Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Իզնիք Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Իզնիք   (@Vatican Media)

Գերպ Ֆլավիօ Փաչէ. Վերադարձ Երուսաղէմ՝ Քրիստոնէական միութեան աղբիւրը

«Բոլորին համար հանդիպում մը, որ այնքան սպասուած եւ փափաքուած էր, եւ որը մենք պէտք է ընդունինք մեծ զարմանքով», այսպէս Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման վերատեսչութեան քարտուղարը մեկնաբանեց Վատիկանի լրատուամիջոցներուն Նիկիոյ Ժողովի 1700-ամեակին առթիւ Իզնիքի մէջ Լեւոն ԺԴ-ի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Բարթողիմէոս Ա-ի եւ բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներու հետ համաքրիստոնէական հանդիպումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քրիստոնեաներու Միութեան վերատեսչութեան քարտուղարը անդադարձաւ Նիկիոյ Ժողովի 1700-ամեակին նուիրուած Իզնիքի համաքրիստոնէական հանդիպումի մասին: Ան նկարագրեց իրադարձութիւնը իբրեւ պատմական եւ սպասուած, որ բնորոշուեցաւ միասնական աղօթքով եւ Նիկիա-Կոստանդնուպոլսոյ Հաւատամքին արտասանութեամբ, որ տարբեր դաւանանքներու քրիստոնեաներու սրտերու միութեան խորհրդանիշն է։

Գերպ Փաչէ ընդգծեց, որ ապրուած հաղորդութեան փորձառութիւնը զօրեղ նշան մըն է՝ չնայած լարումներուն ու բացակայութիւններուն եւ  յիշեցուց հաւատքի ակունքները վերադառնալու կարեւորութիւնը՝ արդի աշխարհի մէջ իրենց դերը աւելի լաւ ըմբռնելու համար։

Գերպ Փաչէ ակնարկեց Առաջին Տիեզերական Ժողովի մեթոտին, որ կեդրոնացած էր Հոգիին ականջ դնելուն եւ ընդհանուր ճշդումին վրայ, իբրեւ օրինակ՝ այսօր ալ բաժանումները յաղթահարելու եւ հաղորդակցութիւն ստեղծելու համար ու յիշեց դէպի միութիւն կատարուած քայլերը, ինչպէս Զատիկի ընդհանուր թուականի կիսումը եւ 1965 թուականի Հռոմի ու Կոստանդնուպոլսոյ միացեալ յայտարարութիւնը, որ վերացուց 1054 թուականի փոխադարձ նզովքները։

Գերպ. Փաչէ շեշտեց նաեւ Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան փափաքը, ընդգծելով թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուղղափառներու եւ կաթողիկոսներու միացեալ ուխտագնացութիւնը դրական յառաջընթացի նշան մըն է։

Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ վերադառնալու Երուսաղէմի աղբիւրային փորձառութեանը, որ քրիստոնէական միութիւնը եւ առաքելութիւնը վերագտնելու հիմնական տարրն է աշխարհի մէջ, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ պէս հակամարտութիւններու մէջ։ Գերպ Փաչէ ընդգծեց Երանութիւններու Քարոզը միասին կրկնելու արժէքը՝ իբրեւ նորոգուած վկայութեան եւ խաղաղութեան գործունէութեան պահ մը ու շեշտեց, որ կրօնքի գործածումը բռնութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը արդարացնելու համար պէտք է մերժուի, փոխարէնը խթանելով քրիստոնէական դաւանանքներու միջեւ հանդիպումը, երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 11:14