Յուսալը վկայել է. Երանելի Իզիտոր Պաքանժային օրինակը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Յոբելեանի յոյսը կը ծնի Աստուծոյ անակնկալներէն։ Աստուած տարբեր է այն իրականութենէն զոր մենք սովոր ենք մտածել Յոբելենական տարին մեզ կը մղէ ճանչնալ այս բազմազանութիւնը և զայն վերածել իրական կեանքի։ Ահա թէ ինչու անիկայ շնորհքի տարի է. մենք կարող ենք փոխուիլ։ Մենք այս մէկը մշտապէս կը խնդրենք, երբ կ՛ աղօթենք «Հայր մերը» և կ՛ըսենք. «Երկրի վրայ, ինչպէս երկնքի մէջ». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկիզբ տուաւ Յոբելենական հերթական հրապարակային ունկնդրութեան, զոր գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Շաբաթ 8 նոյեմբեր 2025-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ որոնք շարքին նաեւ Աշխատանքի Յոբելեանի մասնակցողները, որոնք այս օրերուն կը կատարեն իրենց յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Մէջբերելով Սուրբ Պօղոսին Կորընթացիներուն ուղղած նամակէն խօսքեր, ուր առաքեալը կը հրաւիրէ զանոնք իրազեկ դառնալու թէ երկիրը սկսած է նմանիլ երկնքին ու թէ «Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով թողու հզօրները» (Ա. Կորընթացներու, 1,26-27 ), Քահանայապետը հաստատեց` թէ «Աստուծոյ չափանիշերը տարբեր են, եւ Սուրբ Պօղոսին վկայութիւնը կը վերակենդանացնէ Կորնթացիներուն խղճերն ու իւրաքանչիւրի արժանապատուութիւնը»։
Յուսալը վկայել է` վկայել թէ ամէն բան փոխուած է
«Յուսալը վկայել է` վկայել թէ ամէն բան փոխուած է, թէ ոչ մէկ բան առաջուայ նման է» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով ուզեց որպէս այս խօսքերուն օրինակ ներկայացնել Ափրիկէի մէջ քրիստոնէական յոյսի վկայ մը` Իզիտոր Պաքանթան, որ 1994-էն ի վեր դասուած է Երանելիներու շարքին ու պաշտպան սուրբն է Քոնկոյի աշխարհականներուն։
Յուսալու վկան` Իզիտոր Պաքանթա
«Ան ծնած էր 1885-ին երբ իր Երկիրը Պելկիայի «գաղութատիրութիւն» էր, ան դպրոց չէր յաճախած, քանի որ իր քաղաքին մէջ դպրոց չկար, այլ դարձած էր որմնադիր-աշակերտ։ Ան ապա բարեկամեցաւ կաթողիկէ միսիոներներու թրափիսթ վանականներուն։ Անոնք իրեն հետ խօսեցան Յիսուսի մասին, և ան ընդունեցաւ հետևել քրիստոնէական ուսմունքին և մկրտուիլ մօտ քսան տարեկան հասակին։ Այդ պահէն անոր վկայութիւնը սկսաւ աւելի ու աւելի լուսաւոր դառնալ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շեշտելով` որ «Յոյս ունենալ կը նշանակէ վկայել» ու աւելցնելով` որ «երբ մենք կը վկայենք նոր կեանքի մասին, լոյսը կ՛աճի նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ»։
«Իզիտորը, փաստօրէն, կ՛աշխատէր որպէս հողագործութեան բանուոր անբարեխիղճ եւրոպացի վարպետի մը մօտ, որ չէր կարող հանդուրժել անոր հաւատքը և իսկութիւնը։ Տէրը կ՛ ատէր քրիստոնէութիւնը և այն միսիոներները, որոնք կը պաշտպանէին բնիկ ժողովուրդը գաղութարարներու չարաշահումներէն, բայց Իզիտորը, հակառակ ասոր, մինչև վերջ կը կրէ իր թին պարանոցէն կախուած Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերով, դիմանալով ամէն տեսակի վատ վերաբերմունքի և տանջանքներու՝ առանց երբեք կորսնցնելու յոյսը»։
Խաչին խօսքը ապրուած խօսք է, որ կը կոտրէ չարին շղթաները
«Յոյս ունենալ կը նշանակէ վկայել» կրկնեց Քահանայապետը։ Իզիտորը կը մահանայ՝ թրափիսթ հայրերուն յայտարարելով որ ինք որևէ դժգոհութիւն չունի, ընդհակառակը խոստանալով նոյնիսկ հանդերձեալ կեանքին մէջ աղօթել, անոնց համար, որոնք իրեն այս վիճակին հասցուցին։
«Ահա այս է սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Խաչին խօսքը։ Անիկայ ապրուած խօսք է, որ կը կոտրէ չարին շղթաները։ Անիկա ուժի նոր ձեւ մըն է, որ կը շփոթէ սնապարծները եւ հզօրները կը տապալէ իրենց գահերէն։ Այսպէս է որ կը ծնի յոյսը։
Յաճախ Հիւսիսային հին Եկեղեցիները երիտասարդ Եկեղեցիներէն կ՜ընդունին այս վկայութիւնը, որ կը մղէ քալելու միասին դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ արդարութեան եւ խաղաղութեան թագաւորութիւն է։ Ափրիկէն, մասնաւորապէս, կը պահանջէ այս դարձը, ու զայն կ՛ընէ մեզի տալով հաւատքի բազմաթիւ երիտասարդ վկաներ։ Յոյս ունենալը կը նշանակէ վկայել, որ երկիրը կարող է իսկապէս նմանիլ երկնքին։ Եւ այս է ահա Յոբելեանին պատգամը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
