Լեւոն ԺԴ. Պապ ստորագրեց Մանուկներուն համաշխարհային օրուան հաւաքի խորհրդանշի դրօշակը Լեւոն ԺԴ. Պապ ստորագրեց Մանուկներուն համաշխարհային օրուան հաւաքի խորհրդանշի դրօշակը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ.՝ 25-էն 27 Սեպտեմբեր 2026-ին՝ Մանուկներու Համաշխարհային օրը

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը յայտարարեց փոքրիկներուն նուիրուած միջազգային ձեռնարկին երկրորդ հրատարակութիւնը։ Առաջինը տեղի ունեցած էր Հռոմի մէջ, Մայիս 2024-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կազայէն եկած 7 տարեկան մանուկ մը Քահանայապետին նուիրեց ձեռնարկին պաշտօնական խորհրանիշին դրօշակը։ Կարդինալ Ֆառել ըսաւ. «Մանուկներուն պէտք է ցոյց տրուի խաղաղութեան գեղեցկութիւնը, ապրուած՝ իրենց ընտանիքներուն, իրենց յաճախած միջավայրերուն եւ ամբողջ աշխարհի մէջ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մանուկներուն համաշխարհային օրուան երկրորդ հաւաքը տեղի պիտի ուենայ Հռոմի մէջ, 2026 թուականին Սեպտեմբեր 25-էն 27։

Այս ձեռնարկը՝ որուն նախաձեռնողն է Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութիւնը նպատակ ունի դառնալ տօնախմբութեան, աղօթքի եւ հանդիպումի առիթ մը՝ ամբողջ աշխարհի մանուկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Քահանայապետը ստացաւ Մանուկներուն համաշխարհային օրուան երկրորդ հաւաքի պաշտօնական խորհրդանիղին դրօշակը, Կազայէն եկած 7 տարեկան մանուկի մը՝ Մաժտ Պէրնարտի ձեռքերէն, Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյի ընկերակցութեամբ։ Քահանայապետը ստորագրեց եւ օրհնեց դրօշակը, ազդարարելով դէպի 2026 տանող երթին սկիզբը։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քահանայապետին եւ Կարդինալ Քեւին Ֆարրելին՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար այսքան կարեւոր օրուան հանդէպ իրենց ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հոգատարութեան համար։ Մանուկները իրենց ընտանիքներուն հետ պիտի ապրին ունկնդրութեան եւ բաժնեկցութեան հարուստ օրեր։ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ միասին, - յայտարարեց Հայր Էնցօ Ֆորթունաթօ, - պիտի ըսենք թէ աւելի լաւ ապագայ մը կարելի է։ Միջազգային կազմակերպութիւններու տուեալները յստակ են. աշխարհի վրայ կ'ապրին աւելի քան երկու միլիառ մանուկներ, ամէն օր հինգ տարեկանէն վար շուրջ 13 հազար փոքրիկներ կը մահանան կանխելի պատճառներով եւ միլիոնաւորներ կ'ապրին տագնապալի շրջաններու մէջ, ուր պատերազմը արգելք կը հանդիսանայ ապագայ կերտելու»։

Խորհրդանիշը

Մանուկներուն համաշխարհային օրուան երկրորդ հաւաքի պաշտօնական Խորհրդանիշին կեդրոնը գտնուող հետքերը կը յիշեցնեն մանկութեան պարզ եւ անկեղծ շարժուձեւերը, նշան՝ փոքրիկներուն համընդհանրութեան եւ մաքրութեան։ Տարբեր գոյները կը ներկայացնեն մշակոյթներու բազմազանութիւնը, որոնք, միաւորուած, կը կազմեն ներդաշնակութիւն մը, որ ունակ է ընդունելու եւ արժեւորելու տարբերութիւնները։ Եօթը հետքերը կ'ակնարկեն եօթը ցամաքամասերուն, մինչ Սուրբ Պետրոսի Գմբէթը՝ խորհրդանիշը Օրուան մնայուն կեդրոնին, կը յայտնուի որպէս գիրկ մը, որ կ'ընդունի եւ կը պաշտպանէ ամբողջ աշխարհի մանուկները, խաչով մը՝ որ կը յիշեցնէ Քրիստոսի չարչարանքն ու յարութիւնը։

Առաջին հրատարակութիւնը

Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան առաջին հրատարակութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 2024-ին, տեսաւ մասնակցութիւնը շուրջ 100 հազար մանուկներու՝ եկած 101 երկիրներէ։ 2026-ի երկրորդ հրատարակութեամբ, Եկեղեցին կը նորոգէ իր յանձնառութիւնը՝ լսելու եւ արժեւորելու փոքրիկներուն ձայնը, որոնք դերակատարներն են աշխարհի մը, որ կը տենչայ խաղաղութիւն, ընդունելութիւն եւ ապագայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 13:32