջոցներն ու թուային աշխարհը որոնց մասին խօսելով խրատեց չի բաւարարուիլ այդ գործիքները օգտագործելու մէջ այլ «Կրթել մարդիկը թուային կեանքը մարդկային ձևով ապրելու համար՝ առանց թոյլ տալու, որ ճշմարտութիւնը կորսուի կապերու բազմապատկումին ետեւ, որպէսզի ցանցը կարողանայ իսկապէս ըլլալ ազատութեան, պատասխանատուութեան և եղբայրութեան տարածք»։

Աղքատներու Կողքին

«Քալել միասին, քալել բոլորի հետ կը նշանակէ ըլլալ Եկեղեցի մը որ կ՜ապրի ժողովուրդին մէջ, կ՜ըկալէ հարցերը, կը սփոփթ ցաւերը ու կը կիսէ յոյսերը» շետշեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց եպիսկոպոսները մռտիկ ըլլալու ընտանիքներուն, երիտասրադներուն ու տարցեներուն ու անոնց որոնք կ՛ապրն առանձութեան մէջ։ «Շարունակեցէք նուիրուիլ աղքատներու խնամքին» յորդորեց Լեւոն ԺԴ. երախտագիտութիւն արտայայտելով բոլոր այն բարեգործական կեդրոններուն որոնք արդեն կը կատարեն այս աշխատանքը։

Սրբազան Պապին պատգամին մէջ տեղ գրաւեց նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումներու հարցը հրաւիրելով ներկաները ուշադրութիւն դարձնելու ու զարգացնելու « կանխարգելման մշակոյթ» մը։ Ապա մօտիկ ըլլալու չարաշահումներու զոհերուն, ունկնդրութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ։

Եղբայրութեան ընտրութիւնը

Խօսքի աւարտին՝ Սրբազան Պապ յղում կատարեց Ասսիզացիի աղքատիկ Սուրբին ու անոր ընկերներուն ապրած սիւնհոդոսականութեան ոճին յիշելով, որ եղբայրութեան ընտրութիւնը, որ ֆրանչիսկեան խարիզմի սիրտն է, ներշնչուած է անվախ և յամառ հաւատքէն, եւ ասկէ մեկնելով յոյս յայտնեց հետեւելու Իտալիոյ պաշտպան սուրբին օրինակին, կատարելով «իսկական հաւատքէ» ներշնչուած ընտրութիւններ, որպէսզի` որպէս Եկեղեցի ըլլանք Աստուծոյ Թագաւորութեան նշանն ու վկայութիւնը։

Իտալիայի Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպման աւարտին Լևոն ԺԴ.ը փոխադրուեցաւ Մոնթեֆալքօ. ուր Սուրբ Պատարագ մատուցեց Օգոստինեան վանքին մէջ ապա կէսօրուան ճաշը կիսելէն ետք ուղղաթիռով կը վերադառնայ Վատիկան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 11:37