Լեւոն ԺԴ. Պապին ուխտագնացութիւնը Սուրբ Շարպելի սրբավայր. «Չկայ խաղաղութիւն առանց սրտի դարձին»

«Քոյրեր և եղբայրներ, այսօր մենք Սուրբ Շարպելի բարեխօսութեան կ՛ուզենք յանձնել, Եկեղեցւոյ, Լիբանանի և աշխարհի կարիքները: Եկեղեցւոյ համար մենք կը խնդրենք հաղորդութիւն և միասնութիւն՝ սկսեալ ընտանիքներէն, փոքր տնային եկեղեցիներէն, ապա ծխական և թեմական համայնքներէն մինչև ընդհանրական եկեղեցի: Հաղորդութիւն և միութիւն» շեշտեց Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Իսկ աշխարհի համար մենք կը խնդրենք խաղաղութիւն: Զայն կ՛ աղերսենք յատկապէս Լիբանանի և ամբողջ Արեւելքի համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ երէկ` 30 նոյեմբերի կէսօրէն ետքը ժամանեց Պէյրութ ու հանդիպեցաւ Երկրի պատկան իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը` երկուշաբթի մէկ դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, այս օրերուն իր բնակավայրը հանդիսացող Լիբանանի մօտ Առաքելական Նուիրակութեան պալատէն փոխադրուեցաւ Աննայա` Սուրբ Մարունի անուան վանքը, որ կը գտնուի ծովէն 1.200 մեթր բարձրութեան վրայ, ուր ապրած է ու իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի ամենահռչակաւոր սուրբը` Սուրբ Շարպել Մախլուֆը։

Քահանայապետին աղօթքը

Սրբավայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Վանքի մեծաւորին ու Մարոնիթ միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորի կողմէ, որոնք ապա զինք առաջնորդեցին Վանքի ներքին գաւիթ ու նախ քան Սուրբ Շարպելի դամբանը պահպանող մատուռ մուտք գործելը Քահանայապետին դիմաւորեցին նաեւ Լիբանանի Նախագահ Տիար Ժոզէֆ Աունը ու անոր կողակիցը։

Սրբազան Պապը հուսկ կանգ առաւ եւ աղօթեց Սուրբի դամբանին մօտ, ապա տեղի ունեցաւ հակիրճ արարողութիւն մը` որուն յաջորդեց Լիբանանի Մարոնիթներու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր` Աբբահայր Մահֆուզ Հատիին բարի գալուստի խօսքը, որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը, երախտագիտութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար, ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` «որ ինծի առիթ ընծայեց, որպէս ուխտաւոր այցելելու Սուրբ Շարպելի դամբանը» ըսաւ Ան, նշելով` որ իր նախորդները ու յատկապէս Սուրբ Պօղոս Զ., որ զայն երանացուց եւ սրբացուց, շատ պիտի փափաքէին կատարել այս մէկը։

Սուրբ Շարպելի օրինակը

Քահանայապետը առ այդ խօսեցաւ Սուրբ Շարպելի թողած ժառանգութեան մասին ակնարկելով անոր հեզութեան ու լռելեան ապրումին, ընդգծելով նաեւ աղօթքի, լռութեան եւ խոնարհութեան կարեւորութիւնը եւ ճգնաւոր սուրբը ներկայացնելով, որպէս Եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու Տիպար։

«Անոր հետեւողականութիւնը, որքան արմատական, այնքան ալ համեստ, պատգամ է բոլոր քրիստոնեաներու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ Սուրբ Շարպելի բարեխօսութեան, ու անոր միջոցաւ ընդունուած շնորհքներուն, ըլլայ կենդանի եղած ժամանակ ըլլայ անոր մահուընէ ետքը։

Լապտերի նուէրը

«Քոյրեր և եղբայրներ, այսօր մենք Սուրբ Շարպելի բարեխօսութեան կ՛ուզենք յանձնել, Եկեղեցւոյ, Լիբանանի և աշխարհի կարիքները: Եկեղեցւոյ համար մենք կը խնդրենք հաղորդութիւն և միութիւն՝ սկսեալ ընտանիքներէն, փոքր տնային եկեղեցիներէն, ապա ծխական և թեմական համայնքներէն մինչև ընդհանրական եկեղեցի: Հաղորդութիւն և միութիւն» շեշտեց Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Իսկ աշխարհի համար մենք կը խնդրենք խաղաղութիւն: Զայն կ՛ աղերսենք յատկապէս Լիբանանի և ամբողջ Արեւելքի համար: Բայց շատ լաւ գիտենք, և սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն այդ մէկը, որ առանց սրտերու դարձին չկայ խաղաղութիւն։ Հետևաբար, թող Սուրբ Շարպելը օգնէ մեզի դիմելու Աստուծոյ և խնդրելու դարձի պարգևը` մեզի բոլորիս համար» յարեց ապա Ան եւ խօսքի աւարտին նշեց` թէ ինք, որպէս նուէր իր հետ բերած է լապտեր մը` որպէս խորհրդանիշ այն լոյսին, զոր Աստուած վարեց Սուրբ Շարպելի միջոցաւ։

«Այս լապտերը նուիրելով Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը կը վստահիմ Սուրբ Շարպելի պաշտպանութեան, որպէսզի անոնք միշտ քալեն Քրիստոսի լոյսի մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով բոլորը քալելու Տիրոջ լոյսին մէջ։

Իր արտասանած այս խօսքէն ետքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Շարպելին նուիրուած աղօթքը մը ու Լեւոն ԺԴ. Պապին եզրափակիչ օրհնութիւնը որմէ ետքը Քահանայապետը այցելեց Վանքին թանգարանը, ուր պահպանուած են պատմական մասունքներ եւ շրջապտոյտի աւարտին վերադարձաւ Հարիսայ, ուր Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ հանդիպեցաւ Լիբանանի կղերական դասի անդամներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 09:36