Լեւոն ԺԴ Պապին Թուրքիոյ ճամբորդութեան երկրորդ օրը լուսանկարներով
Սրբազան Պապին համար Ստամբուլի մէջ խիտ յայտագիրով օր մըն էր, որ սկսաւ Սուրբ Հոգի տաճարին մէջ տեղական եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նուիրեալ անձանց ինչպէս նաև հովուական ծառայութեամբ զբաղող անհատներու հետ աղօթքի հանդիպումով: Այս առիթով Ան յիշեցուց` որ «Եկեղեցւոյ իրական ուժը» կը կայանայ «փոքրութեան տրամաբանութեան» մէջ, ոչ թէ թուային համաձայնութեան կամ իշխանութեան, այլ Տիրոջ խոստումի վրայ վստահութեան մէջ:
Պապին հանդէպ ջերմութիւնն ու սէրը արտայայտուեցան Անոր Աղքատներու Փոքրիկ քոյրերու՝ հիւրընկալութեան Տան այցելութեան ժամանակ, որոնք աւելի քան հարիւր տարի նուիրուած են ուրիշներու բարեգործական ծառայութեան: Օրուայ գագաթնակէտը եղաւ Նիկիայի ժողովի 1700-ամեակի յիշատակումը՝ Կոստանդնուպոլսի Տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի և աշխարհի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներու և ներկայացուցիչներու համատեղ աղօթքով։ Քահանայապետը կոչ ըրաւ «ուժեղ կերպով մերժել» կրօնի օգտագործումը պատերազմն ու բռնութիւնը, ծայրայեղականութիւնը և մոլեռանդութիւնը արդարացնելու համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
