Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ղրկուած օգնութիւնները հասան Ուքրանիա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Անցեալ օրերուն իր նպատակակէտին հասաւ հագուստներով, ծածկոցներով ու անհրաժեշտ իրերով բեռնուած բեռնատար մը, որը ղրկուած էր Լեւոն ԺԴ.-ի կողմէ՝ Խարկով քաղաքը, որ պատերազմէն ամէնէն տուժած Ուքրանիոյ քաղաքներէն մին է։ Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Աղքատներու Յոբելեանին, որ նշուեցաւ Աղքատներու Համաշխարհային Օրը, անցեալ Նոյեմբեր 16-ին։
Ուքրանիա հասած օգնութիւնները Պապին հերթական մօտիկութեան ժեսթ մըն է, որ, հետեւելով Ֆրանչիսչիսֆոս Պապին Քահանայապետութեան ընթացքին սկսած ճանապարհին, յանձնարարեց Առաքելական Ողորմնաբաշխխւթեան Գրասենեակին, որպէսզի հոգ տանի տարիներէ ի վեր ծանր տառապանքի մէջ գտնուող բնակչութեան անյետաձգելի կարիքները։
«Ցաւօք, ամէն օր մարդիկ կը մահանան», ըսած էր անցեալ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18-ին, Քասթէլ Կանտոլֆօյի մէջ, լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, «Հարկ է պնդել խաղաղութեան համար», սկսելով զինադադարէն, որպէսզի յետոյ երկխօսութիւն սկսի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
