Եկէ՛ք բոլորս խաղաղութիւնը ընտրենք որպէս ուղի եւ ոչ միայն որպէս նպատակակէտ․Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը Թուրքիա եւ Լիբանան՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակին առթիւ, հասաւ իր աւարտին։ 2 Դեկտեմերին, Լիբանանէն հրաժեշտ առնելէն առաջ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, Պապն արտասանեց իր վերջին ճառը. «Իրականացուցի Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը», ըսաւ Ան։ Ապա մտահոգութիւն արտայայտեց Լիբանանի հարաւի հակամարտութեան եւ անորոշ իրավիճակի համար եւ կոչ ըրաւ դադրեցնելու յարձակումներն ու ռազմական գործողութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Beirut Waterfront» տարածքին վրայ պատարագէն ետք, երեքշաբթի՝ 2 Դեկտեմբերին, տեղական ժամով ժամը 13։00 ին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան։ Դիմաւորուելով Հանրապետութեան Նախագահ` Ժոզէֆ Աունիի կողմէ եւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք,  Ան արտասանեց իր վերջին ճառը։

«Մեկնիլը աւելի դժուար է, քան ժամանելը։ Լիբանանին մէջ միասին ըլլալը վարակիչ է. այստեղ գտայ ժողովուրդ մը, որ մեկուսացում չի սիրեր», եղան Անոր առաջին բառերը։ 

«Եթէ գալը կը նշանակէր քնքշութեամբ մուտք գործել ձեր մշակոյթին մէջ, ապա ձգել այս հողը կը նշանակէ ձեզ մեր սրտերուն մէջ պահել», շարունակեց Ան եւ յոյս յայտնեց, որ «այս եղբայրութեան եւ խաղաղութեան նկատմամբ յանձնառութեան ոգիի մէջ ներգրաւուի ողջ Մերձաւոր Արեւելքը, նոյնիսկ անոնք, որոնք մէկը միւսը թշնամիներ կը նկատեն»։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ ուրախութիւն արտայայտեց, որ իրականացուց Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը․ «Ան մեր հետն էր, մեր հետը կը քալէր ՝ Աւետարանի այլ վկաներու հետ միասին», յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Հանդիպեցայ բազմաթիւ դէմքերու եւ սեղմեցի բազմաթիւ ձեռքեր՝ յոյսի ուժ ստանալով այս ֆիզիքական եւ ներքին շփումէն 

Ապա՝ մէկիկ մէկիկ թուարկեց իր տպաւորութիւնները ու ապրումները այս այցէն․ «Տեսայ ձեր մեծ ակնածանքը Տիրամօր նկատմամբ, որ թանկ է՝ ըլլայ քրիստոնեաներու, ըլլայ մահմետականներու համար։ Աղօթեցի Սուրբ Շարպելի դամբանին առջեւ՝ զգալով այս Երկրի խորը հոգեւոր արմատները։ Յուզուեցայ Պէյրութի նաւահանգիստ կատարած այցէն, աղօթեցի բոլոր զոհերուն համար՝ իմ հետս կը տանիմ  բազմաթիւ ընտանիքներու եւ ամբողջ Երկիրի մը ճշմարտութեան եւ արդարութեան ցաւն ու ծարաւը: Հանդիպեցայ բազմաթիւ դէմքերու եւ սեղմեցի բազմաթիւ ձեռքեր՝ յոյսի ուժ ստանալով այս ֆիզիքական ու ներքին շփումէն: Դուք ուժեղ էք, ինչպէս ձեր գեղեցիկ լեռներու մայրիները, եւ լի էք պտղատու ծառերով, ինչպէս ձեր հարաւի մէջ եւ ծովի մօտ աճող ձիթենիները»։ 

 Երկրի հարաւը հակամարտութեան եւ անորոշութեան իրավիճակ կ’ապրի․ դադրեցնել յարձակումներն ու ռազմական գործողութիւնները

Լեւոն ԺԴ․ յատուկ ողջոյն յղեց Լիբանանի այն շրջաններուն, որոնք այցելելու հնարաւորութիւն չ՚ունեցաւ՝  «Թրիփոլին եւ հիւսիսը, Պեքաան եւ Երկրի հարաւը, որ առանձնայատուկ կերպով, հակամարտութեան եւ անորոշութեան իրավիճակ կ’ապրի»: Ապա՝ կոչ ըրաւ «դադրեցնելու յարձակումներն ու ռազմական գործողութիւնները»։

«Զինուած պայքարը որեւէ օգուտ չի բերեր։ Զէնքը կը սպաննէ։ Բանակցութիւնները, միջնորդութիւնը եւ երկխօսութիւնը կը կառուցեն։ Եկէք բոլորս խաղաղութիւնը որպէս ուղի ընտրենք,  եւ ոչ միայն որպէս նպատակակէտ», յորդորեց հուսկ Սրբազան Պապը։

Սորվիլ միասին աշխատիլ

«Լիբանանը, Երկիր ըլլալէ աւելի՝ պատգամ է»։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի այս խօսքերը մէջբերելով՝  Լեւոն ԺԴ․ խրախուսեց «սորվիլ միասին աշխատիլ եւ միասին յուսալ, որպէսզի այդպէս ըլլայ»։

Ի վերջոյ, Ան իր պատգամն աւարտեց Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով բոլոր լիբանանցիներուն, ներկաներուն, Միջին Արեւելքի եւ ողջ մարդկութեան վրայ։

Վերջին շնորհակալութիւնն ու ցտեսութիւնը արաբերէն  արտասանելով՝ Սրբազան Պապը բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ, ուր կը ժամանէ գրեթէ երեք ժամ յիսունհինգ վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք՝ սաւառնելով Կիպրոսի եւ Յունաստանի օդային տարածքներուն վրայէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2025, 12:15