2025.11.05 Udienza Generale

Լևոն ԺԴ. «Այլևս չենք կարող հանդուրժել կառուցուածքային անարդարութիւնները»

«Աւետարանի ուժը. քրիստոնէական հաւատքը տասը բառով» խորագիրով Քահանայապետին նոր գիրքը՝ լոյս կը տեսնէ 20 նոյեմբերին Libreria Editrice Vaticana հրատարակչատան կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Մենք այլևս չենք կարող հանդուրժել կառուցուածքային անարդարութիւններ, որոնց պատճառով անոնք, որոնք աւելի շատ ունին, աւելի ու աւելի շատ կ՛ունենան, իսկ անոնք, որոնք աւելի քիչ ունին, աւելի ու աւելի կ՛ աղքատանան»։ Այսպէս կը գրէ  Լևոն ԺԴ.-ը իր «Աւետարանի ուժը. քրիստոնէական հաւատքը 10 բառով», նոր գիրքի տակաւին չհրատարակուած նախաբանին մէջ, որ լոյս պիտի տեսնէ 20  նոյեմբերին Libreria Editrice Vaticana-ի հրատարակչատան կողմէ։

Լորենցօ Ֆացցինիյի կողմէ մշակուած գիրքը կը ներառէ Լեւոն Քահանայապետին գրութիւններն ու ճառերը` որոնք կեդրոնացած են քրիստոնէական տասը բառերու վրայ. Քրիստոս, սիրտ, Եկեղեցի, առաքելութիւն, հաղորդութիւն, խաղաղութիւն, աղքատներ, դիւրաբեկութիւն, արդարութիւն եւ յոյս»։ 

Խորհրդածելով համաշխարհային իրավիճակի մասին՝ Լևոն ԺԴ.-ը կը դատապարտէ աղքատութեան և բռնութեան տարածումը և եղբայրութիւնը կը համարէ «բոլոր ծայրայեղականութիւններու դէմ հակաթոյն»։

Հատորը պիտի ներկայացուի շարք մը հանրային միջոցառումներու ժամանակ՝ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, որոնց առիթով պիտի ներկայացուին նաեւ «León de Perú» եւ «Leo from Chicago» Քահանայապետի կեանքին ու առաքելութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմերը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2025, 13:18