Լիբանանի ժողովուրդը հզօր յիշեցում է, որ խաղաղութիւն հնարաւոր է․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ 1 Դեկտեմբերին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Համամիութենական եւ Միջկրօնական հանդիպումին։
Հարկ է նշել, որ Նահատակաց հրապարակը լիբանանեան դիմադրութեան կարեւոր խորհրդանիշներէն է։ Անոր անունը՝ տրուած 1931ին, եւ անոր կեդրոնի մէջ գտնուող յուշարձանը՝ կառուցուած 1960ին, կը յիշատակեն Առաջին համաշխարհային պատերազմի ատեն թուրքերուն դէմ ապստամբութեան ժամանակ կախաղան բարձրացուած հայրենասէրներուն։ Յուշարձանի վրայ տակաւին առկայ են նաեւ Լիբանանեան 1975-1990 թուականներու պատերազմի ափուճներու հետքերը։ 2019ին հրապարակը դարձած էր հակակառավարական բողոքի հիմնական վայրը։
Նահատակաց Հրապարակին վրայ տեղադրուած վրանի մուտքին մօտ, Լեւոն ԺԴ․ դիմաւորուեցաւ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքի, Մարոնի Պատրիարքի, Սիւնի համայնքի Մեծ Իմամի եւ Շիի համայնքի ներկայացուցիչի կողմէ, որոնց ուղեկցութեամբ Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ դէպի բեմ, ուր ներկայ էին միւս կրօնական առաջնորդները։
Հանդիպումին ներկայ էին Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Սրբազան Քահանայապետին ճառէն առաջ, ողջոյնի խօսքով յանդես եկան Սիւնի, Շիի, Տրուզ, Ալաւի համայնքներու առաջնորդները, ինչպէս նաեւ Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Հայ Առաքելական եւ Բողոքական Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերը։
Ապա իր պատգամը սկսաւ Լեւոն ԺԴ․ Պապը, ուր Ան, նախ, իր յուզմունքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց «այս օրհնեալ Երկիրին մէջ» գտնուելու համար։ Երկիր, որ փառաբանուած է Հին Կտակարանի մարգարէներէն, (…) որտեղ Բանն (Logos) երբեք չէ լռած, անոր արձագանքը դարեդար կը շարունակէ կանչել բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն բանալ իրենց սրտերը կենդանի Աստուծոյ առջեւ», ըսաւ Ան։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ բնոյթն է երկխօսիլ այլ կրօններու հետեւորդներու հետ
Պապը յիշեցուց Պենետիկտոս ԺԶ․ կողմէ 2012ին թուականին Պէյրութի մէջ ստորագրուած յետ սիւնհոդոսական «Ecclesia in Medio Oriente» յորդորագիրը, որով կը հռչակուէր Եկեղեցւոյ ցանկութիւնը՝ երկխօսելու այլ կրօններու հետեւորդներու հետ, որ «Տիեզերական Եկեղեցւոյ բնոյթն է»։
Թող բոլոր աղօթքները միաձուլուին՝ աղերսելու խաղաղութեան աստուածային պարգեւը
Լեւոն ԺԴ․ նկատել տուաւ ապա, որ Լիբանանի մէջ կողք կողքի գտնուող մինարէները ու զանգակատները, որոնք «երկունք ալ կը սլանան դէպի երկինք» կը վկայեն «այս Երկիրի անսասան հաւատքը եւ անոր ժողովուրդի՝ միակ Աստուծոյ նուիրուածութիւնը»։
«Թող որ, այս սիրելի Երկիրին մէջ», նշեց Պապը, «բոլոր աղօթքները միաձուլուին մէկ գովերգութեան մէջ՝ ոչ միայն երկնքի ու երկրի Արարիչը փառաբանելու համար այլեւ, ի սրտէ, աղերսելու խաղաղութեան աստուածային պարգեւը»։
Յոյսի եւ քաջալերութեան նշաններ հնարաւոր է գտնել մեզ միաւորող բաներուն մէջ
«Շատ տարիներ, եւ վերջին ժամանակաշրջանին յատկապէս, աշխարհի աչքերը», «վախի եւ յուսահատութեան զգացումով» կեդրոնացած են Մերձաւոր Արեւելքին վրայ, որ չնայած կը բախուի բարդ ու երկարատեւ հակամարտութիւններու, այնուամենայնիւ, չի դադրեցնէ խաղաղութեան որոնումները, ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․։ Ան շարունակեց՝ նկատել տալով, որ «այս պայքարին մէջ յոյսի եւ քաջալերութեան նշաններ կարելի է գտնել, եթէ կեդրոնանանք մեզ միաւորող բաներու վրայ՝ «մեր ընդհանուր մարդկայնութեան եւ սիրոյ ու ողորմածութեան Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքի վրայ»։
«Լիբանանի ժողովուրդը հզօր յիշեցում է», որ վերջին խօսքը չէ վերապահուած անվստահութիւններուն ու նախապաշարմունքներուն, որ հնարաւոր է ապրիլ միասին՝ «կառուցելով յարգանքի եւ երկխօսութեան միջոցաւ միաւորուած Երկիր», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․։
Ասկէ մեկնելով, Պապն անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ դերին եւ յիշեցուց, որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ․ Ժողովը մերժեց «նախապաշարմունքները, խտրականութիւնը եւ հալածանքները, «նոր հորիզոններ բացաւ հանդիպման եւ փոխադարձ յարգանքի համար կաթողիկէներու եւ տարբեր կրօններու միջեւ» եւ հաստատեց իւրաքանչիւր մարդու հաւասար արժանապատուութիւնը»։
Լիբանանցիները՝ ինչպէս ձիթենիի արմատները, միաւորուած են իրենց հայրենի հողին
Սրբազան Քահանայապետն ակնարկեց այնուհետեւ Լիբանանի խորհրդանիշ հանդիսացող «վեհաշուք մայրիներուն», եւ միաժամանակ շեշտեց, որ ձիթենին նոյնպէս Երկրի ժառանգութեան հիմնաքարն է», որ գովաբանուած է «Քրիստոնէութեան, Հրէականութեան եւ Իսլամի սուրբ գիրերուն մէջ եւ, որ իր երկարակեցութեամբ, եւ դիմացկունութեամբ ծառայած է որպէս հաշտեցման ու խաղաղութեան անժամանակ խորհրդանիշ»։ Այդ ծառէն ստացուած բուժիչ իւղը հոգեկան ու ֆիզիքական վէրքերու բալասան է, ինչպէս նաեւ լոյս է, որ կը լուսաւորէ սրտերը հաւատքի, ողորմածութեան եւ սիրոյ միջոցաւ:
Այս պատկերը օգտագործելով, Լեւոն ԺԴ․ նշեց, որ «ինչպէս ձիթենիի արմատները, որոնք կը խորանան ու կը տարածուին հողին մէջ», այնպէս ալ աշխարհով մէկ ցրուած Լիբանանցիները «իրենց հայրենի հողին միաւորուած են անսասան ուժով եւ անժամանակ ժառանգութեամբ»:
Հաւատքի վկայութիւնը կը լուսաւորէ դէպի արդարութիւն ու համերաշխութիւն ճանապարհը
«Ձեր ներկայութիւնը այստեղ եւ աշխարհին մէջ կը հարստացնէ աշխարհը» եւ «դուք կոչուած էք ըլլալու խաղաղութեան կառուցողներ՝ հաւատքի վկայութեամբ լուսաւորելով բոլորի ճամբան դէպի արդարութիւն ու համերաշխութիւն», յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը։
Ան ի վերջոյ, յատուկէն անդրադարձաւ Լիբանանի Տիրամօր, որուն տօնը 25 Մարտին է եւ որ, ըսաւ Ան, կը տօնախմբուի «որպէս ազգային տօն», Հարիսայի Սրբավայրին մէջ՝ Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած արձանի շուրջ, որ իր գրկաբաց թեւերուն մէջ կ’առնէ ողջ Լիբանանի ժողովուրդը։
«Թող Յիսուսին Մօր եւ Խաղաղութեան Թագուհիի սիրալիր եւ մայրական ողջագուրումն առաջնորդէ»՝ բոլորին բերելով յոյս եւ միասնութիւն, եղաւ, ուստի, Սրբազան հօր ներկաներուն ուղղած մաղթանքը, որով Ան եզրափակեց իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
