2025.12.01 Viaggio Apostolico in Libano - Incontro con i Patriarchi

Լեւոն ԺԴ Պապը կէսօրուայ ճաշը կիսեց Լիբանանի պատրիարքներուն հետ

Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Արեւելքի Պատրիարքներու Խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին անոնք ի միջի ալոց խօսեցան Սուրբ Զատիկը բոլոր քրիստոնեաներու կողմէ միասին տօնելու թուականի մասին։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Երկուշաբթի մէկ դեկտեմբերին Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Հարսիայի Սրբավայրի տաճարէն ներս հանդիպելէ ետք Երկրի Պատրիարքներուն, Եպիսկոպոսներուն, ու կղերական դասի եւ հովուական գործիչներուն հետ, Սրբազան Պապը փոխադրուեցաւ Պապական Նուիրակութիւն` ուր նախ հանդիպում ունեցաւ Արեւելքի Պատրիարքներու Խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին անոնք ի միջի ալոց խօսեցան Սուրբ Զատիկը բոլոր քրիստոնեաներու կողմէ միասին տօնելու թուականի մասին». Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա., Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Էֆրեմ Բ. եւ Անտիոքի Յոյն օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Եոհաննա Ժ Եազիժին։

Նշենք` որ Պատրիարքներու վերոնշեալ Խորհուրդին մաս կը կազմեն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը` գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի, Քաղդէացիներու Պատրիարքութիւնը, Ղպտի, Մարոնիթ, Յոյն Մելքիդ եւ Ասորի Պատրիարքութիւնները։ Անոր կը մասնակցի նաեւ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 14:51