1763974305218.JPG

Սրբազան Պապը ընդունեց Վրաստանի Վարչապետը

«Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Վրաստանի միջև լաւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, և ընդգծուեցան երկրին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին որոշակի կողմերը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երկուշաբթի` 24 նոյեմբեր առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Տիար Իրաքլի Քոպախիտզէյին, Վրաստանի Վարչապետ, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը». լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, այսօր հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

«Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Վրաստանի միջև լաւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, և ընդգծուեցան երկրին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին որոշակի կողմերը» գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ու ապա նշուած է թէ «ուշադրութիւն դարձուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներու շուրջ, մասնաւորապէս՝ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու, տարածաշրջանային իրավիճակին ազդող խնդիրներուն և երկրի առջև ծառացած մարտահրաւէրներու վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 11:28