Քահանայապետին պատասխանը Անթոնիօ անունով հոգեբանին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ` Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյի կողմէ ղեկավարուած «Սուրբ Պետրոս հրապարակ» պարբերաթերթի դեկտեմբեր ամսոյն թիւը` Սուրբ Ծննդեան առիթով նուիրուած է ունկնդրութեան, խնամքի եւ խաղաղութեան արժէքներուն։ Անոր կողքին վրայ յատուկ յղում կատարուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին երախաներուն ուղղուած մտքին, կապուած Երեխաներու Բ. համաշխարհային օրուայ յայտարարութիւն հետ, որ պիտի կայանայ Հռոմի մէջ 2026-ի 25-էն 27 սեպտեմբերին։
Պարբերաթերթին մէջ ինչպէս միշտ հրատարակուած է նամակ մը ուղղուած Քահանայապետին եւ այս անգամ Անթոնիօ անունով հոգեբանին մէկ նամակը, որուն մէջ Ան քահանայապետին կը պատմէ այսօրուայ երիտասարդներուն վախերն ու դիւրաբեկութիւնները, որոնք յաճախ կը փնտռեն ճանաչում եւ յատկանշուած են առանձնութեան ուժեղ զգացումով։
Նամակին ի պատասխան Լեւոն ԺԴ.ը կ՛առաջարկէ Ծնունդը ապրելու երեք ուղիներ. Իսկական քրիստոնէական վկայութիւն մը, սթափութեան ընտրութիւնը, «խուսափիլ «տոփինկային» գնումներէն» եւ մօտիկութեան գործնական արարք մը, զոր օրինակ ծննդեան ընթրիքին հրաւիրել աղքատ ընտանիք մը կամ առանձնութեան մէջ ապրող անձ մը։
Սրբազան Պապին համար աղքատութիւնը, ըլլայ ան նիւթական կամ գոյաբանական, կը մնայ «անյետաձգելի հարց, որ կարելի չէ յետաձգել», ինչպէս նշուած է «Dilexi te» առաքելական յորդորագիրին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յղում կը կատարէ վերջերս Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած Սուրբ Ժոն Հէնրի Նիումանին, որպէս երկխօսութեան և կրթութեան վարպետ առաջնորդ մը` որ կարող է լուսաւորել երիտասարդները պայքարելու համար «նիհիլիզմի – մերժողականութեան- խաւարին» դէմ և կառուցելու իսկական «խաղաղութեան քաղաքակրթութիւն»։
Քահանայապետը նամակը կ՛աւարտէ իր աղօթքները վստահեցնելով Անթոնիոյին խրախուսելով զայն չի յուսահատիլ երիտասարդներու հետ իր առաքելութեան մէջ և իր լաւագոյնն մաղթանքները կը յղէ «Piazza San Pietro» ամսագիրի բոլոր ընթերցողներուն, Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան առիթով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
