Իւրաքանչիւր Ծննդեան տեսարանի դիմաց կը փնտռենք աղօթքի պահեր՝ վերագտնելու մեզ եւ հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 15 Դեկտեմբեր 2025ին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ․ դահլիճի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ Մսուրի ու տօնածառի, ինչպէս նաեւ Պօղոս Զ․ դահլիճի մէջ տեղադրուած Մսուրի նուիրատուներուն։
Յիսուսի խոնարհութեան եւ սիրոյ խորհուրդը
«Աշխարհի տարբեր ծայրերէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանող ուխտաւորներուն համար Ծննդեան տեսարանը կը յիշեցնէ, որ Աստուած Ինքզինք կը մօտեցնէ մարդկութեան, կը դառնայ մեզմէ մէկը՝ մտնելով մեր պատմութեան մէջ երեխայի փոքրութեամբ»։ Այս խօսքերը արտասանելով, Սրբազան Պապը նախ ողջունեց Նոչերա Ինֆերիորէ-Սարնօ թեմի պատուիրակութեան անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներգրաւուած անձերուն ու ընկերութիւններուն՝ Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ տեղադրուած Մսուրին համար։
«Գեղարուեստականաշխատանք» նկատել տուաւ Ան, «զոր կը յիշեցնէ ձեր տարածաշրջանի բնորոշ տարրերը» եւ Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա տէ Լիկուորիի, Աստուծոյ ծառաներ Հայր Էնրիքօ Սմալտոնէի եւ Ալֆոնսօ Ռուսոյի բնակութեան վայրերը։
«Իւրաքանչիւր Ծննդեան տեսարանին դիմաց կը խորհինք Յիսուսի խոնարհութեան եւ սիրոյ խորհուրդի մասին՝ «փնտռելով աղօթքի պահեր՝ վերագտնելու մեզ եւ հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ», յարեց Քահանայապետը։
Իր մշտադալար ճիւղերով եղեւնին կ’արթնցնէ յոյսը նոյնիսկ ձմռան ցուրտին
Ան այնուհետեւ ողջունեց Պոլցանօ-Պրեսանոնէ թեմի Լակունտօ եւ Ուլթիմօ քաղաքապետարաններու պատուիրակութիւնները եւ տարբեր եկեղեցական ու քաղաքացիական խումբերը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի եղեւնիին համար (27 մեթր բարձրութեան), ինչպէս նաեւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան եւ Սուրբ Աթոռի պալատները զարդարող չափերով աւելի փոքր եղեւնիներուն համար։
«Իր մշտադալար ճիւղերով այդ ծառը, ըստ Քահանայապետին, կեանքի նշան է եւ կ’արթնցնէ յոյսը նոյնիսկ ձմռան ցուրտին մէջ։ Մինչ լոյսերը, որոնք կը զարդարեն ծառը, կը խորհրդանշեն Քրիստոս՝ աշխարհի լոյսը, որ կու գայ ցրելու մեղքի խաւարը եւ լուսաւորելու մեր ճամբան», ըսաւ Լեւոն ԺԴ․։
Պաշտպանել կեանքը՝ բեղմնաւորումէն սկսեալ
Ան, ի վերջոյ, ողջունեց Քոսթա Ռիքայէն ժամանած պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Առաջին Տիկնոջ, Սուրբ Աթոռի մօտ այդ Երկիրի դեսպանին եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քոսթառիքացի արուեստագէտին, որուն հեղինակած «Nacimiento Gaudium» անուամբ Սուրբ Ծննդեան տեսարանը Պօղոս Զ․ դահլիճէն ներս, նպատակ ունի ոչ միայն ընդգծելու խաղաղութեան պատգամը, այլեւ կոչ ընելու աշխարհին պաշտպանելու կեանքը՝ բեղմնաւորումէն սկսեալ։
«Տեսարանը զարդարող քսանութ հազար գունաւոր ժապաւէններէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ արհեստական վիժումէն փրկուած կեանք», դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը որ պատգամի աւարտին, յորդորեց աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին պատերազմի եւ բռնութեան պատճառաւ. «մասնաւորապէս, ըսաւ Ան, այսօր կ’ուզեմ Տիրոջ վստահիլ Սիտնէյ քաղաքին մէջ հրէական համայնքի դէմ երեկ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման զոհերը։ Պէտք է վերջ գտնեն հակասեմական բռնութեան այս ձեւերը»։
«Թոյլ տանք, որ Մանուկ Յիսուսի քնքշութիւնը լուսաւորէ մեր կեանքը։ Թոյլ տանք, որ Աստուծոյ սէրը, ինչպէս մշտադալար ծառի ճիւղերը, ջերմեռանդ մնայ մեր մէջը», եղան ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին եզրափակիչ բարեմաղթական խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
