Լեւոն ԺԴ. Զատկին հաւատալը կը նշանակէ յեղափոխել մեր կեանքը, վերափոխուիլ՝ աշխարհը քրիստոնէական յոյսին մեղմ եւ քաջարի ուժովը փոխելու համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապը նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, ներկայութեամբ աշխարհի տարբեր երկրիներէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Նորին Սրբութեան ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթին առանցքը եղաւ եղաւ Սուրբ Զատիկը, շեշտելով թէ Յիսուսի Զատիկը անցեալի իրադարձութիւն մը չէ, այլ կը ներկայացուի ամէն տարի (Զատկուան Կիրակիին) եւ ամէն օր (Սուրբ Պատարագին), իրականացնելով Յարուցեալ Տիրոջ խոստումը. «Ահա՛, Ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթ. 28,20):
Ամէնօրեայ Զատիկ
Քահանայապետը շեշտեց, թէ Զատկական խորհուրդը քրիստոնեային կեանքին հիմնաքարն է։ Ամէն օր Զատիկ է, որովհետեւ մարդկային փորձառութիւնը, ուր ուրախութիւնը, ցաւը եւ տառապանքը կը միահիւսուին, մշտապէս կը ձգտի լիութեան ու խորունկ երջանկութեան (ինչպէս նշուած է Էտիթ Շթայն/Ս. Թերեզա Օրհնեալ Խաչին կողմէ): Մարդը կը ձգտի անվերջինին ու յաւիտենականին, ինչ որ հակասութեան մէջ է սահմանափակման ու մահուան փորձառութեան հետ։
Յեղափոխական Աւետիս
Նորին Սրբութիւնը ընդծեց, թէ Զատկական աւետիսը «Աւետարանն» է՝ ամէնէն գեղեցիկ լուրը, որ կը պատասխանէ մարդուն իմաստի ծարաւին։ Այն կը վկայէ սիրոյ յաղթանակը մեղքին վրայ եւ կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ։
Յիսուս, Կենդանի
Ամէն ինչ կը փոխուի Յարութեան առաւօտուն, երբ կիները դատարկ գտան գերեզմանը։ Թագաւորին ծնունդին մասին հարցումին վերջնական պատասխանն է. «Այստեղ չէ։ Ան յարութիւն առաւ» (Մարկ. 16,6)։ Այդ ատենէն սկսեալ, Յիսուսը Կենդանին է (Յայտ. 1,17-18), այն բեւեռային աստղը, որ կ'ուղղորդէ կեանքը քաոսի, չարիքի, տառապանքի ու մահուան դէմ յանդիման։
«Արեւելքէն Երուսաղէմ հասած Մոգերուն ուղղած հարցումը. «Ո՞ւր է ծնածը, Հրեաներուն Թագաւորը» (Մատթ. 2,1-2), իր վերջնական պատասխանը կը գտնէ Զատկուան արշալոյսին կիներուն խօսող սպիտակ հագած խորհրդաւոր երիտասարդին խօսքերուն մէջ. «Յիսուս Նազովրեցիին, որ խաչուեցաւ, կը փնտռէք։ Անիկա հոս չէ, յարութիւն առաւ» (Մարկ. 16,6)», ըսաւ Քահանայապետը։
Խնամք եւ Յոյս
Զատիկը կը դառնայ խնամք ու բուժում մեր փխրուն մարդկութեան համար, կերակրելով յոյսը անձնական եւ համաշխարհային մարտահրաւէրներու առջեւ։ Ան Խաչը չ'վերացներ, այլ կը յաղթէ անոր, վերափոխելով Խաչի Ճամբան՝ Լոյսի Ճամբայի։
Հաւատք եւ Փոխակերպում
Քրիստոսի Յարութիւնը իրական Իրադարձութիւն մըն է, ոչ թէ միայն գաղափար։ Ամէնօրեայ ընթացքին իսկապէս Զատիկին հաւատալը կը նշանակէ մեր կեանքը յեղափոխել, փոխակերպուիլ՝ աշխարհը քրիստոնեական յոյսին հեզ ու քաջ զօրութեամբ փոխակերպելու համար։
Քահանայապետը ունկնդրութիւնը աւարտեց ըսելով «Զատիկը խաչը չ'վերցնէ, այլ կը յաղթէ զայն այն զարմանալի մենամարտով, որ փոխեց մարդկային պատմութիւնը։ Մեր ժամանակներն ալ, որոնք նշուած են բազմաթիւ խաչերով, կը կանչեն Զատկուան յոյսին արշալոյսը։ Քրիստոսի Յարութիւնը գաղափար մը, տեսութիւն մը չէ, այլ այն Իրադարձութիւնն է, որ կը հիմնաւորէ հաւատքը։ Ան, Յարուցեալը, Սուրբ Հոգիին միջոցով կը շարունակէ յիշեցնել մեզի զայն, որպէսզի կարենանք անոր վկաները ըլլալ նաեւ ուր որ մարդկային պատմութիւնը հորիզոնին լոյս մը չի տեսներ։ Զատկուան յոյսը չի յուսախաբիր։ Ամէն օրուան ընթացքին իսկապէս Զատկին հաւատալը կը նշանակէ յեղափոխել մեր կեանքը, վերափոխուիլ՝ աշխարհը քրիստոնէական յոյսին մեղմ եւ քաջարի ուժովը փոխելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
