7 եւ 8 Յունուար 2026-ին կը կայանայ Կարդինալական արտակարգ Ժողով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այնպէս ինչպէս յայտարարուած էր անցեալ նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը գումարեց իր Քահանայապետութեան արտակարգ առաջին Քոնչիսթորոն, (Կարդինալական Ժողովը), որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 7 եւ 8 Յունուար 2026-ին»։ Այս տողերով կը սկսի այսօր Շաբաթ` 20 դեկտեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը որուն մէջ նշուած է նաեւ թէ վերոնշեալ հաւաքը տեղի ղիտի ունենայ երկու օրուայ մէջ եւ «պիտի յատկանշուի հաղորդութեան եւ եղբայրութեան պահերով, ինչպէս նաեւ խոկումի, բաժնեկցութեան եւ աղօթքի վերապրուած ժամանակներով»։
Այս պահերը ուղղորդուած են խթանելու միասնական զատորոշում մը եւ թիկունք եւ խորհուրդ ապահովելու Սրբազան Պապին անոր վեհանձն ու ծանր պատասխանատուութեան իր ծառայութեան համար Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարումին մէջ։
Քոնչիսթորոն մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ կեանքին և առաքելութեան ոլորտին և նպատակ ունի ամրապնդել Հռոմի եպիսկոպոսի և կարդինալներու միջև հաղորդակցութիւնը, որոնք կոչուած են յատուկ կերպով համագործակցելու տիեզերական Եկեղեցւոյ բարօրութեան հոգատարութեան գործին։
Նշենք որ «Քոնչիսթորօ» բառը (լատիներէն՝ consistorium = նիստ, ժողով, խորհուրդ) միապետի խորհրդատուական դասի պաշտօնական նիստ է։ Սկզբնապէս ան օգտագործուած է Հռոմէական կայսրութեան ուշ շրջանին մէջ, որտեղ կայսրն ունէր «sacrum consistorium» («սրբազան Քոնչիսթորոն»), յետագային ան դարձած է քրիստոնէական կրօնական եզր մը` վերաբերուելով բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդներուն, և ճիշտ այս իմաստով է որ կը շարունակուի օգտագործուիլ այսօր տիեզերական Եկեղեցւոյ ներքոյ։
Քոնչիսթորոները կը գումարուին ըլլայ «սովորական» ըլլայ «արտակարգ» կերպով։ Առաջինը բաղկացած է միայն Հռոմի մէջ բնակող կարդինալներէն, մինչդեռ երկրորդը կը պահանջէ բոլոր կարդինալներու մասնակցութիւնը։ Քոնչիսթորոն նաև այն առիթն է, որուն ժամանակ հանդիսաւոր կերպով կը նշանակուին նոր կարդինալներ ու նաեւ կը կատարուին Սուրբերու դատի սրբադասման վաւերացումները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
