Լատինաց Սուրբ Հոգի Եկեղեցիին մօտ Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Թուրքիոյ կղերական դասի անդամներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը որ երէկ սկիզբ տուած էր իր Քահանայապետտութեան առաջին առաքելական ճամբորդութեան ու ժամանած էր Թուրքիա անցնելով Անգարայէն ու երեկոյեան փոխադրուելով Իսթանպուլ, Ուրբաթ` 28 Նոյեմբերին առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը սկսաւ առաւօտ կանուխ Իսթանպուլի Առաքելական Պատուիրակութեան մօտ մատուցելով սուրբ պատարագը ապա փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի լատինաց Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ կղերական դասի անդամներուն հետ։
Լատինաց Սուրբ Հոգի Եկեղեցին պաշտամունքի վայր դարձած է 5 Յուլիս 1846-ին որուն խորանին վրայ զետեղուած է Սուրբ Լինոյի մասունքները` Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդ Քահանայապետ եւ մարտիրոս (67-69)։
Սուրբին մասունքները Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ նուիրեց Լեւոն ԺԳ Պապը Սուրբ Յովհաննէս Քրիզոստոմոյի, տօնին օրը, 27 Յունուար 1884-ին։ Եկեղեցին կարող է պարունակել 550 հաւատացեալ եւ անոր ներքին գաւիթին մէջ զետեղուած է Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետին արձանը, կառուցուած թուրքերու կողմէ` 1919-ին, թէեւ ան տակաւին ողջ էր, առ ի շնորհակալութիւն 1915-1918-ի պատերազմի զոհերուն ի սպաս անոր յանձնառումին։ Արձանին մօտ կը կարդացուի հետեւեալ գրութիւնը. «Համաշխարհային ողբերգութեան Մեծն Քահանայապետ, Պենետիկտոս ԺԵ, ժողովուրդներու բարերար, առանց ազգութեան կամ կրօնի զանազանութեան, երախտագիտութեան ի նշան»։
Յայտնենք` որ ճիշտ Պենետկտոս ԺԵ Պապի քահանայապետութեան ժամանակ է որ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնը, որուն զոհը եղան հայ քրիստոնեաները եւ այլոք, եւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, որուն մէկ նամակը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ, չի զլացաւ պաշտպանելու զանոնք ու անոնց համար հայցելու արդարութիւն։
Եկեղեցին մինչեւ օրս այցելած էին չորս Քահանայապետեր. Սուրբ Պօղոս Զ, Աթենակորա Տիեզերական Պատրիարքին հետ միասին (1967)) Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Տիմիթրօ Ա Տիեզերական Պատրիարքին հետ միասին (1979), Պենետիկտոս ԺԶ (2006) եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը 2014 -ին` Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքի հետ միասին եւ ահա այսօր Եկեղեցին կը հիւրընկալէ նոր Քահանայապետը` Լեւոն ԺԴ.ը։
Աթոռանիստ Եկեղեցի ժամանելուն Լեւոն ԺԴ. Պապը դիմաւորուեցաւ Իսթանպուլի Առաքելական Տեղապահ եպիսկոպոսի եւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի կողմէ եւ այս վերջինս անոր յանձնեց խաչն ու օրհնեալ ջուրը որով Սրբազան Պապը օրհնեց մուտքն ու ներկաներ մինչ երկու մանուկներ անոր նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց տաճար եւ ուղղուեցաւ կեդրոնական խորան մինչ անոր աջ ու ձախ կողմը իրենց տեղերը գրաւած էին եպիսկոպոսներ, Քահանաներ ու սարկաւագներ, ինչպէս նաեւ կրօնաւոր ու կրօնաւորուհիներ եւ հովուական խնամակալութեամբ զբաղող անձեր, որոնք կը ծառայեն Թուրքիոյ մէջ։
Նախ քան Սրբազան Պապին ներկաներուն ուղղած պատգամը Գերապ. Մարթին Քեմեթէքը Թուրքիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը, արտասանեց բարի գալուստի խօսքը, ապա տեղի ունեցան սուրբ գրային ընթերցումներ հուսկ Լեւոն ԺԴ Պապին քարոզը, որուն աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար արտասանեցին հաւատոյ դաւանանքն ու հայր մերը` որմէ ետքը Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
