2025.11.17 Comitato Direttivo della Federazione Biblica Cattolica

Եղէք Աստուծոյ խօսքին կենդանի տառերը. Լեւոն ԺԴ. Կաթողիկէ Աստուածաշունչի Դաշնութեան անդամներուն

Ակնարկելով Դաշնութեան առաքելութեան Սրբազան Պապը նշեց, որ Եկեղեցին «չապրիր ինքն իրմով այլ Աւետարանով» ու թէ Աստուծոյ Խօսքը լսելն ու հռչակելը եկեղեցւոյ սեփական գործողութիւններ են։ Այնուհետև Ան ընդգծեց նոր աստուածաշնչական ծառայութեան մը անհրաժեշտութիւնը, որ կարող ըլլայ հասնիլ երիտասարդ սերունդներին, որոնք ընկղմած են թուային աշխարհին մէջ և Աւետարանէն հեռու մշակութային ոլորտներուն մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 17 նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը օրուան պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ առաքելական պալատէն ներս ընդունելով Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի գործադիր յանձնաժողովի անդամները, ապա Քահանայապետերու դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ Աստուածաշունչի դաշնութեան վարչական խորհուրդին, հուսկ Թեմի ծիսական հովուական կառավարիչներու վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներուն, որոնցմէ ետքը Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Առողջապահական ոլորտի ընկերութիւններու կառավարման մէջ բարոյականութեան վերաբերեալ ուսումնաժողովին մասնակիցները, ապա հանդիպեցաւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլայի հետ։

Կէսօրէն ետքը ժամը 3,30-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը կատարող Առաքելական Նուիրակութիւններու Դիւանագիտական​​​​համագործակիցներուն հետ։

Աստուծոյ Խօսքին կեդրոնականութեան կարեւորութիւնը

Կաթողիկէ Աստուածաշունչի դաշնութեան վարչական խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քոխին եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Կարդինալ Թակլէին, ինչպէս նաեւ Դաշնութեան բոլոր անդամներուն անոնց յանձնառումին` խթանելու Սուրբ Գիրգին տարածումն ու հասկացողութիւնը։

Ան ապա ընդգծեց Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Աստուծոյ Խօսքին կեդրոնականութեան կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ յղում կատարեց «Dei Verbum» Վարդապետական կանոնադրութեան, որ հրապարակուած է Վատիկանի Երկրորդ տիեզերական ժողովի կողմէ եւ կը հայի «Աստուածային Յայտնութեան» և Սուրբ Գիրքին։

Եկեղեցին չապրիր ինքն իրմով այլ Աւետարանով

Ակնարկելով Դաշնութեան առաքելութեան Սրբազան Պապը նշեց, որ Եկեղեցին «չապրիր ինքն իրմով այլ Աւետարանով» ու թէ Աստուծոյ Խօսքը լսելն ու հռչակելը եկեղեցւոյ սեփական գործողութիւններ են։ Այնուհետև Ան ընդգծեց նոր աստուածաշնչական ծառայութեան մը անհրաժեշտութիւնը, որ կարող ըլլայ հասնիլ երիտասարդ սերունդներունն, որոնք ընկղմած են թուային աշխարհին մէջ և Աւետարանէն հեռու մշակութային ոլորտներուն մէջ։

Դառնալ Հոգիի կենդանի տառեր

«Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր երաշխաւորել Սուրբ Գիրքին հեշտ հասանելիութիւնը», - հարց տուաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով մշակել աւետարանութեան նոր ուղիներ և Աստուածաշունչը իսկապէս ներկայ դարձնել մարդոց կեանքին մէջ:

Ան ապա խօսքը եզրափակեց՝ կոչ ընելով Կաթողիկէ Աստուածաշունչի դաշնութեան վարչական խորհուրդի անդամներուն դառնալու Հոգիի «կենդանի տառեր», իրենց առաքելութիւնը վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան և անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 10:07