Սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին քահանայապետութեան առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Թուրիքայ Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակի տօնակատարութեան առիթով որպէս ճամբորդութեան կարգախօս ունենալով` «Միակ Տէր, միակ հաւատք, միակ մկրտութիւն», իսկ Լիբանանի ճամբորդութեան կարգախօսը պիտի ըլլայ «Երանի խաղաղարարներուն» խօսքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 27 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան կանուխ սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Քահանայապետութեան առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը, որ զինք կ՜առաջնորդէ նախ Թուրքիա (27էն 30 նոյեմբեր), ուր պիտի յիշատակուի Նիկիոյ համամիութենական Ժողովի 1700 ամեակը, ապա Լիբանան (30 նոյեմբերէն 02 դեկտեմբեր) որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամաւոր։

Նորին Սրբութեան Թուրքիա կատարած ճամբորդութեան կարգախօսն է «Միակ Տէր, միակ հաւատք, միակ մկրտութիւն» յատկանշելու համար ճամբորդութեան համամիութենական բնոյթը իսկ Լիբանանի ճամբորդութեան կարգախօսը պիտի ըլլայ «Երանի խաղաղարարներուն» խօսքը։

Սրբազան Պապը` որ երէկ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթքով ընկերանան իր այս ճամբորդութեան, Վատիկանէն մեկնեցաւ առաւօտեան ժամը եօթի ժամանակները ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ Օդակայան, ուր բարի երթի հակիրճ արարողութեան մը աւարտին, բարձրացաւ Իտալական «ԻԹԱ» օդանաւային ընկերութեան պատկան օդանաւ, ուր զինք կը սպասէին իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներն ու ութսունէ աւելի լրագրողներ։

Նորին Սրբութիւնը փոխադրող օդանաւը Ֆիումիչինօ օդակայանէն թռիչք առաւ ժամը 7,58-ին ուղղուելով Անգարայի Էզենպոկա միջազգային օդակայան։

Ճամբորդութեան ընթացքին օդանաւը կը սաւառնի Իտալիոյ, Խրուաթիոյ, Պոզնիա Էրզիկովինայի, Մոնթենեկրոյի, Սերպիոյ, Պուլկարիայի եւ ի վերջոյ Թուրքիոյ օդային տարածքի վրայէն եւ աւանդութեան համաձայն Սրբազան Պապը քաղաքավարական հեռագիրներ ուղղեց վերոնշեալ երկիրներու Ղեկավարներուն։

«Այստեղ գտնուող ամերիկացիներուն, Բարի գովաբանական տօնը կը մաղթեմ։ Այս գեղեցիկ օր մըն է զայն տօնելու համար, եւ ես կը փափաքիմ սկսիլ ըսելով շնորհակալութիւն իւրաքանչիւրիդ, այն ծառայութեան համար, զոր կը մատուցէք Վատիկանին, Սուրբ Աթոռին եւ անձիս, ինչպէս նաեւ ողջ աշխարհին»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը ժպտելով՝ անգլերէնով խօսեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու 81 լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն հետ, որոնք զինք կ'ընկերակցին իր առաջին առաքելական ուղեւորութեան։

Խաղաղութիւն, պատգամ մը աշխարհին համար

«Խաղաղութիւն»: Քահանայապետը զայն կրկնեց բազմիցս՝ իր ողջոյնի խօսքին մէջ\ լրագրողներուն ուղղուած, թռիչքէն քսան վայրկեան ետք։ «Թուրքիա եւ Լիբանան կատարուող այս ուղեւորութիւնը, նախ եւ առաջ, ունի միութեան իմաստ մը, տօնելով Նիկիոյ Ժողովէն ի վեր անցած 1700 տարիները։ Եւ ես այնքան ուզեցի այս ուղեւորութիւնը՝ ինչ որ անիկա կը նշանակէ բոլոր քրիստոնեաներուն համար, բայց նաեւ մեծ պատգամ մըն է համայն աշխարհի համար։ Եւ մասնաւորաբար, իմ, Եկեղեցիին, հաւատացեալներուն ներկայութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ Լիբանանի մէջ, յուսանք, թէ կրնայ հռչակել, փոխանցել, քարոզել թէ որքան կարեւոր է խաղաղութիւնը համայն աշխարհի մէջ»:

Ուղեւորութիւն մը, որ հետեւաբար պատգամ մըն է, ինչպէս նաեւ հրաւէր մը՝ «միասին քալելու, միշտ աւելի ու աւելի փնտռելու միութիւնը, միշտ աւելի ու աւելի ներդաշնակութիւնը եւ նայելու այն ձեւին, որով բոլոր մարդիկը եւ բոլոր կիները կրնան իրապէս եղբայրներ ու քոյրեր ըլլալ»: Որովհետեւ, ինչպէս կը շեշտէ Քահանայապետը, «տարբերութիւններէն անդին, զանազան կրօններէն, զանազան հաւատալիքներէն անդին, բոլորս եղբայրներ ու քոյրեր ենք, եւ յուսանք խթանել խաղաղութիւնն ու միութիւնը համայն աշխարհի մէջ»:

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (@Vatican Media)

Կարկանդակ եւ նուէրներ 

Ապա կարկանդակ մատուցուեցաւ Քահանայապետին, նախ եւ առաջ «դդումի կարկանդակը» որ «Գոհաբանութեան Տօնին» տիպական ուտելիքն է։ Պատմութեան մէջ առաջին ամերիկացի Քահանայապետին յարգանքի տուրքը մատուցելու համար ներկայ էին նաեւ երկու նուէրներ ՝ ստորագրուած «Ուայթ Սոքս» (White Sox) տաք-թիմին կողմէ. այս թիմը կը նախընտրէր «Հարաւային թաղամասի»պատանին, որ դարձաւ Տիեզերական Եկեղեցիին Քահանայապետը։

Կարկանդակ եւ նուէրներ 
Ապա կարկանդակ մատուցուեցաւ Քահանայապետին, նախ եւ առաջ «դդումի կարկանդակը» որ «Գոհաբանութեան Տօնին» տիպական ուտելիքն է։ Պատմութեան մէջ առաջին ամերիկացի Քահանայապետին յարգանքի տուրքը մատուցելու համար ներկայ էին նաեւ երկու նուէրներ ՝ ստորագրուած «Ուայթ Սոքս» (White Sox) տաք-թիմին կողմէ. այս թիմը կը նախընտրէր «Հարաւային թաղամասի»պատանին, որ դարձաւ Տիեզերական Եկեղեցիին Քահանայապետը։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (@Vatican Media)

Փափաք Ալժերիա երթալու

Ալժերացի ծագումով լրագրողուհիի մը՝ Քահանայապետը ըսաւ թէ. «Կը յուսամ Ալժերիա երթալ»։ Շատ գնահատելի եղաւ նաեւ Խարկովի Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցիին կողմէ պատրաստուած մագաղաթը, իբր շնորհակալութիւն պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդին ուղղուած օգնութիւններուն համար։Վերջապէս, Պապին ձեռքերը, իտալական մամուլի ներկայացուցիչները տուին նամակ մը, որուն մէջ կը բացատրեն այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ վաղը, Նոյեմբեր 28-ին, գործադուլի մը պիտի միանան։ Այսինքն՝ լրագրողական պայմանագրի չնորոգուիլը, որ ժամկէտանց է 2016-էն ի վեր։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2025, 08:01