Քահանայապետի հետ սեղանի շուրջ` ուր քաղցը կը գտնէ մխիթարութիւն, բարեկամութիւն և յոյս

Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Աղքատներու համաշխարհային օրը նշուեցաւ ուրախութեան և միութեան մթնոլորտի մէջ: Աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած 1300 հիւրեր վայելեցին Վինչենթեան միաբանութեան կողմէ առաջարկուած ճաշը, որ պահ մը թեթևացուց ցաւոտ փորձառութիւններուն ուղեկցող անհանգստութիւնը, որոնք ընդհանրապէս կապուած են լքուածութեան, հիւանդութեան և գործազրկութեան հետ:

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ ուրախութեամբ մենք այսօր հաւաքուած ենք այս ճաշին համար, այս օրը, որ այդքան փափաքած էր իմ սիրելի նախորդ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ծափահարութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապին համար»։ Աղքատներու 9-րդ համաշխարհային օրուան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախատեսուած աղքատներուն նուիրուած ճաշկերոյթը սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին այս խօսքերով զոր Ան ուղղեց 1300 հրաւիրեալ կարիքաւորներուն, որոնք համախմբուած էին այդ վայրին մէջ ու ճաշակեցին Սուրբ Վինչենցոյի Միաբանութեան կողմէ հրամցուած համեղ ճաշերը, ընտանեկան ու եղբայրութեան գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ։

Լեւոն ԺԴ Պապը այնտեղ ժամանեց կէսօրուայ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը ու ողջունելէ ետքը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ աղքատներուն նուիրուած այլ ճաշի մը հիւրերը որոնց արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց եղբայրութեան կարևորութիւնը, զայն որակելով «կեանք», ու հրաւիրեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ ընդունած պարգևներուն համար:

Պօղոս Զ անուան մէջ շքեղ կերպով պատրաստուած սեղաններուն շուրջ՝ կային լքուածութեան, հիւանդութեան, գործազրկութեան, բայց նաև դիմադրողականութեան և նոր ուղիի մը սկիզբ պատմութիւններ:

Սեղանը օրհնելու ժամանակ Սրբազան Պապին միտքը կ՛երթայ նաեւ այն բազմաթիւ անձերուն` որոնք կը տառապին բռնութեան ու պատերազմներու ինչպէս նաեւ անօթութեան պատճառաւ, այստեղ եւս յղում կատարելով եղբայրութեան հոգիին։

Հիւրերու շարքին էին յոգնած, բայց տոկուն մայրեր, ֆիզիկական թուլութեան պատճառով աշխատանքէ հեռացուած աշխատաւորներ, գաղթականներ, որոնք իրենց հետ բերած էին կարօտ և յոյս: Ճաշկերոյթին մասնակցեցան նաեւ ապաստանարաններէն, ժողովրդապետութիւններէն և Քարիթասի կեդրոններէն եկած անձինք, լուռ, բայց կենսունակ զօրակցութեան ցանցի մը նշան։

Այս Օրը Վինչենթեան միաբանութեան անդամներու համար յատուկ օր էր որով ուզեցին միաբանութեան հիմնադրութեան 400-ամեակը յիշել աղքատներուն նուիրելով այս ճաշը, և իւրաքանչիւր հիւրի նուիրելով անձնական խնամքի պարագաներ, ու նաեւ իտալական ծննդեան անուշեղէն «Փանեթթոնէն»։

Ներկայացուած վկայութիւնները բացայայտեցին այն վստահութիւնը, որ մօտիկութիւնը կը փրկէ, որ միասին ըլլալը կը վերականգնէ արժանապատուութիւնն անոնց, որոնք իրենք զիրենք մերժուած կը զգան։ «Կեանքի իմաստը ուրիշներուն օգնելն է», - յիշեց ի միջի այլոց Ասսիզիի կենտրոնի մէկ աշխատակիցը։

Ճաշը աւարտեցաւ Քահանայապետի օրհնութեամբ՝ որ շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորներուն, կրօնական գործիչներուն և բարերարներուն այս եղբայրութեան գործնական օրը հնարաւոր դարձնելուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2025, 16:21