Լեւոն ԺԴ. Սրբութիւնը կը ճանչցուի Աստուծոյ հետ ունեցած միութենէն. Խորհրդազգացական երեւոյթները պարտադիր չեն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 13 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սուրբերու դատի վերատեսչութեան համաժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղած պատգամը սկսաւ ըսելով.
«Ուրախ եմ Ձեզ ողջունելու Սուրբերդու դատի վերատեսչութեան կողմէ նախաձեռնուած ժողովի աւարտին, որ նուիրուած է Խորհդրազգացած երեւոյթներուն ու կեանքի սրբութեան յարաբերութեան։ Այս մէկը հաւատքի փորձառութեան ամէնէն գեղեցիկ կողմերէն մէկն է եւ շնորհակալ եմ, որ այս խորացումով դուք նպաստեցիք անոր արժէքաւորման, ինչպէս նաեւ լոյս սփռեցիք որոշ կողմերու վրայ, որոնք զատորոշում կը պահանջեն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ Արտակարգ երեւոյթները՝ տեսիլքներ, վերացումները, ցաւեր, եւ այլն, երկրորդական են եւ ոչ էական՝ խորհդազգացութեան ու սրբութեան համեմատ։ «Անոնք կրնան նշաններ կամ շնորհներ ըլլալ, բայց իսկական նպատակը միշտ Աստուծոյ հետ միութիւնն է»։
«Թէ՛ աստուածաբանական մտածումին միջոցով, թէ՛ քարոզչութեամբ ու կաթողիկէ վարդապետութիւնը դարերէ ի վեր կը ճանչնայ, որ խորհրդազգած կեանքին սրտին մէջ կը գտնուի Աստուծոյ հետ սիրոյ ներքին միութեան գիտակցութիւնը։ Այս շնորհքի դէպքը կը յայտնուի իր արտադրած պտուղներուն մէջ, ըստ Տիրոջ խօսքին. «Չկայ բարի ծառ՝ որ չար պտուղ տայ, ոչ ալ չար ծառ՝ որ բարի պտուղ տայ։ Քանզի ամէն ծառ իւր պտուղէն կը ճանչցուի. փուշերէն թուզ չեն քաղեր, ոչ ալ մորենիէն խաղող կը քաղեն», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով որ այն ինչ որ ամէնէն կարեւորն է սրբութեան թեկնածուներուն համար, Աստուծոյ կամքին իրենց լիակատար ու մշտական համապատասխանութիւնն է, որ յայտնուած է Գիրքերուն ու Աւանդութեան մէջ։ Հիմնական է Եկեղեցիին ուսուցումին համաձայն խոնարհ զատորոշումը՝ իսկական հոգեմտաւոր երեւոյթները խաբէական յայտնութիւններէն տարբերելու համար։
Կատարելութեան Սիրտը
Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեց Սուրբ Թերեզա Աւիլացին. «գերագոյն կատարելութիւնը» վերացումներուն կամ տեսիլքներու մէջ չէ, այլ մեր կամքին լիակատար համապատասխանութեան մէջ է Աստուծոյ կամքին հետ, ուրախութեամբ ընդունելով թէ՛ «քաղցրը եւ թէ՛ դառնը։» Սուրբ Յովհաննէս Խաչակրեալի փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ առաքինութիւններու գործադրութիւնը կը տանի Սիրողին Սիրուածին մէջ փոխակերպման, ուր Աստուծոյ կամքը եւ մեր կամքը կը դառնան «մէկ կամք՝ պատրաստ եւ ազատ համաձայնութեամբ»։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց նշելով. «Այս թանկարժէք ծառայութիւնը կատարելով, յատկապէս անոնք որոնք ձեր մէջ կ'աշխատին Սրբադասման Գործերուն ոլորտին մէջ, կանչուած են նմանիլ Սուրբերուն եւ այսպէս մշակել այն կոչումը, որ բոլորիս միացնող մկրտուածներու, Աստուծոյ միակ ժողովուրդին կենդանի անդամներու, ընդհանուր կոչումն է։ Ես կը քաջալերեմ ձեզ՝ վստահութեամբ եւ իմաստութեամբ շարունակելու այս ուղին, սրտանց կը շնորհեմ ձեզ բոլորիդ առաքելական օրհնութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
