Ես կը կարծէի, որ թոշակի պիտի ելլեմ, բայց յանձնուեցայ Աստուծոյ. Լեւոն ԺԴ.

Լիբանանէն Հռոմ վերադառնալու թռիչքի ժամանակ Լևոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ և խօսեցաւ Սուրբ Աթոռի դերի մասին խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ, «կուլիսներէն դուրս» աշխատելու գործի մասին կողմերուն զէնքերը վայր դնելու համար։ Ուքրանիայի վերաբերեալ ան ընդգծեց Եւրոպայի գերգրգռուածութիւնը և Իտալիայի հնարաւոր դերի կարևորութիւնը։ Պատասխանեց ապա ինչպէս արձագանքեց Քոնքլավի ընթացքին իր ընտրութեան և իր հոգևորականութեան մասին հարցումին. կեանքը նուիրել Աստուծոյ և թոյլ տալ որ ան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Լիբանանէն Իտալիա վերադարձի թռիչքի ժամանակ հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ ամենէ առաջ Ան ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել լրագրողներու աշխատանքին համար, ապա անդրադարձաւ խաղաղութեան, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին ու Եկեղեցւոյ կեանքի մասին։

Ան հաստատեց թէ ինք կապի մէջ միջազգային ղեկավարներուն հետ, օրինակ Թրամփի եւ Նեթանիաույի հետ, ապա վերահաստատեց թէ Վատիկանը կը գործէ «Կուլիսներէն դուրս» խթանելու համար երկխօսութիւնը ու զինաթափումը։ Ինչ կը հայի Հզպալլայի Ան հաստատեց թէ անոնցմէ ստացած ու կարդացած է պատգամ մը որուն պարունակութեան մասին կը նախընտրէ չի խօսիլ։

«Առաջին բանը, այո՛, կը մտածեմ թէ կայուն խաղաղութիւն մը հնարաւոր է։ Կը մտածեմ թէ երբ կը խօսինք յոյսի մասին, երբ կը խօսինք խաղաղութեան մասին, երբ կը նայինք ապագային, այսպէս կը մտածենք, որովհետեւ հնարաւոր է որ խաղաղութիւնը եւս մէկ անգամ հասնի շրջանին ու հասնի Լիբանան։ Ի դէպ, արդէն զրոյցներ ունեցած եմ Ձեր յիշած երկիրներուն ղեկավարներուն  ոմանց հետ, եւ կը մտադրեմ շարունակել այդ, անձամբ կամ Սուրբ Աթոռին միջոցաւ, որովհետեւ իրականութիւնը այն է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունինք շրջանի երկիրներուն մեծամասնութեան հետ, եւ անշուշտ մեր յոյսը կ'ըլլայ շարունակել բարձրացնել խաղաղութեան այս կոչը, որուն մասին խօսեցայ այսօրուան Սուրբ Պատարագին աւարտին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Պատասխանելով անձնական հարցերու մասին՝ ան պատմեց իր հոգևորականութեան մասին, որ հիմնուած է Աստուծոյ կամքին յանձնուելու վրայ, և բացայայտեց, որ մի քանի տարի առաջ կը մտածէր թոշակի անցնելու մասին, բայց Քոնքլավի ժամանակ «յանձնուեցաւ» տեղի ունեցածին։

«Ձեզմէ մէկը, որ գերմանացի լրագրող մըն է,որ այստեղ է, ինծի օր մը հարցուց. ըսէ՛ ինծի գիրք մը, բացի Սուրբ Օգոստինոսէն, որ կը կարդանք՝ Պրեւոսթը ո՞վ է հասկնալու համար։ Շատ գիրքեր կան, բայց անոնցմէ մէկը գիրք մըն է, որ կը կոչուի «Աստուծոյ Ներկայութեան Գործնական Կեանքը»։ Այն իսկապէս պարզ գիրք մըն է, մէկուն կողմէ գրուած, որ նոյնիսկ իր ազգանունովը չի ստորագրեր, Եղբայր Լաւրենս, գրուած է շատ տարիներ առաջ։ Բայց կը նկարագրէ աղօթքի եւ հոգեւորութեան տեսակ մը, ուր անհատը պարզապէս իր կեանքը կը նուիրէ Տիրոջ եւ կ'արտօնէ Տիրոջ, որ զինք առաջնորդէ։ Եթէ կ'ուզէք բան մը գիտնալ իմ մասիս, երկար տարիներու ընթացքին իմ հոգեւորականութեանս մասին, բնակելով Փերույի մէջ, ահաբեկչութեան տարիներուն, կոչուած ըլլալով ծառայութեան այնպիսի տեղեր, ուր երբեք չէի մտածեր, որ ծառայութեան պիտի կանչուէի։ Ես կը վստահիմ Աստուծոյ վրայ, եւ այս պատգամը բան մըն է, որ կը բաժնեմ բոլոր մարդոց հետ»։

Քահանայապետը խօսեցաւ ապա  Հարիսայի ամբոխը տեսնելու յոյզերու մասին և կրկնեց, որ մարդիկ ուրախ են ոչ թէ զինք տեսնելու այս Քրիստոսին տենսելու համար։

ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուածութիւններու մասին Քահանայապետը նշեց թէ ինչ գիտակից է որ հակամարտութիւնը բարդ է եւ կայ արհեստագիտութեան մագլցում, ընդգծելով թէ Եւրոպան չի կրնար դուրս մնալ խաղաղութեան մասին բանակցութիւններէն, ապա կարեւոր նկատեց Իտալիոյ բանալի դերը ու հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ Ուքրանիոյ մէջ արդար խաղաղութեան մը համար դիւանագիտական ընթացքը։

«Այս թեման ակնյայտօրէն կարեւոր է աշխարհի խաղաղութեան համար, սակայն Սուրբ Աթոռը ուղղակի մասնակցութիւն չունի, որովհետեւ մենք Աթլանթեան Դաշնակցութեան (ՆԱԹՕ-ի) եւ մինչեւ հիմա բոլոր բանակցութիւններուն անդամ չենք։ Թէեւ մենք շատ անգամ խնդրած ենք զինադադար, երկխօսութիւն, ոչ թէ պատերազմ։ Եւ պատերազմ մը, որ հիմա ունի բազմաթիւ կողմեր, նաեւ զէնքերու աճով, այս բոլոր արտադրութիւններով, ցանցահարձակումներով։ Հիմա, որ ձմեռը կու գայ, լուրջ խնդիր մը կայ հոն։

Ակնյայտ է, որ մէկ կողմէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը մտածէ, թէ կրնայ առաջ մղել խաղաղութեան ծրագիր մը, որ կ'ուզէ իրականացնել, եւ որ, գոնէ սկզբնական շրջանին, առանց Եւրոպայի է։ Սակայն Եւրոպայի ներկայութիւնը կարեւոր է, եւ այս առաջին առաջարկը փոփոխուեցաւ նաեւ այն պատճառով, թէ Եւրոպան ի՛նչ կ'ըսէր։

Մասնաւորապէս կը մտածեմ, որ Իտալիոյ դերը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ։ Մշակութային եւ պատմականօրէն, Իտալիոյ կարողութիւնը՝ միջնորդ ըլլալու մարտահրաւէրի մը մէջ, որ կայ տարբեր կողմերու միջեւ։ Նաեւ Ուքրանիա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ...

Այս իմաստով, ես կրնամ յիշեցնել, որ Սուրբ Աթոռը կրնայ քաջալերել այս տեսակ միջնորդութիւնը եւ որոնուի ու որոնենք միասին լուծում մը, որ իսկապէս կրնայ խաղաղութիւն, արդար խաղաղութիւն մը առաջարկել, այս պարագային՝ Ուքրանիոյ մէջ»։

Ապագայի ճամբորդութիւններու մասին արտայայտուելով Ան նշեց թէ տակաւին ոչ մէկ ծրագիր կայ բայց ինք կը փափաքի Ափրիկէն այցելել, յատկապէս Ալճերիան, ուր ապրած է նաեւ Սուրբ Օգոստինոսը, ապա Լատին Ամերիկա, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Փերու...բայց տակաւին ոչ մէկ բան ծրագրուած է։

Վենեզուելլայի տագնապի մասին Ան հրաւիրեց խուսափիլ զինեալ միջամտութենէն ու որոնել լուծումներ երկխօսութեան միջոցաւ։

Անոնց` որոնք կը վախնան որ  իսլամութիւն կը սպառնայ Եւրոպայի քրիստոնէական ինքնութեան, Ան պատասխանեց , որ նման վախերը յաճախ կը բխին ներգաղթի նկատմամբ դիմադրութիւնէն, և վերահաստատեց կրօններու միջև համակեցութեան և բարեկամութեան կարևորութիւնը, որուն օրինակ է Լիբանանը. «Կը մտածեմ թէ մեծ դասերէն մէկը, որ Լիբանանը կրնայ սորվեցնել աշխարհին, ճիշդ անիկա է՝ ցոյց տալ հող մը, ուր իսլամը եւ քրիստոնէութիւնը երկուքն ալ ներկայ են եւ յարգուած, եւ հնարաւորութիւն կայ միասին ապրելու եւ բարեկամ ըլլալու։ Պատմութիւնները, վկայութիւնները, որոնք լսեցինք այս վերջին երկու օրերուն, այն մարդոց մասին են, որոնք կ'օգնեն իրարու։ Քրիստոնեաները եւ մահմետականները, երկուքն ալ իրենց գիւղերը կործանած են, օրինակ, եւ կ'ըսէին մեզի, որ կրնանք միասին ըլլալ եւ միասին աշխատիլ։ Ես կը մտածեմ թէ այս կարեւոր դաս մըն է, որ պէտք է լսել Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ...»

Ինչ կը հայի Գերմանիոյ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան Սրբազան Պապը կարեւորեց ներքին աւելի խոր երկխօսութիւնը. Որպէսզի ոչ մէկ ձայն մնայ բացառուած, եւ ուղեւորութիւնը մնայ ներդաշնակ տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ։

Ի վերջոյ ան խօսեցաւ իր ընտրած կարգախօսի մասին «In Illo Uno Unum», ընդգծելով թէ Միջին Արեւելքին նուէրը տիեզերական Եկեղեցւոյ, վկայութիւնն է միութեան զօրութեան, մարդկային յարաբերութիւններուն ու բուժուելու կարողութեան` մօտիկութեան միջոցաւ, որոնք հիմնական արժէքներ են կառուցելու համար կամուրջներ ու խթանելու խաղաղութիւն եւ արդարութիւն համաշխարհային գետնի վրայ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2025, 18:30