2025.11.16 Angelus

Լևոն ԺԴ. Թող դադրին բռնութիւնները, չենք կրնար յարմարիլ պատերազմին և կործանումին

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Քիվու քաղաքի կոտորածի զոհերը, աղօթք խնդրեց բռնութիւններու դադրեցման համար, կոչ ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան, քաջալերեց քահանաներու նուիրուելու Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան, յիշեց Աղքատներու Համաշխարհային օրը ու միացաւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ չարաշահումներու դէմ աղօթքի օրուան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէի մեկնաբանելով Աւետարանը այսօր եւս աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ քրիստոնեաները թիրախ են խտրականութիւններու եւ հալածանքներու։ Կը մտաբերեմ մասնաւորապէս Պանկլատէշը, Նիճերեան Սուտանը եւ այլ Երկիներ, որոնցմէ յաճախ կը ժամանեն համայքներու ու պաշտամունքի վայրերու դէմ յարձակումներու մասին լուրեր։ Աստուած ողորմած Հայր է և խաղաղութիւն կը ցանկայ իր բոլոր զաւակներու միջև։ Ես աղօթքով կ՛ընկերանամ Քիվուի ընտանիքներուն, Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեան մէջ, ուր վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ խաղաղ բնակիչներու կոտորած, ահաբեկչական յարձակման զոհ դարձան առնուազն քսան մարդ։ Աղօթենք` որ բռնութիւնը դադրի, և հաւատացեալները կարողանան միասին աշխատիլ հասարակաց բարիքին համար»։ Ահա այս երկար կոչով է, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկսաւ 16 նոյեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք արտասանած ողջոյնի խօսքը աւելցնելով նաեւ` թէ ինք ցաւով կը հետեւի Ուքրանական քաղաքները հարուածող յարձակումներու լուրերուն, ներառեալ Քիեւը։

Աղօթենք միասին տանջուած Ուքրանիայի արդար և կայուն խաղաղութեան համար

«Անոնք զոհեր եւ վիրաւորներ կը պատճառեն, որոնց շարքին են մանուկներ, ու նաեւ ծանր վնասներ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն, ընտանիքները թողելով առանց տունի, մինչ պաղը կը յառաջանայ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու իր մօտիկութիւնը արտայայտեց բնակչութեան։

«Մենք չենք կարող յարմարիլ պատերազմին և աւերներուն։ Աղօթենք միասին տանջուած Ուքրանիայի արդար և կայուն խաղաղութեան համար» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

«Ան ապա իր աղօթքները ապահովեցուց նաեւ անցեալ չորեքշաբթի օր Փերուի հարաւին մէջ պատահած ճանապարհային արկածի զոհերուն։ Թող Տէրը մեռեալները ընդունի, թիկունք կանգնի վիրաւորներուն ու մխիթարէ սուգի մէջ գտնուող ընտանիքները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Երանելի Հայր Քարմելօ Տէ Փալմա

Քահանայապետը յիշեց հուսկ երէկ Պարի քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած թեմական քահանայ Հայր Քարմելօ Տէ Փալման, որ մահացաւ 1961-ին, երկար կեանք մը նուիրելով «Խոստովանանքի» եւ Հոգեւոր առաջնորդութեան ծառայութեան»։

«Անոր վկայութիւնը թող խրախուսէ քահանաները անվերապահ կերպով նուիրուելու Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան» յարեց Քահանայապետը ու յիշեց «Աղքատներուն նուիրուած Համաշխարհային օրը» որմէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց` բոլոր անոնց որոնք զօրակցութեան ձեռնարկներ կազմակերպեցին ի նպաստ կարիքաւորներուն։

Աղքատներու համաշխարհային օրը

«Եւ իտէալական կերպով, այս օրուան մէջ, ես կը վերայանձնեմ «Dilexi te-ի «Ես քեզ սիրեցի» աղքատներուն նկատմամբ սիրոյ առաքելական յորդորագիրը, փաստաթուղթը, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստէր իր կեանքի վերջին ամիսներուն, և որ ես աւարտեցի մեծ ուրախութեամբ» նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ապա յիշեց ճանապարհային արկածներու բոլոր զոհերը։

Չարաշահումներու դէմ աղօթքի օր

«Արկածներ` որոնք տեղի կ՛ունենան անպատասխանատու վերաբերմունքի հետեւանքով» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով որ իւրաքանչիւր անձ խղճի քննութիւն կատարէ, ապա միացաւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ որ այսօր կ՛առաջարկէ «աղօթքի Օր մը չարաշահումներու զոհերուն ու վերապրողներուն, որպէսզի աճի յարգանքի մշակոյթը որպէս երաշխիք իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութեան պաշտպանութեան, յատկապէս անչափահասներուն ու աւելիով դիւրաբեկներուն։

Քահանայապետը առ այդ ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներու խումբերը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն մաղթելով բարի կիրակի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2025, 12:34