2025.12.18 La pratica della presenza di Dio

Լևոն ԺԴ. Լորէնցօ վանականը մեզի կը սորվեցնէ կեանքի ուրախութիւնը Աստուծոյ ներկայութեամբ

Քահանայապետը կը նշէ, որ այս գիրքը ազդեցութիւն ունեցած է իր հոգևոր կեանքի վրայ և կարող է նաև ներշնչումի և օգնութեան աղբիւր ըլլալ երրորդ հազարամեակի մարդոց և կանանց համար:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Այս փոքրիկ գիրքը կը կենտրոնանայ Աստծոյ ներկայութեան փորձառութեան, կամ, աւելի ճիշտ, գործողութեան վրայ, ինչպէս զայն զգացած և սորվեցուցած է Քարմելիթեան միաբան Լորենցօ տելլա Ռիզուրեցիոնէն, որ ապրած է տասնութերորդ դարուն: Ինչպէս արդեն ըսած էին, Սուրբ Օգոստինոսի և այլ գրքերու հետ միասին, այս մէկը այն այն գրութիւններէն մէկն է, որ ամենաշատ ազդած է իմ հոգևոր կեանքի վրայ և ձևաւորած է զիս Տիրոջ ճանչնալու և սիրելու ճանապարհին վրայ»: Այս տողերով կը սկսի Վատիկանի հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ ի լոյս ընծայուեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին նախաբանը, զոր Ան գրած է Քարմելիթեան միաբանութեան անդամ վանական եղբայր Լորենցոյի «Աստուծոյ ներկայութեան գործողութիւնը» գիրքին նոր հրատարակութեան առիթով։

Նախաբանին մէջ Քահանայապետը ընդգծած է առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան կարեւորութիւնը որպէս Տիրոջ անընդհատ յիշողութիւն իւրաքանչիւր գործողութեան և մտածումին մէջ։

Սոյն հոգևոր ուղին եւ պարզ է, և՛ մարտահրաւէրներով լի. պարզ, քանի որ հասանելի է բոլորին աղօթքի և զոհաբերութեան փոքր ներքին գործողութիւններու միջոցաւ. դժուար, քանի որ կը պահանջէ խոր ներքին դարձ, մինչև սեփական զգացմունքներն ու մտքերը Քրիստոսի զգացմունքներուն համապատասխանեցնելու աստիճան:

Քահանայապետը կը նշէ, որ այս գիրքը ազդեցութիւն ունեցած է իր հոգևոր կեանքի վրայ և կարող է նաև ներշնչումի և օգնութեան աղբիւր ըլլալ երրորդ հազարամեակի մարդոց և կանանց համար:

Եղբայր Լորենցոյի նկարագրած Աստուծոյ ներկայութիւնը անձնական եւ առօրեայ է եւ հասանելի է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար։ Այնտեղ նոյնիսկ ամենասովորական գործունութիւնը կը դառնայ Աստուծոյ հետ հանդիպման վայր և ուրախութեան աղբիւր։

Եղբայր Լորենցոյի գրութիւնները ցոյց կու տան, որ ոչ մէկ բան կարող է մեզ բաժնել Աստուծմէ ու թէ կեանքի իւրաքանչիւր կողմ, նոյնիսկ սխալները, ձեռք կը բերեն արժէք, երբ կ՛ապրինք Անոր ներկայութեամբ:

Աստուծոյ կենդանի յիշողութիւնը կը գերազանցէ բարոյականութիւնը և քրիստոնէական բարոյականութիւնը կ՛ամփոփէ որպէս սիրոյ և վստահութեան յարաբերութիւն՝ այս կեանքին մէջ իսկ առաջարկելով Երկնային ուրախութեան կանխումը:

Աստուծոյ ներկայութիւնը կիրառելը կարող է օգնել մեզի անսահման արժէք հաղորդելու կեանքի իւրաքանչիւր գործողութեան և հանգամանքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2025, 08:00