Լեւոն ԺԴ. Ուքրանիոյ մէջ մարդիկ կը շարունակեն մահանալ։ Թող զինադադար հաստատուի եւ երկխօսութիւնը սկսի

Լեւոն ԺԴ. պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ։ Ան դատապարտեց քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու սպանութիւնները Նիճերիոյ մէջ եւ յորդորեց կառավարութիւնն ու ժողովուրդները քաջալերելու «իսկական կրօնական ազատութիւն» մը։ ԱՄՆ-ի մէջ գաղթականներու դէմ առնուած որոշումներուն անդրադառնալով, հրաւիրեց մարդոց հետ վարուելու «մարդկայնօրէն եւ արժանապատուութեամբ»։ Ապա խօսեցաւ յաջորդ տարի Լատին Ամերիկա կատարելիք հաւանական ճամբորդութիւններուն մասին եւ բացատրեց, թէ ինչպէս կ՚անցնէ իր օրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, երեկոյեան, Քասթել Կանտոլֆոյէն Հռոմ վերադառնալէ առաջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հանդիպելով լրագրողներու հետ շօշափեց միջազգային եւ անձնական կեանքի վերաբերող նիւթեր։

Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ

Ռուսիոյ տարածքներ զիջելու հաւանականութեան մասին, Քահանայապետը լրագրողուհի մը պատասխանեց, որ այդ որոշումը Ուքրանիոյ կը պատկանի, քանի որ անոր Սահմանադրութիւնը յստակ է ու ընդգծեց խաղաղութեան վրայ շեշտելու կարիքը, սկսելով կրակի դադարեցումով ապա երկխօսութեամբ։ «Խնդիրը այն է, որ կրակի դադարեցում չկայ, իրենք չեն կրնար հասնիլ որոշակի կէտի մը՝ երկխօսելու եւ տեսնելու թէ ինչպէս լուծել այս խնդիրը… Ցաւօք, ամէն օր մարդիկ կը մահանան», ըսաւ Նորին Սբրութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու մէջ ներգաղթողներուն դէմ միջոցառումները

Քահանայապետը գնահատեց Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը՝ ուղղուած զանգուածային արտաքսումներուն դէմ հրաւիրելով Ամերիկացիները լսելու եւ ներգաղթողներուն հետ վարուելու մարդկայնութեամբ ու արժանապատուութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, որ ամէն երկիր իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՛վ կը մտնէ, բայց տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող մարդոց հետ պէտք չէ վերաբերուիլ «անարգալից» կամ բռնութեամբ։

«Տարիներէ ի վեր առաջին անգամուան համար, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսները հովուական նամակ հրատարակեցին՝ ըսելու «ո՛չ» զանգուածային արտաքսումներուն, յայտնելով իրենց մտահոգութիւնը երկրի մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ վերահաստատելով, որ ազգային անվտանգութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը անհամատեղելի չեն»։

«Եթէ մէկը անօրէն կերպով Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի անիկա լուծելու ձեւեր կան։ Կան դատարաններ։ Կայ դատական համակարգ մը։ Կը կարծեմ որ համակարգին մէջ շատ խնդիրներ կան։ Ոչ ոք ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է բաց սահմաններ ունենան», շեշտեց Քահանայապետը։

Ահաբեկչութիւն եւ Հալածանքներ Նիժերիոյ մէջ

«Կը կարծեմ, որ Նիժերիոյ ու այլ շրջաններու մէջ անշուշտ վտանգ կայ քրիստոնեաներուն համար, բայց բոլորին համար՝ քրիստոնեաներ եւ մուսուլմաններ ջարդուած են։ Ահաբեկչութեան հարցը այնպիսի հարց մըն է, որ կապ ունի պատերազմի տնտեսութեան հետ՝ սեփական հողերուն վրայ վերահսկելու համար։ Ցաւօք, շատ քրիստոնեաներ մեռան եւ կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է փնտռել այն ճանապարհը, որով կառավարութիւնը եւ բոլոր ժողովուրդները կը խթանեն իսկական կրօնական ազատութիւնը»։

Ճամբորդութիւններ

Քահանայապետին ուղղուեցաւ նաեւ հարցում մը «Իր» Լատինական Ամերիկա յատուկ ճամբորդութեան մասին, սկսելով Փերուէն, ուր քսան տարիէ աւելի միսիոնար եղած էր։ «Յոբելինական Սուրբ տարուան ընթացքին կ'առաջանանք՝ ապրելով ամէն օրուան գործունէութիւնները, իսկ յաջորդ տարի պիտի ծրագրենք նոր բաներ։ «Միշտ սիրած եմ ճամբորդել,– աւելցուց Նորին Սրբութիւնը,– խնդիրը այն է, որ ծրագրելը դժուար է բոլոր պարտականութիւններուն հետ»։ Ամէն պարագային Պապը նշեց, որ հաւանական ճամբորդութիւններ կրնան ըլլալ Ֆաթիմա, Կուատալուփէ Մեքսիքոյի մէջ, ապա Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Փերուն «յստակօրէն»։

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ օրերը

Լեւոն ԺԴ. Պապը բաւարարեց նաեւ լրագրողներու եւ հանրային կարծիքի հետաքրքրութիւնը՝ բացատրելով թէ ինչպէս կ'անցնէ իր երեքշաբթի օրը Քասթել Կանտոլֆոյի. «Քիչ մը մարզանք, քիչ մը ընթերցանութիւն, քիչ մը աշխատանք, ամէն օր կան նամակագրութիւններ, հեռաձայնային կապեր, որոշ հարցեր որոնք թերեւս աւելի կարեւոր են, աւելի շտապ, քիչ մը թենիս եւ քիչ մը լողաւազան»։

Քահանայապետը ապա պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ համար շաբթուան մէջ օր մը կը հեռանայ հանգիստ ընելու համար ըսաւ. «Կը կարծեմ որ մարդը իսկապէս պէտք է լաւ հոգ տանի իր մասին։ Բոլորը պէտք ի քիչ մը գործունէութիւն կատարեն մարմնի եւ հոգիի համար, բոլորը միասին։ Ինծի համար շատ լաւ է»։ Անիկա «դադար մըն» է, ըսաւ Քահանայապետը, «որ շատ կ'օգնէ»։

Կատիչի Եպիսկոպոսին Դէպքը

Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համաւաք դասին հետ ունեցած իր ունկնդրութենէն ետք Քահանայապետին հարցուցին Քատիչէ եւ Սէութայի թեմին եպիսկոպոս գերպ Ռաֆայէլ Զորնոզային դէպքին մասին, որ կ'ամբաստանուէր սեռական չարաշահումներու համար 90-ական թուականներուն։

«Ամէն դէպք ունի յստակօրէն հաստատուած արձանագրութիւններու շարք մը», ըսաւ Քահանայապետը Գերպ Զորնոզային յատուկ դէպքին մասին. «Ինքը եպիսկոպոսը ստիպուած էր պատասխանելու եւ կը պնդէ իր անմեղութեան վրայ։ Հետաքննութիւն մը սկսած է եւ մենք պէտք է թոյլ տանք, որ անիկա շարունակուի, եւ արդիւնքներուն համաձայն հետեւանքներ պիտի ըլլան»։

Խօսքը ուղղելով սեռային չարաշահումի զոհերուն Քահանայապետը նախ յոյս յայտնեց «որ անոնք ապահով վայր գտնեն՝ ուր կրնան խօսիլ, ուր կրնան ներկայացնել իրենց դէպքերը։ Այս բանին հետ միացած «կարեւոր է նաեւ յարգել այն գործընթացները, որոնք ժամանակ կը պահանջեն, բայց մենք արդէն քննարկած ենք այդ քայլերուն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը, որոնք նշուած են դատական համակարգին կողմէ, այս դէպքին՝ Եկեղեցիին կողմէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 10:52